
Նշմար.- Իսկ Մենք Ե՞րբ Պիտի Արթննանք ու Հակազդենք. – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
03 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – Կարդալ նաեւ՝:

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ քեզի ըսեմ, որ Քարին Իլէյն Ճոնսըն անունով դերասանուհի մը, իր մէկ «հակասեմական» մէկ արտայայտութեամբ, փոթորիկ ստեղծած է միջազգային մամուլին մէջ եւ իր դիմաց գտած է հրեաներու պաշտպանները, վստահ եմ հարց պիտի տաս. «Ո՞վ է եղեր այս կինը»: Սակայն եթէ գործածեմ անոր բեմական անունը՝ Վուփի Կոլտպըրկ, դիւրաւ պիտի ճանչնաս զայն, որովհետեւ հռչակաւոր դերասանուհի է, բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած է, սեւամորթ է եւ… հրեայ:
Ի՞նչ է պատմութիւնը՝ պիտի հարցնես: Եթէ չես իմացած, քանի մը բառով՝ հետեւեալը:
Բրիտանական պատկերասփիւռի կայանէ մը սփռուող հարցազրոյցի մը պահուն, ընդհանրապէս խնդացող եւ խնդացնող այս աստղը յանկարծ «սայթաքում» մը ունեցած է եւ ըսած՝ թէ հիթլէրական Գերմանիոյ օրերուն, հրեաներու սպանդը ցեղային նկատառումներով չէր եղած, այլ մարդուն կողմէ մարդուն հանդէպ անմարդկային վարմունքի արտայայտութիւն էր: Թէեւ կնոջ ըսածին մէջ սխալ բան չկայ, միջազգային մամուլն ու անոր պատանդը դարձած քաղաքական աշխարհը ունին իրենց «կարծրատիպերը», այսինքն, երբ կը խօսուի հրեաներու ջարդին մասին, կարելի չէ զայն դիտել ցեղասպանութեան շրջագիծէն դուրս, որքան ալ որ ճշմարտացի ու տեղին ըլլան այլ որակումները: Նման խօսք ըսողը կը պիտակուի իբրեւ «հակասեմական»:
Փոթորիկը պայթեցաւ ակնթարթային արագութեամբ, սկսելով զրուցակիցներէն: Կոլտպըրկ (որ, ի դէպ, շարժապատկերի աշխարհին մէջ յաջողելու դիտաւորութեամբ որդեգրած է հրեայ հնչող մականունը, նաեւ շատեր, մինչեւ իսկ ոչ-հրեաներ դիմած են նոյն հնարքին) իր դիմաց գտաւ քննադատութիւններու հեղեղ մը, որ սպառնաց զինք վերածել Նոյեան Տապանի: Կարգ մը կայաններ զինք բանադրանքի ենթարկեցին: Ան քանի մը ժամ ետք հրապարակաւ ներողութիւն խնդրեց՝ որոշ զանգուած մը սրդողումի մատնած ըլլալուն համար, յայտարարեց, որ իրեն տրուած բացատրութիւնները եղած են դաստիարակչական (66 տարեկանին ալ մարդ կրնայ դաստիարակուիլ):
***
Պատահարին ստեղծած փոթորիկին վրայ ծփացող հարցումները մէկդի թողունք (օրինակ այն, որ նման «սայթաքում» արդեօք դիտումնաւո՞ր էր, որովհետեւ դերասանուհին անցեալի կեցուածքները ծանօթ են), եւ դառնանք-նայինք «մեր կարապետ»-ին:
Աննախընթաց չէ, որ առաջնակարգ կամ երկրորդական դէմքերու այսպէս կոչուած՝ «հակասեմական» (իմանալ հրեաներուն նեղութիւն պատճառող) արտայայտութիւնները նման բուռն եւ անմիջական հակադարձութեան կը հանդիպին, եւ արտայայտուողը անմիջապէս ետքայլ կ’ընէ: Ի՞նչ ընենք. մարդիկը գերզգայուն են հիթլէրեան ահաւոր ոճիրին հետքերուն նկատմամբ, հոգ չէ թէ Գերմանիա շատո՜նց ներողութիւն խնդրած է եւ հատուցումի պարտաւորութիւնն ալ ընդունած, ամբողջ աշխարհը կը վճարէ այս կամ այն ձեւով: «Հոլոքոսթ»-ին զոհերն ու վերապրողները, անոնց ժառանգորդները չեն ըսած, որ այդ դատը իրենց (եւ իսրայէլեան պետութեան) համար օրակարգի հարցը չեն եղած…
Եթէ այս «երեւոյթ»ը տեղափոխենք հայկական դաշտ, մենք մեզ կը գտնենք տարբեր «մթնոլորտ»-ի մէջ, հակազդեցութան տարբեր «ճաշակ»-ի դիմաց:
Հիթլէրին ցեղասպանական ոճիր ներշնչած Թուրքիայէն (Ցեղասպանութիւն եզրին հեղինակը իբրեւ սկզբնակէտ ունէր հայոց ցեղասպանութիւնը) եւ անոր նորագոյն ոճիրներուն ձեռքը դարձած Ատրպէյճանէն՝ Հայաստանի իշխանաւորները խաղաղութիւն կը մուրան, «խաղաղութեան եւ գործակցութեան-առեւտուրի էջը կը բանանք» կը քարոզեն, մինչդեռ Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ, գրաւեալ տարածքներուն, թշնամական եւ ոճրային արարքները կը շարունակուին 44-օրեայ պատերազմի դադարէն աւելի քան 15 ամիս ետք:
Վարչապետն ու ձայնակիցները կը յայտարարեն, որ Հայ Դատը Հայաստանի (իմանալ՝ հայութեան պետութեան) քաղաքականութեան օրակարգին վրայ չէ եղած, անիկա Սփիւռքի ճիտին պարտքն է, թէ՝ պէտք է փնտռենք այն պատճառները, թէ հայերս ինչո՞ւ թշնամացած ենք թուրքերուն հետ, կամ՝ կարելի չէ ընդմիշտ թշնամի մնալ, պէտք է Ազրպէյճանի կառուցողականութիւնը տեսնենք, Թուրքիայէն հասնող դրական նշաններուն ընդառաջենք եւ այլն: Նման «գիւտեր»-ով կը փորձեն համակրանք շահիլ եւ… կը վերընտրուի՜ն ալ, իսկ եթէ չվերընտրուին, շահող մրցակիցները կամ զանոնք արդարօրէն պաշտպանող դատաւորները հետապնդումի կ’ենթարկեն:
Արցախի մեծագոյն մասին կորուստը, նաեւ՝ Հայաստանէն հողապատառներու բռնագրաւումը մարսելու ելած են թուրք-ազերիին հետ, չեն կրնար տեսնել-կշռադատել ու խորաչափել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Թուրքիոյ հետ Ատրպէյճանի կնքած՝ Շուշիի պայմանագիրին խորհրդարանական որդեգրումը, փոխարէնը՝ կը փորձեն հայութեան հրամցնել «մարսողական ըմպելիներ», հաւատելով, որ ներկայ պայմաններուն մէջ, Թուրքիոյ հետ սահմաններուն բացումը շահաբեր է Հայաստանի համար, կը ծափահարեն դէպի Պոլիս (եւ այլուր) օդանաւային գիծերու վերաբացումը. քայլը կ’արդարացնեն «առեւտուրին զարկ պիտի տանք» պատճառաբանութեամբ, մինչդեռ տակաւին Արցախի կորուսեալ հողերուն վրայ նահատակուած մեր զինուորներէն մաս մը կը սպասէ հանգիստ գերեզման մը գտնելու, եւ ի յայտ կու գայ, թէ պատերազմէն երկու ամիս ետք, Թուրքիայէն ներածումներու պաշտօնական արգելքը ինչպիսի՜ ձեւականութիւն, խաբկանք եւ քարոզչութիւն է եղեր…
Կը պատրաստուին Անթալիա փութալու, «բարեկամութեան էջի բացման» ճամբուն նոր քայլեր առնելու, եւ չեն անդրադառնար, որ Ազրպէյճանի արարքները «յարձակողական ու խաղաղութիւն արգելակող» որակող՝ արտաքին գործոց նախարարութեան արտայայտութիւնները խորքին մէջ ինքնաժխտում ու ԻՆՔ-ՆԱ-ԴԱ-ՏԱ-ՊԱՐ-ՏՈ՛ՒՄ են, նման «յանցանք» կարելի չէ բեռցնել ազգայնին շահերու հետամուտ՝ ընդդիմադիրներուն ուսերուն:
Կը խանդավառուին եւ կը փորձեն խանդավառել (այսինքն՝ խաբել), որ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները պիտի ըլլան առանց նախապայմանի, մինչդեռ Թուրքիա նախապայմաններու երկար շարք մը ներկայացուցած է եւ Ազրպէյճանի հետ միաձայն՝ ամէն օր նոր մը կ’աւելցնէ անոր վրայ (մաս մըն ալ իրականացուցած է արդէն). Արցախէն հրաժարում (հարցը փակուած կը հռչակեն), «Զանգեզուրի անցք», «Հայաստան բանակի պէտք չունի», նոր հողերու գրաւման սպառնալիքներ, Ցեղասպանութենէն բխած պահանջներէ հրաժարում (ի՜նչ զուգորդութիւն՝ Փաշինեանի նորագոյն «գիւտերուն» հետ), մինչեւ իսկ հայաթուրք պայքարի խորհրդանիշ՝ հայ հերոսներու յուշարձաններու քանդումի պահանջ (արդեօք վաղն ալ պիտի պահանջե՞ն Թալէաթի ու Էնվէրի արձանները կանգնեցնել Երեւանի կամ Գիւմրիի մէջ):
…Եթէ Կոլտպըրկ փորձէր նման կեցուածքներ ունենալ, արդեօք հրեաները զինք վարչապետ կ’ընտրէի՞ն: Իսկ ինչո՞ւ բթացած է ակնթարթային նման հակազդեցութիւն ցոյց տալու մեր ժողովուրդի կարողութիւնը, եւ կ’ուշանայ յանցապարտ վարչախումբը արդարութեան պատին դիմաց կանգնեցնելու պահը:
yerakouyn.com/2022/02/03/նշմար-իսկ-մենք-ե՞րբ-պիտի-արթննանք-ու-հ/





