Երբ նիկոլը ըսաւ չկար ու չկայ հայ դատ, այլ՝ կայ My դատ, որ կը նոյնանայ թուրքին ու գրպանի դատին հետ – Րաֆֆի Տէմիրճեան
29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:
Րաֆֆի Տէմիրճեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ: – Կարդալ նաեւ՝ Արտերկրի անկախ հայերը խստիւ կը դատապարտէն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ ազգային ժողովի վերջին օրերու կեցուածքները
Երբ նիկոլը ըսաւ չկար ու չկայ հայ դատ, այլ՝ կայ My դատ, որ կը նոյնանայ թուրքին ու գրպանի դատին հետ, շատեր յանկարծ նեղացան ու իրենց պոռթկումը արտայայտեցին ֆէյսպուքեան գրառումներով։
Նո՞ր կը ծանօթանաք։
֊Բարի լոյս…
Նիկոլի հարցազրոյցէն քանի մը օր ետք, արդէն այդ ալ մարսեցինք եւ մոռցանք։ Խօսող ու գրող գրեթէ չմնաց։
Յետո՞յ։ Շուտով կ’արթննանք եւ կը տեսնենք, որ Թեհլիրեանի արձանն ալ չկայ։ Մէկ օր կը մերժենք ու կ’ըսենք, որ բոլորս Թեհլիրեան ենք, ու այդ ալ կը մոռնանք։ Ապա Սիւնիքը կ’երթայ, յետոյ կը դատուին Թուրքիոյ դրօշը այրողները… 24 ժամ ետք, նորէն պիտի մոռնանք։
Այս ընթացքով քիչ մնաց, որ մենք թուրքերէն ներողութիւն խնդրենք, որ խանգարած ենք հայութիւնը բնաջնջելու իրենց ծրագիրը, եւ կամ ալ իշխանիկները մեղադրեն Դաշնակցութիւնը, որ ինքնապաշտպանութեան դիմած են, այլապէս Ցեղասպանութիւն չէր ըլլար…
Յետո՞յ։ Նոր չ֊ուղղաթիռով կ’ուրախանանք, որ հզօր բանակ ունինք… Ուրախ կ’ապրինք ու երկիր֊իկ֊ով կը գոհանանք, երբ օր մըն ալ յանկարծ կը տեսնենք, որ Երեւանն ալ դատարկուած է ու Ֆէյսպուքի վրայ Արամ կը փնտռենք…
Յետո՞յ։ Շարքը կարելի է երկարել։ Հայաստանի թրքացումը իրականութիւն է։ Դիմադրութիւնը գործով կ’արտայայտուի, եւ այնքան ատեն որ փողոցը չէ շարժած ու ցնցուած, եւ Հայաստանի բնակիչները Հայ Դատի դասերու չեն հետեւած՝ մանկութենէն ազգային պայքարի ոգիով չեն դաստիարակուած, ապա ամէն օր պիտի կորսնցնենք արժէք մը։
Նախեւառաջ պէտք է դաստիարակել ժողովուրդը, որպէսզի հոգիները զօրանան, որպէսզի վերստին ազգ դառնանք։