Արցախեան 44-օրեայ Պատերազմին Նահատակուած Հերոսներու Յիշատակին Նուիրուած Ֆիլմը Կը Սկսի Ցուցադրուիլ Փետրուարի 10-ին

Արցախեան 44-օրեայ Պատերազմին Նահատակուած Հերոսներու Յիշատակին Նուիրուած Ֆիլմը Կը Սկսի Ցուցադրուիլ Փետրուարի 10-ին

03 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ գեղարուեստական ֆիլմի բեմադրիչ Արմէն Դալլաքեան Փետրուար 2-ին կայացած ասուլիսին ընթացքին նշած է, որ ֆիլմը նկարահանուած է իրական փաստերու հիման վրայ։

Վերջինս պատմած է, որ ֆիլմը ստեղծելու գաղափարը ծնած է Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին։ Գրուած է ներկայացում, ապա անիկա վերածած է գեղարուեստական ֆիլմի։

«Երբ հանդիպեցայ զոհուածներու մայրերուն, երբ պատմեցին իրենց հերոսներու սխրագործութիւնները, հերոսի հեռախօսին մէջ իրական, կեանքով լի պատկերները տեսայ, որոշեցի նկարահանել ֆիլմը»,- նշած է բեմադրիչը։

Ֆիլմի գլխաւոր հերոսները մարմնաւորող դերասանները՝ Ալինա Աւետիսեանը, Իվեթա Եդիգարեանը, Աշոտ Վարդանեանը եւ Արթուր Վաթեանը, ներկայացուցած են, թէ ի՞նչ կը սպասուի Փետրուար 10-ին կայանալիք անդրանիկ ցուցադրութեան ժամանակ, անդրադարձած են իրական փաստերուն, որոնց հիման վրայ նկարահանուած է ֆիլմը, խօսած են հերոսներու կերպարներուն եւ ֆիլմի գաղափարին ու այնտեղ արծարծուած շեշտադրումներուն մասին:

Բեմադրիչը վստահեցուցած է, որ Ֆիլմի աւարտէն ետք պիտի ցուցադրուին իրական պատկերներ, որոնք իրեն տրամադրած են հերոսներուն ծնողները։ Ան ընդգծած է, որ հանդիսատեսը պիտի տեսնէ դերասանական խաղը փաստերով։ Ապա պիտի տեսնէ՝ իրական դէպքերն ու հոլովակները, անգամ այն ինչ խօսած են տղաները մարտի դաշտին մէջ։

«Ֆիլմի ըսելիքը կը կայանայ այնտեղ, որ հայ զինուորը ծունկի չի գար, իսկ եթէ ծունկի կու գայ, ուստի միայն սուրբ խորանին՝ Աստուծոյ առջեւ։ Ֆիլմով ցոյց տուած եմ մեր զինուորներուն այն սխրանքները, որոնք ոչ մէկը տեսած է։ Պիտի տեսնենք, թէ ուր քնացած է զինուորը»,- նշած է բեմադրիչը։

Ան պատմած է, որ ֆիլմի նկարահանումները, որոնք տեւած են հինգ ամիս, իրականացուած են Երեւանի եւ Արմաւիրի մարզին մէջ։ Փետրուար 10-ին անիկա պիտի ցուցադրուի Երևանի բոլոր շարժանկար-թատերասրահներուն մէջ, Մարտ 1-էն, նաեւ՝ մարզերու մէջ: Այնուհետեւ անիկա պիտի ցուցադրուի Վրաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ։ Աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի ֆիլմը ցուցադրուի նաեւ Սպանիոյ մէջ։

yerakouyn.com/2022/02/03/արցախեան-44-օրեայ-պատերազմին-նահատակու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail