«Էֆ․Պի․Այ․»ը Կը Խուզարկէ Ատրպէյճանի Հետ Սերտ Կապեր Ունեցող Քոնկրեսականին Տունը

ԿԱՐՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ – ՍՊԻՏԱԿ ԱՐՋԸ – ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է – ԻՄ ԵՐԿԻՐԸ

«Էֆ․Պի․Այ․»ը Կը Խուզարկէ Ատրպէյճանի Հետ Սերտ Կապեր Ունեցող Քոնկրեսականին Տունը

21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ  ՀԵՌԱՑԱԾ Է ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Հետախուզութիւններու դաշնակցային գրասենեակը (FBI, «Էֆ․Պի․Այ․»ը) խուզարկեց դեմոկրատ քոնկրեսական Հենրի Քուէլարի Թեքսասի Լարետօ քաղաքին մէջ գտնուող բնակարանը՝ լայնածաւալ հետաքննութեան մը գործով, որուն հետքերը կը տանին դէպի Ատրպէյճան եւ կապ ունին նաեւ ամերիկացի կարգ մը գործարարներու հետ, կը հաղորդէ ամերիկեան ABC News կայանը, յղում կատարելով իր աղբիւրներուն:

Ըստ ABC News-ի` գործը կը հետաքննուի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի բարձրաստիճան դատախազի մը կողմէ, բայց յստակ չէ, թէ արդեօք Քուէլա՞րն է դաշնակցային հետաքննութեան հիմնական թիրախը:

Նշեալ խուզարկութենէն անմիջապէս ետք, քոնկրեսականին օգնականը յայտարարեց, որ քոնկրեսականը «ամբողջական համագործակցութիւն ցոյց կու տայ հետաքննութեան»:

Կայանը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Թեքսասի 28րդ ընտրատարածքը ներկայացնող Քուէլար 2005էն ի վեր Քոնկրեսի Ատրպէյճանի հարցերու յանձնախումբի համանախագահն է եւ բազմաթիւ անգամներ հանդիպած է ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու եւ Ամերիկայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Էլին Սուլէյմանովի հետ:

Յատկանշական է նաեւ, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը բացայայտեց, թէ  դեսպան Սուլէյմանով հետաքննութենէն «մէկ քայլ առաջ անցնելով»՝ արդէն իսկ հեռացած է մայրաքաղաքէն: Ըստ Հայ Դատի գրասենեակին` Ուաշինկթընի շրջանակներուն մէջ «բաց գաղտնիք» է Ատրպէյճանի զեղծարար եւ կաշառատու քաղաքականութիւնը:

asbarez.am/411837/էֆ․պի․այ․ը-կը-խուզարկէ-ատրպէյճան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail