Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. Լիբանանահայ Մտաւորականներու Խորհրդակցական Հանդիպում` «Սփիւռքի Տարուան» Առիթով

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. Լիբանանահայ Մտաւորականներու Խորհրդակցական Հանդիպում` «Սփիւռքի Տարուան» Առիթով

15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 –

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրաւէրով, երէկ` ուրբաթ, 14 յունուարին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-խորհրդակցութիւն լիբանանահայ մտաւորականներու հետ` 2022 տարին «Սփիւռքի տարի» հռչակելուն առիթով:

Արամ Ա. կաթողիկոս օրհնութեամբ եւ սիրով ողջունեց ներկաները եւ գնահատեց հրաւէրին ընդառաջումը` հակառակ երկրին մէջ շարունակուող տեսակաւոր տագնապներուն:

«Այս օրերուն բոլորիս համար լիբանանեան կեանքը դարձած է ահաւոր` իր բոլոր երեսներով, սակայն մենք բոլորս մեր կեանքը միասնաբար պէտք է շարունակենք` ընտանեկան, հաւաքական եւ կազմակերպչական իմաստով», յայտնեց ան:

Ան նշեց, որ բոլորին համար արդէն ծանօթ է, որ այս տարի «Սփիւռքի տարի» հռչակուած է, ինչպէս նախորդ երկու տասնամեակներու աւանդութիւնը դարձած է:

«Նոյն աւանդութիւնը շարունակեցինք, բայց այս անգամ` «Սփիւռքի տարի» հռչակումի նիւթը տարբեր բնոյթ, ծաւալ ու տագնապ կ՛առթէ: Սփիւռքի մասին խօսիլը այսօր սովորական երեւոյթ մը չէ, այլ բնական, որովհետեւ սփիւռքը տագնապի մէջ է: Առաջին հարցադրումը, որ կ՛ուզեմ կատարել. Ինչո՞ւ «Սփիւռքի տարի»: Նման հռչակում մը կատարելու լուրջ պատճառներ ունէի, որովհետեւ սփիւռքը սկսած է ծաւալիլ ու տարածուիլ: Հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը սփիւռքի մէջ է: Սփիւռքը սկսած է մաշիլ ու գունաթափիլ: Սփիւռքը սկսած է անտարբեր ըլլալ ինքն իր նկատմամբ, յուսախաբ ըլլալ Հայաստանի նկատմամբ, յատկապէս` վերջին քանի մը տարիներուն, Արցախի պատերազմէն ետք: Երիտասարդութիւնը սկսած է հեռանալ մեր կեանքէն, մեր հաւաքական կեանքէն, մեր կառոյցներէն: Օտարին ներկայութիւնը հայ կեանքին մէջ սկսած է դառնալ զգալի: Մեր շուրջը տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն հետ չենք կրցած քայլ պահել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կարելի է մտահոգութիւններու այս շարքը շարունակել:

«Այս բոլորը կը ստիպեն մեզի լրջօրէն մտածել սփիւռքին` մեր հաւաքական տան մասին: Անցնող տարուան ընթացքին այս ուղղութեամբ յօդուածներ գրուեցան, սեմինարներ կազմակերպուեցան, մատնանշումներ կատարուեցան, թէ սփիւռքը ո՞ւր կ՛երթայ: Հետեւաբար «Սփիւռքի տարի» հռչակումը ձեւով մը իմ կողմէս ընդառաջում էր կատարուած այս մօտեցումներուն ու հարցադրումներուն: Այս պատճառով ալ հռչակումէն անմիջապէս ետք անդրադարձ արձանագրուեցաւ եւ ողջոյնի արժանացաւ առնուած այս կարեւոր քայլը», հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ «Սփիւռքի տարի» հռչակումը դարձած է հրամայական, որովհետեւ ճիշդ ժամանակին առնուած ճիշդ քայլ է:

«Պէտք չէ սակայն բաւարարուիլ հռչակագիրը հրապարակելով, այլ սփիւռքի հարցը պէտք է կիզակէտը դառնայ մեր մտածումներուն, մտահոգութիւններուն, տագնապներուն, խօսքերուն եւ մեր կազմակերպչական կեանքին: Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ սփիւռքը հրամայական կարիքը ունի վերակազմակերպուելու: Հռչակագիրին մէջ այս բառը տարբեր առիթներով գործածուած է եւ յստակացուած: Վերակազմակերպում, այսինքն` վերանորոգում, վերակենսաւորում, վերաշխուժացում, այլ խօսքով` անհրաժեշտութեան պարագային փոփոխութիւն», հաստատեց ան:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ ինք համաձայն չէ այն կարծիքին, որ հինը պէտք է քանդուի` նորը շինելու համար: «Հինը կարեւոր է եւ պէտք է զայն պահել, բայց նաեւ` հինը վերանորոգել: Հետեւաբար մեր գաղութներուն մէջ անհրաժեշտ է, որ այս հասկացողութեամբ մենք վերանորոգման ու վերակազմակերպման գործընթաց մը սկսինք», ըսաւ ան:

Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ «Սփիւռքի տարի» հռչակելու քայլը նախ եւ առաջ զարթնումի կոչ մըն է: «Տիրական է թմրութեան ընդհանուր մթնոլորտ մը, որ պէտք է անհանգստացնէ մեզ. եթէ չենք անհանգստանար, կը նշանակէ տիրող իրավիճակէն գոհ ենք եւ պէտք է զայն պահենք: Այս մօտեցումը ճիշդ չէ, որովհետեւ աշխարհը, պայմանները, փոփոխութիւնները, ակնկալութիւնները, մարտահրաւէրները մեզմէ առաջ կ՛երթան, եւ մենք ետ կը մնանք: Սփիւռքը կարելի չէ իր ներկայ վիճակին մէջ պահել, սփիւռքը հրամայական, անյետաձգելի կարիքը ունինք վերակազմակերպուելու եւ վերակենսաւորուելու», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

Այս բոլորը ի՞նչ ձեւերով կատարելու կարելիութեան մասին խօսելով` Արամ Ա. կաթողիկոսը վերադարձաւ իր հռչակագիրին` ընդգծելով, որ իբրեւ գործիքակազմ ինք առաջարկած է սկսիլ եկեղեցիէն` թեմական կեանքէն, որ կառոյցներու ամբողջականութիւն մըն է: «Մեր գաղութներուն մէջ կը գործեն նաեւ մեր կառոյցները` կրթական, կուսակցական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլն: Հետեւաբար իւրաքանչիւրը իր կարգին պէտք է սկսի վերակազմաւորման գործընթացին, ապա տուեալ գաղութին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն միջեւ գործունէութեան ներդաշնակութիւն մը պէտք է ստեղծուի: Բնականաբար կառոյցները ունին իրենց ինքնուրոյնութիւնն ու կազմակերպչական դրուածքն ու նպատակը, բայց վերջին հաշուով, պահելով հանդերձ իրենց ինքնուրոյնութիւնը, պէտք է տեղ մը անոնց գործունէութիւնը ներդաշնակուի, որովհետեւ բոլորը նոյն գաղութին զաւակներն են», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:

Ան աւելցուց, որ հռչակագիրը կը բովանդակէ նաեւ շարք մը մտահոգութիւններ, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ շօշափելի են հաւաքական կեանքին մէջ:

«Այդ հիմնական մտահոգութիւններէն է այն, որ ներկայ սփիւռքը փաստօրէն խառնարան է: Հակասական իրականութիւններու, երեւոյթներու եւ վիճակներու հանդիսարան մըն է ներկայ սփիւռքը: Մենք վարժուած էինք աւանդական սփիւռքին, որ գոյացաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք: Ապա անոր միացան համայնավար երկիրներէն եկած ընտանիքները` յատկապէս եւրոպական, Հիւսիսային Ամերիկայի մեր համայնքներուն եկան միանալու: Վերջին երեսուն տարուան ընթացքին սփիւռքը աւելի տարածուեցաւ ու ծաւալեցաւ Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիներով: Սփիւռքի ներկայ պատկերին եթէ նայինք, կը տեսնենք, թէ այս երեք տեսակի սփիւռքները փաստօրէն նոյն գաղութին մէջ չեն կրցած հաւաքական կեանքին մասնակից դառնալ: Ներդաշնակութեան պակաս մը կայ յատկապէս հայաստանեան սփիւռքին եւ միւս երկու սփիւռքներուն միջեւ: Կը զգանք, որ մեր գաղութներուն մաս կազմող հայաստանեան սփիւռքին հետ որոշ գոյակցութիւն մը կայ, սակայն հաստատ ներդաշնակութեան պակաս գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:

Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ այս սփիւռքները պատմական տարբեր հոլովոյթներ, փորձառութիւններ, աւանդութիւններ, մօտեցումներ ու առաջնահերթութիւններ ունեցած են, եւ այդ տարբերութիւնները լայն չափերով կը շարունակուին, ինչպէս Քալիֆորնիոյ, Ֆրանսայի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ:

«Այլ մտահոգութիւն մըն է նաեւ այն, թէ ի՞նչ կը նշանակէ այսօր սփիւռքի մէջ հայ ըլլալ: Ո՞վ է հայը: Տասնամեակ մը առաջ, Պիքֆայայի մէջ այս թեմայով կազմակերպեցինք համագումար մը, որուն ընթացքին այս հարցը քննեցինք: Սակայն այսօր դժուար է յստակ չափանիշներ հաստատել հայուն ո՛վ ըլլալուն մասին: Միայն հայերէն խօսո՞ղն է հայը: Նայինք Միացեալ Նահանգներուն եւ Ֆրանսային: Հայաստանի մէջ հայ ըլլալը դիւրին է, անտեղի է այս հարցադրումը, սակայն Ցեղասպանութենէն ետք մեզի համար տագնապ էր, իսկ հիմա յաւելեալ տագնապ է հայ ըլլալու, ինքնութիւն պահելու հարցը: Ի՞նչ է հայապահպանումը: Մենք ամէնօրեայ պայքարի վերածեցինք, որ հայ մնանք: Այսօր մենք հայապահպանումը ինչպէ՞ս պիտի շարունակենք: Մեր կառոյցները հսկայ աշխատանք կատարեցին այս ուղղութեամբ: Մեր շուրջ պատեր հիւսեցինք` ուրիշներէ տարբեր ըլլալու եւ մեր ինքնութիւնը պահելու համար, բայց ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ պատեր գոյութիւն չունին: Օտարը մեր մէջն է, նոյնիսկ մեր ընտանիքին մէջ: Անցեալով ներկան չդատենք: Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ: Ի՞նչ են հայ ըլլալու չափանիշները սփիւռքի մէջ: Եկէք մտածենք այս բոլորին մասին: Ինչպէ՞ս կարելի է հայապահպանումը շարունակել: Հինցած ու մաշած ձեւերով չենք կրնար հայապահպանում կատարել: Ամէն ինչ Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներով չբաղդատենք: Նայինք Միացեալ Նահանգներու մեր դպրոցներուն: Ի՞նչ մօտեցումով, ի՞նչ ազդու միջոցներով կարելի է հայապահպանում կատարել», հարց տուաւ վեհափառ հայրապետը:

Ան հաստատեց, որ արեւմտահայերէնի նահանջի մէջ ըլլալը փաստացի իրողութիւն է: «Այդ իմաստով յանձնաժողով մը կազմեցինք, սակայն պայմաններու բերումով այդ աշխատանքները դանդաղեցան: Բայց եւ այնպէս արեւմտահայերէնը ամէն օր եւ ամէն վայրկեան կը նահանջէ: Մեր լեզուն արագասոյր նահանջի մէջ է», շեշտեց ան:

Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց համասփիւռքեան տարողութեամբ գործակցութեան մնայուն գործիքակազմեր յառաջացնելու եւ համասփիւռքեան մտածողութիւն ձեւաւորելու կարեւորութիւնը, «որովհետեւ այսօրուան սփիւռքը երէկուան սփիւռքը չէ: Սփիւռքը իր կարգին ինչպէ՞ս կրնայ նպաստել համահայկական մտածողութեան մշակումին: Հայաստանը երբ սփիւռքին յարէ իր ուղղութիւնը, որո՞ւ հետ պիտի խօսի: 30 տարուան ընթացքին Հայաստանի մօտեցումը սփիւռքին հանդէպ ունեցած է իր վերիվայրումները, եւ բոլորդ քաջածանօթ էք, թէ սփիւռքէն անոր ակնկալութիւնները ի՛նչ էին: Յաճախ կրկնած եմ, որ սփիւռքը նպաստաբաշխ, բարեսիրական կազմակերպութիւն մը չէ: Սփիւռքը իր մօտեցումը, մտածելակերպը, կեցուածքն ու մասնակցութիւնը պէտք է ունենայ համահայկական հարցերուն նկատմամբ: Այս մասին բազմիցս յայտնած ենք, սակայն փաստօրէն չէ կատարուած», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնը հարց կու տայ, թէ որո՞ւ հետ պիտի խօսի. Անթիլիաս, կաթողիկէ եկեղեցի, աւետարանական եկեղեցի, երեք կուսակցութիւններ եւ այլն: «Սակայն այս բոլոր կառոյցները իրարու քով գալով հաւաքական, համասփիւռքեան մտածողութիւն մը եւ մօտեցում մը չեն կրցած ձեւաւորել կամ զարգացնել: Վերջապէս ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքի ներուժը օգտագործել: Գիտէք, մենք հսկայ ներուժ ու մարդուժ ունինք սփիւռքի մէջ: Նախապէս պարագայական փորձեր կատարուած են, սակայն այսօր մենք չենք գիտեր, թէ ի՛նչ մարդուժ ունինք: Եւ որովհետեւ չենք գիտեր, ապա չենք կրցած ճիշդ կերպով օգտագործել մեր մարդուժը», ընդգծեց ան:

Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ այն իրականութեան, որ սփիւռքի վերակազմակերպման ընթացքին մէջ ինչպէ՞ս պէտք է տեսնել սփիւռք – Հայաստան յարաբերութիւնը:

«Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, 30 տարուան ընթացքին Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան մասին խօսեցանք: Հզօր Հայաստան կ՛ենթադրէ հզօր սփիւռք եւ փոխադարձաբար, սակայն այս բոլորը մնացին կարգախօսներու սահմաններուն մէջ: Նախ եւ առաջ Հայաստանը պէտք է համոզուի, որ սփիւռքը բաժնեկից է Հայաստանի հզօրացման, նոյնիսկ Հայաստանի կառավարման որոշ իմաստով, այլապէս այս բոլորը զգացական սահմաններու մէջ կը մնան: Նաեւ սփիւռքը պէտք է ունենայ այն խոր համոզումը, թէ ինքը ինքնակեդրոն, ինքնանպատակ գոյութիւն մը չէ, այլ` մաս կը կազմէ ամբողջական հայութեան եւ նաեւ պարտաւորութիւն ունի, պատասխանատուութիւն եւ իրաւունք ունի Հայաստանի նկատմամբ: «Սփիւռքի տարուան» հռչակումին առիթով մենք պէտք է անդրադառնանք նաեւ այն իրականութեան, որ հզօր սփիւռք կ՛ենթադրէ հզօր Հայաստան եւ փոխադարձաբար: Սփիւռքը ինքնագոյ երեւոյթ մը չէ, սփիւռքը Ցեղասպանութեան հետեւանք է, իսկ հայաստանեան սփիւռքը այլ երեւոյթ է, որովհետեւ կազմուած է այն հայերէն, որոնք ինքնակամ լքած են Հայաստանը եւ կազմած սփիւռք: Հետեւաբար մեզի համար սփիւռքը չի կրնար ինքնանպատակ դառնալ: Անոր կատարած բոլոր աշխատանքները, ծրագրումները հորիզոնի վրայ պէտք է ունենան Հայաստանը:

Հայաստանանպատակ պէտք է ըլլայ սփիւռքը եւ ոչ հայաստանակեդրոն: Հայաստանը մեզ պիտի չկառավարէ, Հայաստանի ներքին հարցերը պիտի չճշդեն սփիւռքի մեր գաղութներուն կեանքի պայմաններն ու ուղղութիւնը: Հայաստանակեդրոն եւ սփիւռքակեդրոն ուղղութիւնները մերժելի են, սակայն բոլորս հաւաքաբար հայակեդրոն պէտք է ըլլանք ու համախմբուինք Հայաստանի ու հայութեան շուրջ:

Այս նպատակով մնայուն կոչ ուղղած ենք համազգային խորհուրդ մը կազմելու, որպէսզի հարցերը քննարկուին: Անշուշտ չենք խօսիր Հայաստանի ներքին հարցերը քննարկելու մասին, ո՞վ վարչապետ պիտի ըլլայ, ո՞վ նախարար պիտի ըլլայ: Այդ չէ հարցը: Սակայն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնը, Արցախի հարցը, վերջին պատերազմին վերաբերող հարցերը համահայկական հարցեր են եւ համահայկական մտածողութիւն, կեցուածք եւ մասնակցութիւն կ՛ենթադրեն: Արցախի պատերազմի բռնկումին ընթացքին Հայաստանի վարչապետին նամակ մը յղեցի, որ այս հարցը համահայկական բնոյթ ունի` խորհրդակցութեան հրաւիրեցէ՛ք եւ համահայկական տարողութեամբ ներկայացուցիչներ հրաւիրեցէ՛ք, որպէսզի քննենք հարցերը եւ որոշում տանք: Սակայն, այդ մէկը չեղաւ: Իսկ այժմ ես միշտ պիտի կրկնեմ, որ համահայկական հարցերու գծով սփիւռքը հետեւողի, դիտողի, կրաւորական վիճակի մէջ պէտք չէ ըլլայ, այլ` մասնակցողի, տեսակէտ ունեցողի դերի մէջ», հաստատեց վեհափառ հայրապետը:

Անդրադառնալով հայրենադարձութեան` Արամ Ա. կաթողիկոսը շեշտեց, որ անիկա վախճանական, հեռաւոր նպատակ է եւ պէտք է պահուի օրակարգի վրայ: «Սակայն Հայաստանը նախորդ երեսուն տարիներուն ընթացքին չկրցաւ հայրենադարձութեան լուրջ եւ հետեւողական ծրագիր մը մշակել, իսկ ներկայիս կարելի ալ չէ: Կ՛ուզեմ հաստատել, որ «Սփիւռքի տարի» հռչակումը պէտք չէ ձգէ այն տպաւորութիւնը, որ մենք սփիւռքը կը փորձենք անջատել, կղզիացնել, մեկուսացնել, հեռացնել Հայաստանէն: Ո՛չ: Սփիւռքը մենք պիտի վերակազմակերպենք եւ հզօրացնենք Հայաստանին համար, մեր ժողովուրդի ընդհանրական եւ գերագոյն ձգտումներուն եւ շահերուն համար: Հետեւաբար այս հոլովոյթին մէջ սփիւռքը իր վերակազմակերպչական գործընթացին մէջ Հայաստանէն պէտք չէ խզուի: Այս պատճառով ալ այս հռչակագիրէն յատուկ նամակով յղած եմ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին, Գարեգին Բ. վեհափառին, հոգեւոր տիրոջ, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքներուն եւ վերապատուելիին: Սա կը նշանակէ, թէ այս հռչակագիրին բովանդակութիւնը հաւաքական աշխատանք կ՛ենթադրէ: Իմ ակնկալութիւնս է, որ անոնք իրենց տեսակէտները յայտնեն այս մասին եւ ձեւով մը մասնակից ըլլան այս հաւաքական աշխատանքին, որովհետեւ սփիւռքի կազմակերպումը, հզօրացումն ու կենսաւորումը պիտի նպաստէ Հայաստանին, Արցախին եւ մեր ազգի գերագոյն շահերուն», եզրափակեց վեհափառ հայրապետը` աւելցնելով, որ այս հաւաքը խորհրդակցութեան առաջին քայլն է, եւ խօսքը յանձնեց ներկաներուն:

Ան մաղթեց, որ միտքերու փոխանակում ըլլայ ներկայ մտաւորականներուն միջեւ, եւ աւելի ուշ անոնք տարբեր բնագաւառներուն համաձայն աւելի խորքային քննարկումներ ծաւալեն: Վեհափառ հայրապետը հաստատեց, որ իրեն համար ցանկալի է նաեւ, որ երիտասարդներն ու կիները եւս ներգրաւուին այս քննարկումներուն մէջ` աւելցնելով, որ ըստ իր պատկերացումին, ի պահանջել հարկին կարելի է նաեւ առանձին հանդիպումներ կազմակերպել:

«Լիբանանէն սկսինք. ամէն բանի մէջ Լիբանանը դրական օրինակ եղած է: Սփիւռքը, միւս գաղութները, Հայաստանը թող գիտնան, որ Լիբանանի մէջ հայութիւնը նոյնիսկ իր դիմագրաւած տագնապին մէջ, նման քայլեր առնող եւ մտածողութիւն ունեցող համայնքն է», շեշտեց ան:

Վեհափառ հայրապետին պատգամէն ետք ներկաները` խօսք առնելով, արտայայտեցին իրենց մտահոգութիւնները, կատարեցին ընդհանուր քննարկումներ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին առաջարկներ:

Բոլոր մտաւորականներն ալ դրական արտայայտուեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2022 տարին «Սփիւռքի տարի» հռչակման առիթով, ինչպէս նաեւ ողջունեցին եւ շինիչ հիմք նկատեցին այդ հանդիպումը, որուն շարունակականութիւնը, աւելի մասնագիտական խմբակներով աշխատանքը կարեւոր նկատուեցաւ:

Լուսարձակի տակ առնուեցաւ այն, որ, որեւէ աշխատանքի ձեռնարկելու պարագային կամ ծրագիրի մշակման ընթացքին պէտք է նկատի ունենալ հայութեան երկու հիմնական ճիւղաւորումները` հայկական իրականութեան մէջ ներառուածներն ու անկէ հեռու գտնուողները, որոնց վերաբերող գործունէութիւնը տարբեր բնոյթ, նպատակաուղղուածութիւն եւ ձեւաչափ կ՛ենթադրէ:

Հնչեցին տարբեր առաջարկներ այն մասին, որ սփիւռքի բազմաթիւ ու բազմաճիւղ հարցերը առարկայականօրէն քննարկելու, սերտելու եւ լուծումներու մասին գործնականօրէն մտածելու ու համապատասխան ծրագիր ներկայացնելու նպատակով բնագաւառ առ բնագաւառ պէտք է կազմուին համահայկական, համազգային մարմիններ, որոնք բաղկացած պիտի ըլլան մասնագէտներէ եւ գործեն ճշդուած ոլորտներու մէջ` տարբեր ձեւերով:

Առանցքային նկատուեցաւ սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան տեսութիւնը ճշդելն ու վերլուծելը, վիճակագրական փաստացի տուեալներով պարզելը, թէ սփիւռքի մէջ հայ անհատներու կողմէ ինքնութեան ընկալումը ի՛նչ ձեւ ունի, գործնականօրէն սահմանել, թէ ո՛վ է սփիւռքահայը:

Խօսուեցաւ կատարուած հետազօտութեան մը մասին, որ ցոյց տուած է, թէ լիբանանահայ իրականութեան մէջ կան ինքնութեան տարբեր դրսեւորումներ` չքննուած ինքնութիւն, ինքնաբերաբար ձեռք բերուած, գիտակցական ինքնութիւն եւ նուաճուած ինքնութիւն, որ ամէնէն արդիւնաւէտն ու կարեւորն է: Ասոնց զուգահեռ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ քնացած ինքնութեան, որուն տէրերը բաւական պատկառելի թիւ մը կը կազմեն, եւ որոնց ներգրաւման ուղղութեամբ պէտք է լուրջ աշխատանք տանիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ զանազան ձեւերով, ոչ աւանդական, անոնց մէջ հայու ինքնութիւնը վերակենդանացնել:

Շեշտը դրուեցաւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութեան վրայ: Ներկայ մտաւորականները դիտել տուին, որ իրավիճակ փոխուած է արդէն` թէ՛ սփիւռքի գաղութներուն պարագային, եւ թէ՛ Հայաստան-սփիւռք կապերուն առումով: Այսօր ո՛չ միայն հայ քաղաքական խաւը, այլ ժողովուրդն ալ գիտէ, թէ կացութիւնը բաւական այլ պատկեր կը ներկայացնէ, եւ սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը դանդաղած է Հայաստանի մէջ` առարկայական պատճառներով: Բայց եւ այնպէս անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ ասիկա Հայաստան-սփիւռք կապի խզման կամ տկարացման պէտք չէ առաջնորդէ, այլ սփիւռքը պէտք է գտնէ ճիշդ ուղիները` հայրենիքի հետ գործակցութիւնը շարունակելու:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայկական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ծաւալած օգտաշատ աշխատանքին, որուն շնորհիւ երկար ատեն հայութիւնը պահած է իր ինքնութիւնը, արժէքները, բայց եւ այնպէս հասած է պահը վերատեսութեան ենթարկելու ցարդ ծաւալած գործելաոճը, նոր օրերու, արհեստագիտական նորութիւններու եւ ընկերային ցանցերու աշխարհին համահունչ աշխատանքի ձեւաչափ եւ մասնագիտական մօտեցում որդեգրուի: Հայկական միութիւններու եւ կառոյցներու կամաւոր աշխատանքը ողջունելի նկատելով հանդերձ, առաջարկուեցաւ մեր կառոյցներուն գնահատականը կատարել, տեսնել, թէ անոնք որքա՛ն արհեստավարժ մօտեցումով կը գործեն, սերտել հոն աշխատող մեր  մասնագիտացած մարդուժը` կրթական, մշակութային, տնտեսական, բարեսիրական եւ այլ ոլորտներուն մէջ, եւ այլեւս ձեռնարկել արհեստավարժօրէն գործունէութիւն տանելու ճամբով ընթանալ:

Ասոր զուգահեռ նաեւ, «Սփիւռքի տարի»-ի յատկացուած հանդիպումին մասնակիցները խօսեցան այն մեծ զանգուածին մասին, որ մեր հայկական վարժարաններէն, կուսակցական, մշակութային, կազմակերպական, մարզական եւ այլ կառոյցներէն շատ հեռու է, որուն մէջ մեծ է թիւը երիտասարդներուն, որոնք զանազան պատճառներով, արհեստագիտութեան, ընկերային ցանցերու ազդեցութեան տակ հեռու են եւ հեռու կ՛ուզեն մնալ մեր իրականութենէն: Ասիկա բնական ընթացք կու տայ օտարացման երթի մը: Այս առումով առաջարկուեցաւ, որ մեր եկեղեցիները հանդիսանան այն կռուանները, որոնք անունով հայ մնացած հայերը հայկական կեանքին վերադարձնելու մեծ աշխատանք պիտի տանին:  Հիմնական նկատուեցաւ նաեւ կարելի եղածին չափ արագ, սերտուած եւ գործնական աշխատանք տանիլ` հայութենէ հեռացածները մօտեցնելու առաջադրանքով:

Լուսարձակի տակ առնուեցաւ սփիւռքի համալսարաններէն աւարտած մասնագէտներ հայկական իրականութեան մէջ ներգրաւելու, անոնցմով հետաքրքրուելու, զանոնք մեզի մօտեցնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի փոխադարձաբար համագործակցութիւնը արդիւնաւէտ ըլլայ: Առաջարկուեցաւ մեզմէ հեռու գործող մասնագէտները մեր իրականութեան որոշումներուն մասնակից դարձնել, անոնց վստահութիւնը շահիլ եւ օգտուիլ անոնց կարողականութենէն:  Անհրաժեշտ սեպուեցաւ համալսարաններուն մէջ կարելի եղածին չափ շատ հայկական ամպիոններ հաստատելը, ինքնութիւնը այդ ձեւով եւս պահպանելը եւ օտարներուն ծանօթացնելը: Առաջարկուեցաւ հիմնել Սփիւռքագիտութեան ակադեմիա, որ պիտի ըլլայ ապահամայնքային եւ ապակուսակցական, ունենայ ղեկավարող մարմին եւ ենթայանձնախումբեր:

Եզրափակիչ խօսքով Արամ Ա. կաթողիկոս իր գնահատանքն ու գոհունակութիւնը յայտնեց, որ մասնակիցները իր հրաւէրին ընդառաջեցին, եւ կարելի եղաւ այս խորհրդակցական հաւաքը կայացնել` հաւաքական տագնապի մը շուրջ: «Սփիւռքը ամէն իմաստով տագնապի մէջ է, որքան տարիներու թիւը բարձրանայ, այնքան սփիւռքի տագնապը կրնայ խորանալ: Այսօրուան սփիւռքը երէկուանը չէ, աշխարհը շատ արագ կ՛ընթանայ, այնքան նորութիւններ կան, այնքան գիւտեր կան, որ անոնց դիմաց մենք փոքր ազգ ենք. ի՞նչ պէտք է ընենք, ի՞նչ կրնանք ընել, մենք պէտք է սկսինք ախտաճանաչումէն, ինչպէս խօսուեցաւ, քաջութիւնը եւ իմաստութիւնը պէտք է ունենանք ախտաճանաչումը ճիշդ կերպով կատարելու` իբրեւ անձ, իբրեւ գաղութ, իբրեւ հաւաքականութիւն, իբրեւ Հայաստան, պետութիւն, իշխանութիւն եւ այլն: Ախտաճանաչումը կարեւոր է, թերութիւնները պէտք է յստակ կերպով տեսնենք եւ ընդունինք», յայտնեց վեհափառ հայրապետը` կարեւոր նկատելով, որ այս տարի ըլլայ ախտաճանաչումի տարի: Վեհափառը դիտել տուաւ, որ պէտք է ընդունինք, թէ սփիւռքի վերակազմակերպումը դիւրին ու հեզասահ ընթացք մը չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ սփիւռքը ինքնին բարդ իրականութիւն մըն է, իւրաքանչիւր գաղութ իր ներքին դրուածքով արդէն բաւական բարդ դրուածք կը պարզէ, ուստի ասիկա երկարաշունչ ընթացք մը կ՛ենթադրէ, անհրաժեշտ է հաւաքական աշխատանքը, որուն մասնակցելու համար պէտք է քաջալերել  նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող բոլոր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները: Ան շեշտեց, որ այս աշխատանքը պէտք է ըլլայ համապարփակ մօտեցումով, իրատեսական ոգիով, այլապէս կը դառնայ մակերեսային, ժամանակաւոր եւ ժամանակավրէպ:

Արամ Ա. կաթողիկոս լուսարձակի տակ առաւ այն, որ այսօր համաշխարհայնացումի ժամանակաշրջան է, մարտահրաւէրները բազում են եւ այլազան, ուստի մեր կեանքին մէջ տիրական դարձած կարծրատիպերը պէտք է փոխուին, առանց հինը մոռնալու, պէտք է զայն վերանորոգենք, ներկային մէջ անցեալը, հինը չապրինք, այլ տարբեր մօտեցում, տարբեր մտածելակերպ, գործելակերպ ունենանք: «Այս ոգին մեր կեանքին մէջ տեղ պէտք է գրաւէ այլեւս, այլապէս երիտասարդները կամաց-կամաց պիտի հեռանան: Հայութիւնը հաւաքական կեանք է` հաւաքականութեան մասնակից դարձնելու համար, մեր կառոյցները պէտք է ամէն ինչով դառնան աւելի գրաւիչ, ոչ ժամանակավրէպ», դիտել տուաւ Արամ Ա. կաթողիկոսը: Ան անհրաժեշտ նկատեց այսօրուան աշխարհին, երիտասարդներուն համապատասխան գործելաոճ որդեգրել, այլապէս պիտի գոյանայ վիհ մը կառոյցներուն եւ երիտասարդութեան միջեւ, որուն պէտք է բացուիլ, պէտք է վերարժեւորել, վերանորոգել եւ վերաթարմացնել մեր բոլոր կառոյցները, որպէսզի անոնք համահունչ դառնան մերօրեայ պայմաններուն եւ իրականութեան:

Արամ Ա. կաթողիկոս դիտել տուաւ, որ գործնական աշխատանքով այս հոլովոյթին մթնոլորտը պիտի ստեղծուի, ուղին պիտի հարթուի:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail