«Սայքս-Փիքօ»-ն Ձախողեցաւ, Եւ Միջին Արեւելքը Կարիքը Ունի Քրտական Պետութեան Ճամբան Հարթող Նոր Համաձայնութեան Մը» Կ՛ըսէ Պարզանի

Massoud Barzani
Մասուտ Պարզանի
25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սայքս-Փիքօ»-ի համաձայնութիւնը ձախողեցաւ, եւ Միջին Արեւելքը այլեւս պէտք ունի քրտական պետութեան ստեղծման ճամբան հարթող նոր համաձայնութեան մը:

Ան այն համոզումը յայտնեց, որ` «աշխարհի ղեկավարները իրենց սրտին խորքը գիտակցեցան, որ «Սայքս-Փիքօ»-ի ժամանակաշրջանը վերջ գտաւ, այդ մէկը ըսի՞ն, թէ՞ ոչ, ընդունեցի՞ն, թէ՞ ոչ, իրողական գետնի վրայ այդ է իրականութիւնը»:

Ան նշեց, որ ներկայ կացութեան պահպանումը շրջանի յաւելեալ քայքայման ու քանդումին պիտի առաջնորդէ` աւելցնելով, որ հարիւր տարիէ ի վեր կատարուած սխալ փորձը, որ որեւէ տեղ չառաջնորդեց, կրկնելը կամ ատոր վրայ պնդելը անտրամաբանական է:

«Իրաքը այսօր մասնատուած է, եւ մենք ատոր պատասխանատուն չենք: Մենք մեր կարելին ըրինք զայն միացեալ պահելու, սակայն Իրաքի մէջ գոյութիւն ունեցող մշակոյթը համակեցութեան մշակոյթը չէ», յայտարարեց Պարզանի` աւելցնելով. «Եթէ չկրցանք միասին ապրիլ, պէտք է այլընտրանքներու հետ ապրիլ»:

Քիւրտ ղեկավարը նշեց, որ Քրտական ինքնավար մարզը իր դրացիներէն որեւէ մէկուն սպառնալիք մը չի ներկայացներ եւ հերքեց, թէ թուրքերուն հետ քննարկած է քրտական պետութեան ստեղծումը անոնց կողմէ ընդունելու կամ մերժելու հարցը, սակայն այն կարծիքը յայտնեց, որ անոնք «այդ հարցին պիտի չընդդիմանան»:

«Ատիկա մեր ազգային իրաւունքն է: Մենք ոչ ոքի սպառնալիք կը ներկայացնենք, սակայն մեր իրաւունքներուն կիրարկման համար ոեւէ մէկուն արտօնութեան կարիքը չունինք», յայտարարեց Պարզանի:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail