Կը Պահանջուի Կասեցնել Turksat-ի Արբանեակին Անջրպետ Արձակումը

Կը Պահանջուի Կասեցնել Turksat-ի Արբանեակին Անջրպետ Արձակումը

0Յ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, իր ձայնը միացուց Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող քրտական, յունական, քրիստոնեաներու իրաւանց պաշտպան եւ միջին արեւելեան կազմակերպութիւններուն, որոնք նամակով մը կոչ ըրին օդային ճամբորդութիւններու դաշնակցային վարչութեան (FAA), որ դէմ դնէ թրքական Turksat ընկերութեան մէկ արբանեակին անջրպետ արձակումին՝ ամերիկեան SpaceX ընկերութեան կողմէ։

1 Փետրուար թուակիր նամակին մէջ կը շեշտուի, որ նման արտօնութիւն մը տալէ առաջ, դաշնակցային մարմինները պէտք է ազգային ապահովութեան տեսանկիւնէն քննեն նման զգայուն հարց մը՝ յիշեցնելով, որ Անգարա տարածաշրջանին մէջ ծանօթ է դրացի երկիրներուն մէջ իր բազմաթիւ ապօրինի միջամտութիւններով։

Նամակին մէջ յատկապէս կը շեշտուի, որ թրքական նման արբանեակ մը կրնայ աւելի մահացու դարձնել թրքական անօդաչու թռչող սարքերը, որոնց թիրախ կրնան դառնալ ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու բարեկամ կամ դաշնակից երկիրները, այլ նոյնիսկ տարածաշրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան ուժերը, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Անգարա տարբեր առիթներով փաստած է, թէ վստահելի դաշնակից մը չէ Միացեալ Նահանգներուն համար։

«Turksat ընկերութեան այս եւ բոլոր արբանեակներուն ծրագիրը պէտք է անմիջապէս սառեցուի եւ պէտք է մանրամասնօրէն քննուին Թուրքիոյ անօդաչու թռչող սարքերու գործունէութեան տարածքը ընդարձակելու եւ զանոնք աւելի մահացու դարձնող ծրագիրին հետեւանքները, յատկապէս երբ Անգարայի քայլերը հետզհետէ աւելիով վնաս կը հասցնեն ամերիկեան եւ մեր դաշնակիցներու շահերուն», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

yerakouyn.com/2022/02/03/կը-պահանջուի-կասեցնել-turksat-ի-արբանեակին-ա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail