Ֆրանսացի Երեսփոխան Մը Արծարծած Է Ֆրանսայի` ՕԹԱՆ-էն Դուրս Գալու Հարցը
26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ արծարծուած է երկրի` ՕԹԱՆ-էն դուրս գալու հարցը: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ նման առաջարկով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանին դիմած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Միշել Լարիվը:
Անոր համաձայն, ՕԹԱՆ-ը պէտք էր Պաղ պատերազմի աւարտէն ետք լուծարուէր: Փոխարէնը, դաշինքը շարունակած է վերջին երեսուն տարիներուն ընդլայնիլ:
«Ֆրանսան բնաւ շահագրգռուած չէ միանալու Չինաստանի եւ Ռուսիոյ դէմ ուղղուած ռազմատենչ պլոքին», նշած է Լարիվ:
www.aztagdaily.com/archives/535895