Արմէն Ռուստամեան. «Այսօր Մեր Աչքին Առջեւ Կ՛իրականացուի Համաթուրանական Ծրագիրը»
21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
«Ակնյայտ է, որ Հայաստանը յայտնուած է աշխարհաքաղաքական վերադասաւորումներու յորձանուտի մը մէջ, եւ մեր մտահոգութիւնները աւելի առարկայական կը դառնան այն իմաստով, որ եթէ չունիս յստակ հայեցակարգ, չկան «կարմիր գիծեր» թէ՛ հայ-թրքական եւ թէ՛ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու մէջ, շատ վտանգաւոր է մտնել գործընթացի մը մէջ, ուր Հայաստանը մինակ է երկու կողմի` թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին հետ», «Նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան:
«Այսօր մեր աչքին առջեւ կ՛իրականացուի համաթուրանական ծրագիրը», շեշտած է Ռուստամեան:
horizonweekly.ca/en/արմէն-ռուստամեան-այսօր-մեր-աչքին-առջ/