Ռուսիոյ Ճնշումով Հայաստանին Բարեկամութեան Ձեռք Մեկնելու Որոշում Կայացուցած են. Թուրք Վերլուծաբան
02 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թրքական ընդդիմադիր «Sozcu» լրատուամիջոցի վերլուծաբան Էմին Չոլաշանը հայ-թրքական կարգաւորման թեմայով յօդուած հրապարակած է՝ վերնագրին մէջ Հայաստանը անուանելով չակերտեալ բարեկամ ու եղբայր։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
«Սիրելի ընթերցողներ,- իր լսարանին կը դիմէ թուրք վերլուծաբանը,- Հայաստան անունով պետութեան հետ սահմանակից հարեւան ենք, բայց երկու երկիրներն ալ պաշտօնապէս չեն ճանչնար իրարու»։
Այնուհետեւ կը յիշեցնէ, որ հայ-ազրպէյճանական պատերազմին Թուրքիան, բնականաբար, դէմ հանդէս եկաւ Հայաստանին՝ շեշտելով, որ Ազրպէյճանի մէջ կան թրքական բանակի ստորաբաժանումներ, թուրք զինուորականներն են ազրպէյճանական բանակը վարժեցնողն ու հրահանգաւորողը։ Իսկ պատերազմի ողջ ընթացքին ալ եթէ անգամ զօրք չեն ուղարկած, փոխարէնը մեծաքանակ զէնք-զինամթերք տրամադրած են Ազրպէյճանին։
Այս ամէնով հանդերձ, սակայն, յօդուածին հեղինակը կը մատնանշէ հանգամանք մը, ըստ որուն՝ իրենց ղեկավարները ամէն թեմայով եւ ամէն բնագաւառի մէջ մշտապէս կը կիրառեն շատ կենսունակ սկզբունք մը։ Այդ սկզբունքին տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. «Սկիզբը վախցնել, սպառնալ, իսկ յետոյ ընել յետքայլ»։
«Վերջին տարիներուն բոլորս ալ ականտես եղած ենք այդպիսի օրինակներու։ Օրինակ՝ Եգիպտոսին անընդհատ կը սպառնային, բայց այն պահուն երբ ԱՄՆ-ն գործի անցաւ, արդէն սկսաւ Եգիպտոսի հետ բարեկամական ուղերձներու փոխանակումը… Կամ ըսենք Հայաստանի պարագան. երէկ բացին օդային սահմանը ու արդէն փոխադարձ թռիչքներ սկսան իրականացնել»։
Շարունակելով օրինակներուն շարքը՝ թուրք վերլուծաբանը կը յիշատակէ Իսրայէլի դէպքը։ Սկիզբը Թուրքիոյ մէջ բոլոր մակարդակներով ինչ ըսես չէին ըսեր Իսրայէլին, ալ հայհոյանքներ, ալ սպառնալիքներ։ Բայց այն պահուն երբ ընթացքին մէջ մտաւ ԱՄՆ-ն, պատկերը փոխուեցաւ։ Ուաշինկթընը Էրտողանին ըսաւ, որ հարկադրուած էք հաշտուելու Իսրայէլի հետ։ Ու հիմա արդէն Թուրքիան Իսրայէլի հետ բարեկամութեան շեմին է։ Մամուլը նոյնիսկ կը գրէ, որ Իսրայէլի նախագահը հնարաւոր է այցելէ Թուրքիա, այդ ուղղութեամբ բանակցութիւններ կ՝ընթանան։
«Եւ եթէ շատ շուտով նոյն այդ մարդոց բերանէն յանկարծ լսէք «Բարեկամ եւ եղբայր Հայաստան» արտայայտութիւնը, ամենեւին չզարմանաք»,- կը զգուշացնէ թուրք վերլուծաբանը։
Այս գործելաոճէն ու առհասարակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակազմէն ու գործունէութենէն դժգոհւթիւն ակնարկելով՝ յօդուածին հեղինակը հետեւեալ կերպով կ՝ամփոփէ իր եզրակացութիւնը.
«Ռուսիոյ ճնշումով Հայաստանին, իսկ ԱՄՆ-ի ճնշումով ալ Իսրայէլին ու Եգիպտոսին բարեկամութեան ձեռք մեկնելու որոշում կայացուցած են։
Ըսենք, շնորհաւոր ըլլայ»։
yerakouyn.com/2022/02/02/ռուսիոյ-ճնշումով-հայաստանին-բարեկամ/