Զինուած Խումբի Գործով Մեղադրուող Անձերէն Հինգը Այսօր Ազատուեցան Կալանքէ

zinvadz-khump 1
25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Զինուած խումբի գործով մեղադրուող անձերէն հինգը այսօր ազատուած են կալանքէ: Այս մասին կը հաղորդէ Azatutyun.am-ը։

Դատարանը, նախաքննական մարմինի միջնորդութեամբ՝ «Ռատիօ Մարիամ» ռատիոկայանի լրագրող Լիլիթ Թորոսեանի, Հայկ եւ Հրանդ Վարդանեաններու, 22-ամեայ Նելլի Մինասեանի եւ 30-ամեայ Սրբուհի Այվազեանի խափանման միջոց կալանքը փոխարինած է չհեռանալու մասին ստորագրութեամբ:

Անոնց փաստաբանները յայտնած են, որ առաջադրուած մեղադրանքները կը մնան նոյնը` յանցաւոր համագործակցութեան մասնակցիլը եւ ապօրինի զէնք պահելը, որ կատարուած է կազմակերպուած խումբին կողմէ:

Ենթադրեալ յանցախումբի անդամները, սակայն, կը շարունակեն չընդունիլ իրենց առաջադրուած մեղադրանքները:

Յիշեցնենք, որ Յունուար 20-ին դատարանը որոշած է երկու ամիսով երկարաձգել անցեալ տարուան Նոյեմբերին անազատութեան մէջ գտնուող 25-ամեայ Ասիա Մկրտչեանի ու 34-ամեայ Մարինէ Կաթանեանի կալանքի ժամկէտը: Նախաքննական մարմինը նշած էր, որ անոնց նկատմամբ հիմնաւոր կասկածի առկայութիւնը կը շարունակէ մնալ: Երկու ամիսով երկարացուած էր նաեւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէն իբրեւ զինուած խումբի ղեկավար ներկայացուող Արթուր Վարդանեանի կալանքի ժամկէտը:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail