Թուրքիոյ «Anadolu» Գործակալութիւնը Անիի Մասին Յօդուածին Մէջ Ոչ Մէկ Նշում Կ՝ընէ Քաղաքի Հայկական Անցեալին Մասին

ԿԱՐՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ – ՍՊԻՏԱԿ ԱՐՋԸ – ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է – ԻՄ ԵՐԿԻՐԸ

Թուրքիոյ «Anadolu» Գործակալութիւնը Անիի Մասին Յօդուածին Մէջ Ոչ Մէկ Նշում Կ՝ընէ Քաղաքի Հայկական Անցեալին Մասին

01 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Թրքական պետական «Anadolu» լրատուական գործակալութիւնը յօդուած հրապարակած է Անիի վերաբերեալ։ Յօդուածին մէջ, սակայն, որեւէ բառ չի նշուիր քաղաքի հայկական անցեալին մասին։ Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ կը նշուի, որ Անիի աւերակները նաեւ ձմեռնային օրերուն գրաւիչ են օտարերկրացի եւ տեղացի զբօսաշրջիկներուն համար։ Անին այժմ այցելուները կ՝ընդունի ձիւնածածկ գեղեցկութեամբ։

«UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Անիի աւերակները Կարսի մէջ են։ Արփաչայի (Ախուրեան-խմբ․) երկու խոր կիրճերուն մէջտեղը գտնուող Անին, որ 884-1045 թթ․ կառավարուած է Բագրատունիներու, 1045-1064 թթ․՝ բիւզանդացիներու կողմէ, 1064թ․ Օգոստոս 16-ին նուաճուած է սուլթան Ալփարսլանի կողմէ եւ կցուած Սելճուկեան պետութեան տարածքներուն։

Անիի մէջ, որ կառուցուած է շուրջ 100հա հողատարածքի վրայ եւ ուր պատմութեան ընթացքին գոյութիւն ունեցած են բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններ, քրիստոնեաները եւ իսլամները նախապէս ապրած են կողք-կողքի»,- նշուած է յօդուածին մէջ։

Հարկ է նշել, որ թրքական պետական գործակալութիւնը Անիի մասին հրապարակումներուն մէջ կը խուսափի հայերուն մասին որեւէ յիշատակումէ արդէն տարիներ շարունակ։ Դեռ 2014 թուականին այդ մասին «Ակօս» թերթին մէջ գրած էր Սերդար Քորուճուն՝ ««Anadolu» գործակալութիւնը պատմութեան մէջէն ջնջած է հայերը» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ։ Այնտեղ ընդգծուած էր, որ 2008-ին Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը, Անիի մասին ծանուցող բովանդակութեամբ համացանցային կայք ստեղծելով, խուսափած էր «հայ» բառի գործածումէն:

Ստորեւ ներկայացուած են հայկական երբեմնի ծաղկուն ու շէն բերդաքաղաքի՝ օրերս իրականացուած լուսանկարները, որոնք յիշեալ յօդուածին մէջ հրապարակած է «Anadolu»-ն։

Յիշեցնենք, որ Անին եղած է Հայաստանի միջնադարեան մայրաքաղաքներէն մէկը: Քաղաքի տարածքը բնակելի եղած է անյիշելի ժամանակներէ: Անին ունեցած է զարգացման 3 շրջան՝ Կամսարականներու, Բագրատունիներու (X-XI դդ) եւ Զաքարեաններու (XII-XIV դդ)։ Յայտնի եղած է «Հազարումի եկեղեցիներու քաղաք» եւ «Արեւելքի մարգարիտ» անուանումներով:

Միջնադարեան Հայաստանի պատմութեան մէջ Անին բացառիկ դեր կատարած է ոչ միայն իբրեւ քաղաքական ու հոգեւոր կեդրոն` թագաւորանիստ եւ կաթողիկոսանիստ, այլեւ քաղաքային կեանքի, տնտեսութեան, արհեստներու եւ առեւտուրի, մշակոյթի եւ արուեստի զարգացման առաջնակարգ վայր: Պատահական չէ, որ այս քաղաքի պատմութեան եւ մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութիւնը հայագիտութեան մէջ առանձին անունով կը կոչուի «անիագիտութիւն»:

yerakouyn.com/2022/01/24/թուրքիոյ-anadolu-գործակալութիւնը-անիի-մա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail