Ազրպէյճան «Նեղացած Է» Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարի Խօսքերէն
20 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ազրպէյճան Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի` Ալիեւի վերաբերեալ յայտարարութիւնը կը նկատէ «դիւանագէտին ոչ յարիր»: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Ֆրանսայի եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական վիճաբանութիւնը կը շարունակուի: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս արձագանգած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի այն խօսքին, թէ Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու Վալերի Փեքրեսի վերաբերեալ Ազրպէյճանի նախագահին օգտագործած բառերը «անընդունելի են»:
Ազրպէյճան պատասխան յայտարարութեան մէջ յայտարարած է, որ Լը Տրիանի կողմէ այլ պետութեան ղեկավարի յայտարարութեան մեկնաբանութիւնը «անպատասխանատու եւ անընդունելի ձեւով կը հակասէ դիւանագիտական աւանդութիւններուն»:
Յիշեցնենք, որ ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը իր երկրին Ազգային ժողովին մէջ ըսած էր. «Նախագահ Ալիեւի խօսքերը կը վերաբերին ընտրուած պաշտօնատարի եւ Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածուի, անոնք անընդունելի են ըստ էութեան եւ ըստ ձեւի: Ես այդ մասին յայտնած եմ Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանին:
Դիւանագիտական վէճը սկսած էր, երբ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու առաջադրուած Վալերի Փեքրես 21 դեկտեմբեր 2021-ին այցելած էր Արցախ:
www.aztagdaily.com/archives/535256