«ՕԹԱՆ-ի Ոչ Մէկ Անդամ Պատրաստ Է Զօրքեր Ուղարկելու Ուքրանիա» Կ՛ըսէ Ճոնսըն
26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն ըսած է, որ ներկայ պահուն չկայ ՕԹԱՆ-ի անդամ մը, որ պատրաստ է մեծ զօրակազմ ուղարկելու Ուքրանիա: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւն:
Ճոնսըն նշած է, որ ՕԹԱՆ-ի զօրքերը դժուար թէ կացութեան սրման պարագային ուղղուին Ուքրանիա, որովհետեւ այդ երկիրը դաշինքի անդամ չէ:
«Ես գիտեմ, որ յուզական առումով շատերը համամիտ են ատոր հետ: Ի հարկէ, բնազդաբար շատեր կոչ կ՛ուղղէին Ուքրանիոյ աշխուժ ֆիզիքական աջակցութիւն ցուցաբերել ՕԹԱՆ-ի զօրքերու տեսքով, սակայն պէտք է ըսեմ, թէ չեմ կարծեր, որ ատիկա մօտիկ ապագային տեղի պիտի ունենայ: Ուքրանիան ՕԹԱՆ-ի անդամ չէ», ըսած է Ճոնսըն` խորհրդարանին մէջ խօսք արտասանելով:
www.aztagdaily.com/archives/535893