Դեսպան Թրէյսի. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Հարցը Լուծուած Չէ, Եւ Այդ Հոլովոյթը Պէտք Է Իրականացուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Լիազօրութեան Տակ»

These lands belong to Armenia

Դեսպան Թրէյսի. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Հարցը Լուծուած Չէ, Եւ Այդ Հոլովոյթը Պէտք Է Իրականացուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Լիազօրութեան Տակ»

01 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեան երէկ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Միացեալ Նահանգներ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի հարցով հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսիի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք Արմենիա»-ն:

Դեսպանը հանդիպումի ընթացքին նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը լուծուած չէ, եւ այդ հոլովոյթը պէտք է իրականացուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան տակ:

Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետը կարեւոր նկատած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջնական եւ համապարփակ լուծման հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու դերն ու առաքելութիւնը` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համախագահող երկիր:

aztagdaily.com/archives/536806

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail