Բրիտանիա Կ՛աջակցի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան

HISTORY – CULTURE – Urartu-Era Artifacts Discovered in Yerevan

Բրիտանիա Կ՛աջակցի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան

03 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Բրիտանիոյ Եւրոպական դրացնութեան եւ Ամերիկայի հարցերով նախարար Քրիս Հիթըն Հարիսը հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեցին շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:

Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդումին, նախարարները կարեւոր նկատեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը: Քրիս Հիթըն Հարիս նշեց, որ Բրիտանիա կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան:

Հրատապ լուծում պահանջող մարդասիրական խնդիրներու կարգին յատկապէս ընդգծուեցաւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը, Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական կրօնական ու մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը:

Արարատ Միրզոյեան եւ Քրիս Հիթըն Հարիս անդրադարձան նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն` առանց նախապայմաններու կարգաւորման հոլովոյթին: Բրիտանական կողմը իր աջակցութիւնը յայտնեց կարգաւորման հոլովոյթին:

www.aztagdaily.com/archives/536958

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail