Հայոց Բանակին Հզօրացումը Հայրենիքի՛ն ու Մեր Ազգի՛ն Հզօրացումն է. Արամ Ա. Կաթողիկոս
28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայոց Բանակի օրուան առիթով.
«Այսօր հայոց բանակին օրն է, այլ խօսքով՝ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան, արժանապատուութեան ու հզօրութեան օրը։ Եկէ՛ք, աղօթենք մեր բանակին համար. եկէ՛ք, զօրավիգ կանգնինք մեր բանակին։ Հայոց բանակին հզօրացումը հայրենիքի՛ն ու մեր ազգի՛ն հզօրացումն է»։
Արամ Ա. Կաթողիկոս
yerakouyn.com/2022/01/28/հայոց-բանակին-հզօրացումը-հայրենիքի՛/