Բանակը Այն Կառոյցն Է, Որ Առաջինը եւ Ամենաարագը Կրնայ Շտկել Վիրաւոր Մէջքը. Սէյրան Օհանեանի Շնորհաւորական Ուղերձը Առաջնագիծէն
27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Յունուար 28-ին համայն հայութիւնը կը նշէ Հայկական բանակի 30-րդ յոբելենական տարեդարձը: ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար, «Հաայստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան իր շնորհաւորական ուղերձը յղած է Հայոց բանակին, եւ այսօր լուսանկարներ հրապարակած է
առաջնագիծէն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։
«Ազգային բանակի մասին խօսելով մենք միշտ հպարտութիւն ապրած ենք՝ վերյիշելով այն յիրաւի հերոսական ճանապարհը, որ անցաւ հայ ժողովուրդը Արցախը ազատագրելու, Արցախ-Հայաստան անվտանգային ամուր գօտին կազմելու եւ Սփիւռքի հետ անբաժանելի եռամիասնութիւն դարձած` բանակ ու պետութիւն կառուցելու տարիներուն, երբ 1994 թ. իր պարտութիւնը ընդունած հակառակորդի յանդգնութիւնը կը բաւարարէր միայն սադրանքներ իրականացնելուն, եւ արժանի հակահարուած կը ստանար՝ յաճախ պատժուելով իր տարածքին մէջ։ 2016 թ. ապրիլեան մարտական գործողութիւններուն ժամանակ նոյնպէս, չկարենալով կատարել իրենց առջեւ դրուած խնդիրը, անոնք զինադադար խնդրեցին, որովհետեւ Հայկական բանակը՝ հայ զինուորն ու սպան, վերջնականապէս վարժուած սահմաններուն մէջ պարբերաբար դրսեւորուող լարուածութեան եւ պատրաստ հակառակորդի ոտնձգութեան իւրաքանչիւր պահ հակադարձելուն, որակապէս կը գերազանցէին անոնց՝ մարտական արուեստի բարձր իմացութեամբ, պատրաստուածութեամբ, եւ ողջ ժողովուրդը սեփական հողը կեանքի գնով պաշտպանելու, չյանձնելու ընտրութիւն կատարած էր:
2020 թ. 44-օրեայ պատերազմը փոխեց իրողութիւնը, եւ պարտուեցաւ ոչ թէ բանակը, այլ պետութիւնը՝ չպաշտպանելով Արցախը ինչպէս հա՛րկ էր, ինչպէս կրնայի՛նք, ինչպէս պարտաւո՛ր էինք: Եւ կորուստներու, անյաջողութիւններու շղթան երկարեցաւ նաեւ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը ստորագրելէն ետք՝ պատերազմէն ետք ստեղծուած աղետալի իրավիճակին մէջ, յանցաւոր ամենաթողութեան, անպատժելիութեան մթնոլորտի մէջ, երբ հետեւողականօրէն կը շարունակուէր մեր պետութեան ռազմավարական բարձունքները, ճանապարհները յանձնելու եւ բանակը, մեր միասնականութիւնը կազմաքանդելու գործընթացը:
Ես դարձեալ կը պնդեմ եւ հաստատակամ եմ իմ համոզմունքներուն մէջ, որ բանակը այն կառոյցն է, որ առաջինը եւ ամենաարագը կրնայ շտկել վիրաւոր մէջքը ու դուրս գալ այս իրավիճակէն։
Հայկական բանակի 30-րդ յոբելենական տարեդարձին առիթով շնորհաւորանքի խօսքս յղելով Ազգային բանակի բոլոր նուիրեալներուն՝ զօրավարներուն, սպաներուն, ենթասպաներուն, զինուորներուն, կամաւորականներուն ու երկրապահներուն, ողջ ժողովուրդին, որոնք Արցախեան պատերազմէն մինչեւ այսօր ծառայած են Արցախի, Հայաստանի Հանրապետութեան՝ ամէնօրեայ սխրանքներ գործելով ե՛ւ առաջնագիծի վրայ, մարտական գործողութիւններու կիզակէտին, ե՛ւ թիկունքի վրայ, ի սրտէ կը մաղթեմ` ձեզի նո՛ր յաղթանակներ եւ փա՛ռք. 1988-1994 թթ. հայ ժողովուրդի Ազատագրական շարժումը, Արցախեան գոյամարտը պիտի մնան պատմութեան էջերուն՝ իբրեւ ծանրագոյն, բայց փառայեղ յաղթանակի դասական օրինակ, որ ձեր նուիրումին, անձնուրաց պայքարին ու սխրանքին վաւերագիրն է։
Արագ ապաքինում, առողջութիւն` մեր վիրաւոր ու հաշմանդամ դարձած մարտիկներուն:
Եւ թող Հայրենիք վերադառնան գերեվարուած, անյայտ կորած մեր որդիները, որոնց համար ամէն վայրկեան լուռ կ՝աղօթեն եւ հաւատով կը սպասեն հազարաւոր սրտեր:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, որքան ալ դժուար ըլլայ, չտրուի՛նք ցաւին ու չյանձնուինք, այլ`
հայոց աւանդական մարտական ոգին, ազգային համերաշխութիւնն ու միասնութիւնը, ազգային գաղափարական զարթօնքը վերականգնելու, ազգի անկումը եւ մեր ինքնիշխանութեան կործանումը թոյլ չտալու նպատակով կազմաւորուած Դիմադրութեան շարժման զարկ տալու համար կրկին միաւորենք ազգի պետականամետ, կարող ուժերը եւ առարկայականօրէն գնահատելով դէպի մեզի ուղղուած մարտահրաւէրները, միջազգային հաւասարակշռուած համագործակցութիւն վարելով՝ համախմբուինք հայոց բանակի սպայի՝ զինուորական մտաւորականութեան շուրջ եւ աւելի գօտեպնդուինք՝ հայ ժողովուրդի ապրելու իրաւունքը, մեր պետականութիւնը պաշտպանելու հրամայականով:
Փա՛ռք ու պատիւ սահմանին կանգնած հայ զինուորին եւ սպային:
Փա՛ռք ու պատիւ այն մայրերուն ու հայրերուն, որոնք Հայրենիքի փրկութեան զոհասեղանին իրենց ամենաթանկը նուիրաբերեցին:
Յաւե՛րժ ակնածանք ու խոնարհում յանուն Արցախի եւ Հայաստանի իրենց կեանքը նուիրաբերած հերոսներու սխրանքի, յիշատակի առջեւ:
ՅԳ. Լուսանկարները առնուած են այսօր՝
Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի կարեւորագոյն դիրքերուն մէջ»,- նշուած է Օհանեանի ուղերձին մէջ:
yerakouyn.com/2022/01/27/բանակը-այն-կառոյցն-է-որ-առաջինը-եւ-ամեն/