
«Ուաշինկթըն Ու Անգարան Քննարկած Են Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Կողմէ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ջանքերը» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը
03 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն հեռաձայնով զրուցած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր եւ գլխաւոր խորհրդական Իպրահիմ Քալընի հետ:
Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան այս առնչութեամբ հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ. «Անոնք ընդգծած են իրենց միացեալ հաւատարմութիւնը թէ՛ շարունակական դիւանագիտութեան, թէ՛ ալ միացեալ ջանքերուն` զսպելու Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ հետագայ նախայարձակումը: Քննարկուած են նաեւ շրջանային հարցեր, որոնց շարքի`ն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կողմէ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերը»:
aztagdaily.com/archives/537089





