Հրաժարականի Մը Վաղորդայնի Մտորումներ – Յակոբ Պալեան

The United States has condemned the demolition of the historic St. Toros Armenian Church in Turkey

Հրաժարականի Մը Վաղորդայնի Մտորումներ – Յակոբ Պալեան

31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

…հողը տէր կ՛ուզէ եւ քոչուորը հողի տէր չէ:

Ինքնաքննադատութիւն, ահազանգ եւ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններ:

Հրահանգուած հրաժարական` ամլացուած պաշտօնէ մը: Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի երկարաշունչ խօսքը եթէ «բանանք», հոն կը գտնենք ինքնաքննադատութիւն եւ Հայաստանի ներկայ կացութեան քաղաքական, օրէնսդրական եւ փտախտ դարձած անելի մասին դատումներ: Ո՞վ կրնայ ըսել, որ իր բաժին մեղքը չունի: Մեղաւոր են նաեւ պիղատոսները:

Նախագահի hրաժարականի մասին ինչ որ պէտք է ըսել, ըսուած է հայաստանեան եւ սփիւռքի մամուլին մէջ («Առաւօտ», «Ասպարէզ», «Հայրենիք», եւ այլն…): Ինքնաքննադատութիւն եւ ամբաստանութիւններ կ՛ահազանգեն գալիքի բարդութիւնները: Արցախի ութսուն տոկոսի կորուստ, մնացեալն ալ կրնայ չմնալ առանց ռուսական խաղաղապահ բանակի, ըսուեցաւ նաեւ, որ ինքնիշխան եւ միջազգային ճանաչում ունեցող Հայաստան պետութեան տարածքէն 41 քառ. քմ-ի կորուստ, գերիշխան պետութենէն միջանցքի պահանջ…Յետո՞յ…

Երկիրը դրուած է մսաղացի մէջ: Բայց Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), փոխանակ սպառնացող եւ իրականացուող վտանգի դիմաց ազգային իրաւունքի եւ գոյութեան պաշտպան կանգնելու, անսպառ վերլուծութիւններու ցունամիի մէջ կը թափահարենք, աթոռ-աթոռակի մանկական խաղին անձնատուր ենք, գեղուհիներու հին-նոր պատկերներու, էսթեպլիշմընթի արձակուրդի եւ հարսանիքի, այսինչ պետական անձի ինքնաշարժի մակնիշի:

Հայ մարդիկ, փոխանակ ազգային եւ հայրենապաշտպան յանձնառութեամբ հրապարակ գալու, ցոյց կ՛ընեն, որպէսզի զիրենք այս կամ այն հեռաւոր օտար երկիր տանին լաւ ապագայի համար, չեն պահանջեր հին եւ նոր էսթեպլիշմընթներէն, որ լաւ ապագայ ստեղծեն հայրերու հողին վրայ, որ հայրենիք է, որուն տէրը իրենք են: Եթէ տէր չըլլան, կը կորսնցնեն իրենց պապենական-պատմական ժառանգութիւնը: Ինչպէ՞ս հասկնալ եւ հասկցնել, որ հողը տէր կ՛ուզէ եւ քոչուորը հողի տէր չէ:

Ինչո՞ւ երկիր մը ապաստան պիտի տայ գիտակցաբար եւ յանձնառութենէ փախուստ տուողին, հայրենիք լքողին: Ա՞յս պիտի ըլլար եզրայանգումը հրապարակներու վրայ հարիւրհազարաւորներու անկախութեան, միութեան, միացման, թաւիշի եւ այլ հոգեպարար խօսքին ու ծափին: Ինչպէ՞ս հոս հասաւ ժողովուրդ մը: Ինչպէ՞ս հոս հասցուցին զայն:

Եթէ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը դիտենք դուրսէն, չէզոքութեամբ, կը տեսնենք, որ հոն հետզհետէ կը հաստատուի նոր տեսակի մենատիրական իշխանութիւն, միաձնեայ կամ խմբակային, ազգային գերիշխանութեան, երկրի ամբողջականութեան, ժողովուրդի ապահովութեան, անոր ժողովրդավարական եւ մարդկային իրաւունքներուն դէմ առկայ սպառնալիքներով: Ժողովները ինքնահաճութիւն են, պարտականութիւն կատարած ըլլալու ազգասիրական սին հպարտութիւն:

Ազգի աւելի քան 2/3-ը հանդիսացող սփիւռքը, պառաւական բարեսիրութենէ եւ երազային հայրենասիրութենէ դուրս գալով, նոյնիսկ` օտար հանրային կարծիքին առջեւ նսեմանալու գնով, հաւաքական կամքով ոտքի պէտք է կանգնի եւ ըսէ, որ նաեւ ինք տէր է հայրենիքին, որ` միայն կառքին հինգերորդ անիւը չէ, պահանջէ մասնակցութիւն` սահմանադրութեան վերամշակման գործին եւ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններու վերածումը հայեւթուրք բանակցութիւններու: Այս ընել ոչ թէ տեղական-տեղայնական շահախնդրութիւններու համար, այլ` ազգին, հայրենիքին եւ պատմութեան հանդէպ հաւատարմութեամբ:

Սփիւռքը միայն բարեսիրական կազմակերպութիւններու բեմ չէ: Ան հետեւանք է պատմական չարիքներու եւ մեծ իրաւարարներու շահախնդրութիւններուն: Եզրակացութիւն. անլոյծ հարց ունի:

Եթէ սփիւռքը ոտքի չկանգնի եւ Հայաստանի իշխանութիւններէն ու ընդդիմութիւններէն չպահանջէ ըլլալ հայրենատէր, հայրենիքը չհամարել փառքի եւ նիւթի կրպակ, վաղը ուշ պիտի ըլլայ սփիւռքի եւ Հայաստանի գոյատեւման համար:

Նախագահի հրաժարականը կը վերացնէ հակազգային զիջումները կանխելու բարոյական վերջին արգելքը, որ կար Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններուն մէջ: Այդ արգելքը այսօր հայրենահանման հետեւանք սփիւռքն է, որ պէտք է դառնայ Հայաստանի համար իսկական քաղաքական-օրէնսդրական գործօն, չբաւարարուի, ինչպէս կ՛ըսուի, իր խիղճը հանդարտեցնող «հեռուի հարուստ հօրեղբօր» դերով:

Հայաստանի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցները կը գրեն եւ կը խօսին Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան կամ բանակցութիւններու մասին: Ընտրեցէ՛ք ձեր սիրած ձեւը: Անհեթեթ է Թուրքիոյ բանակցութիւնը ներկայ Հայաստանի հետ, այնպէս` ինչպէս կրնան բանակցիլ Ֆրանսան եւ Լեհաստանը, որոնք առնելիք-տալիք չունին: Ձեւ, որ ո՛չ պատմականօրէն ո՛չ ալ հայ ազգի իրաւունքի տեսակէտէ ճիշդ է:

Հայութիւնը հարց ունի Թուրքիոյ հետ, ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Առանց այս ըմբռնումին, ինչպէս կ՛ըսուի, կ՛ամրագրուին մեր իրաւազրկումները: Յոգնակի:

Աւելի ճիշդ, արդար եւ կառուցողական պիտի ըլլար, քաղաքական իմաստութեան եւ արդարութեան ճիշդ ըմբռնումով, որ երկխօսութիւնը տեղի ունենար հայեւթուրք անուանումով,եթէ կ՛ուզէք` ձեւաչափով:

Երկրորդ ձեւով բանակցութիւնը կամ երկխօսութիւնը, ընդհանրապէս պատմական իմաստ եւ խորք կ՛ունենայ Հանրապետութեան, հայ ժողովուրդին եւ Թուրքիոյ համար, որպէսզի արդարութեան եւ խիղճի վէրքերը բարոյական ըմբռնումով սպիանան: Բանակցութիւնները անմիջական պալարներ դարմանելու պէտք չէ ծառայեն, այլ` աւելի քան դար մը հնութիւն ունեցող փտախտի բուժման, որպէսզի բարիդրացիական յարաբերութիւններու խօսակցութիւնները դամոկլեան սուրի տակ տեղի չունենան եւ չյանգին անձնատուութեան:

Թուրքիան չ՛անգիտանար, որ Հայկական հարց գոյութիւն ունի, չեն անգիտանար նաեւ աշխարհի միւս պետութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնա՞յ անգիտանալու քաղաղաքական պերճանքը ընծայել հայութեան, որ սկսած բանակցութիւնները յանգեցնելով միայն մասնակի եւ ժամանակաւոր եզրակացութիւններու, եթէ յանգին, եւ մեզ դնէ հզօրի եւ յաղթականի պարտադրած լուծումներու աքցանին մէջ:

Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Թուրքիա երկխօութիւնը կամ բանակցութիւնը տեղի չունեցած աւարտած չեն, չեն պարտադրուած զիջումներ, անկեղծ եւ կառուցողական օրակարգ պէտք է ունենալ, որ պէտք է անցեալի մուրը վերացնելու ծրագիր մշակէ եւ գործադրէ, որպէսզի ե՛ւ հայը ե՛ւ թուրքը ապագան չդիմաւորեն անիրաւուածի եւ պարտուածի զգացումով ու տխրութեամբ:

Այս ըմբռնումով է, որ կ՛ըսեմ, թէ երկխօութիւն եւ բանակցութիւն` ճշմարիտ բարիդրացիական յարաբերութիւն ստեղծելու համար, պէտք է պետական շահ-վնասի գործելակերպը փոխարինեն եւ խօսին պատմութեան, իրաւունքի եւ իրաւ արդարութեան մասին: Ուստի բանակցութիւն եւ երկխօսութիւն հայեւթուրք պէտք է ըլլան` առանց նկատի առնելու պետական եւ եսախնդրական նեղմտութիւնները:

Բայց Հայաստան իր քաղաքական տագնապով եւ մերժումներով չի կրնար համախոհութիւններու յանգիլ հզօր դրացիին հետ` առանց հիմնական զիջումներու, որոնք կը կոչուին վաւերացնելու պարտութիւնը: Կրկին որպէս էական ընդունիլ հայեւթուրք բանակցութիւն ձեւը:

Այսինքն` ՀԱՅԵՒԹՈՒՐՔ բանակցութիւններ, նաեւ` իրաւազրկման հետեւանք հայկական սփիւռքի մասնակցութեամբ:

Այս կ՛ըլլայ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒՂԻ:

24 յունուար 2022, Նուազի-լը-Կրան

aztagdaily.com/archives/536371

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail