Խմբագրական. Հայոց Բանակին Վերականգնման Համար (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿ

Խմբագրական. Հայոց Բանակին Վերականգնման Համար (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿ:

Հայոց բանակի օրուան նշումը ներկայ պայմաններուն մէջ բոլոր առումներով բարդ է. այդ կարգին` արժեւորում կատարող որեւէ վերլուծումի փորձ կատարողին համար: Բազմաթիւ պատճառներ եւ դիտանկիւններ կային յաղթանակած բանակի մասին, բանակի օրուան առիթով, նիւթեր հրապարակելու եւ յիշելու, որ մեր զինեալ ուժերը տարածաշրջանին ամէնէն մարտունակն են:

Միջազգային իրաւունքի եւ արտաքին դիւանագիտութեան իրաւաչափութիւնները յարգելով միշտ անջատ միաւոր իբրեւ կը ներկայացուէին հայոց բանակն ու Արցախի պաշտպանութեան բանակը: Բնականաբար իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, յատկապէս պատերազմի տարբեր ժամանակահատուածներուն հայոց զինեալ ուժերը մարտնչած են անսասան պահելու համար մեր սահմանները եւ ինչու չէ ազատագրելու մեր հայրենիքի տարածքները:

Այժմ հարցումը մտահոգութիւններ կը պարփակէ. երբ այլեւս ըստ էութեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը չէ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը, երբ խաղաղապահ զօրքեր կան, որոնք կը վերահսկեն այսօրուան Արցախի սահմանները, ի՞նչ պիտի ըլլայ Արցախի պաշտպանութեան բանակի գործառոյթը:

Կը ձեւաւորուի երկրորդ հարցումը, այս անգամ` Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանային գօտիին ուղղութեամբ: Զօրքերու հայելային յետքաշումի իբրեւ արդիւնք Հայաստանի Հանրապետութիւնը որքանո՞վ տարածք կը զիջի Ազրպէյճանին:

Երրորդ անորոշ կէտը` 9 նոյեմբերի յայտարարութեամբ արձանագրուած` Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապի ռուսական սահմանապահ զօրքերու վերահսկողութիւնը հայոց բանակի այդ գօտիի վրայ կատարելիք գործառոյթի փոփոխութիւն պիտի ենթադրէ՞:

Այս հարցումներուն բացասական պատասխանները կրնան աւելի խորացնել յետպատերազմեան Հայաստանի իրավիճակը թէ՛ գաղափարական եւ թէ՛ բարոյահոգեբանական առումներով:

Մենք` իբրեւ համահայկական հասարակութիւն, անհրաժեշտութիւնը ունինք պարտութեան ախտանիշը հեռացնելու: Ծանր պայմանները յաղթահարելու առաջին պայմանը բարոյահոգեբանական իրավիճակի հիմնական փոփոխութիւնն է: 44-օրեայ պատերազմը մեզ վերածեց յաղթական ազգէն պարտուած ազգի:

Պատերազմներու ընթացքին պարտութիւն կամ յաղթանակ գետնի վրայ կ՛արձանագրեն բանակները: Պէտք չէ մտահան ընենք սակայն կարեւոր մէկ իրականութիւն. թէ մեր զինուած ուժերը պարտութիւն կրեցին ոչ թէ Ազրպէյճանէն. անոնք պատերազմեցան թրքական բանակներուն, ազրպէյճանական ուժերուն, իսրայէլեան զինուժին եւ ռազմադաշտ բերուած ահաբեկիչներուն դէմ: Պատերազմեցան անհաւասար զինատեսակներով:

Պատերազմէն ետք նոր դիրքերու եւ տարածքներու յանձնումը կամ նոր գերեվարումներու դէպքերը աւելիով շեշտեցին մեր թոյլ զգալու հաւաքական զգացումը:

Մեր ողնաշարը վերստին շտկելու համար բանակի վերականգնումը իբրեւ հեղինակութիւն, իբրեւ կառոյց, իբրեւ ոգի հրամայական է: Բնական է, գլխաւոր երաշխիքը մեր նոր յաղթանակներու կերտումին եւ իբրեւ այդպիսին մեր համազգային արժանապատուութեան վերականգնման:

Ցեղասպանուած եւ հայրենազրկուած ժողովուրդին բանակները միայն երեք տարի ետք կասեցուցին թուրանական յառաջխաղացքը եւ կերտեցին հանրապետութիւն: Ազգն ու բանակը վերածուած էր մէկ միաւորի. եւ այդ էր հրաշքին գաղտնիքը:

Պայման է ուրեմն, քաղաքական ղեկավարութեան այդ տեսակի վերադարձը, որպէսզի ձեւաւորուի ազգային բանակը: Միայն հայրենիք փրկելու վճռակամութեամբ տոգորուած քաղաքական ղեկավարութիւնն է, որ կրնայ հասարակութիւն-բանակ քաղաքացիական եւ զինուորական մտածողութեան համատեղումով վերականգնել բոլորս իբրեւ ազգ, պետութիւն եւ հայրենիք:

Այդ վերականգնումի առարկայացման գլխաւոր երաշխիքը հայոց բանակն է:

ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿ

www.aztagdaily.com/archives/536099

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail