Մաքրոն Փութինին Պիտի Առաջարկէ Ուքրանիոյ Խնդիրի Լուծման Իր Տարբերակը
26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն մտադիր է իր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Փութինին առաջարկել ուքրանական ճգնաժամի լարուածութեան մեղմացման իր տարբերակը: Այս մասին կը գրէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:
«Նախագահը լարուածութեան մեղմացման ուղիներ պիտի առաջարկէ իր ռուս գործընկերոջ հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ մօտ օրէն», ըսած է Ֆրանսայի նախագահի վարչակազմի աղբիւրը:
Ան նաեւ հաստատած է, որ այսօր Փարիզի մէջ նախատեսուած է նորմանտական ձեւաչափի (Ֆրանսա, Գերմանիա, Ռուսիա եւ Ուքրանիա) քաղաքական խորհրդականներու հանդիպումը:
aztagdaily.com/archives/535894