
Արցախեան Վերջին Պատերազմի Ամէնէն Ցաւոտ Հետեւանքներէն Մէկը՝ Մշակութային Յուշարձաններուն Ճակատագիրը – Ժագ Յակոբեան
04 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
2020-ի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ամէնէն ցաւոտ հետեւանքներէն մէկը ատրոէյճանական բռնագրաւման տակ անցած շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական սրբավայրերուն եւ պատմամշակութային յուշարձաններուն հետագայ ճակատագիրն է: Նոյեմբեր 9 2020-ի յայտնի յանձնուողական եռակողմանի յայտարարութեան հիմամբ Ատրպէյճանին յանձնուեցան բացի նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին շուրջ գտնուող արցախեան պատմական տարածքներէն, նաեւ Հատրութի եւ Շուշիի շրջանները, իսկ հիւսիսէն՝ Թալիշ եւ Մատաղիս գիւղերը:
Այս բոլոր շրջաններուն ընդհանուր տարածութիւնը կը գնահատուի շուրջ 8500 քառ. քմ-ով: Բոլոր բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ ալ կան (կամ կային) հայկական մշակութային ժառանգութիւնը հաստատող կոթողներ, պատմամշակութային յուշարձաններ՝ վանական համալիրներ, եկեղեցիներ, քաղաքացիական եւ զինուորական պատմական շինութիւններ: Անոնց թիւը հարիւրներով է եւ նկատի ունենալով ատրպէյճանական նկրտումներն ու ալիեւեան վարչակարգի հակահայ վարքագիծը մենք՝ հայերս ամէն պատճառ ունինք մտահոգուելու պատմամշակութային այդ յուշարձաններու ճակատագիրով: Արցախեան բռնագրաւեալ հողերուն հայապատկանելիութիւնը ապացուցող յուշարձաններ են անոնք, եւ վստահաբար Ատրպէյճանը ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ ջնջելու համար պատմական յիշողութիւնը այդ շրջաններէն:
Մեր այս խօսքերուն ճշմարտացիութիւնը շեշտելու համար բերենք ցայտուն ապացոյց մը:Արցախեան Ակնայ շրջանին մէջ (Աղտամ) բլուրի մը վրայ անցնող տասնամեակներուն ընթացքին մեր հայ մասնագէտ պատմաբանները եւ հնագէտները յայտնաբերեցին մեր աշխարհակալ թագաւոր Տիգրան Մեծի կառուցած արցախեան Տիգրանակերտը: Հսկայական հնագիտական նիւթ պեղուեցաւ քաղաքին կառուցուածքին մասին, եւ այդ ժամանակաշրջանէն աներեւակայելի քանակութեան փաստացի նիւթ հաւաքուեցաւ: Ափսոս է, որ այս հսկայական հնագիտական աշխատանքը, որ ցոյց կու տայ այդ աշխարհագրական շրջանի հազարաւոր տարիներու վրայ երկարող հայկական պատկանելիութիւնը, մնացած է ատրպէյճանական բռնագրաւումին ներքեւ:
Արցախի հայկական պատմաճարտարապետական յուշարձաններու նկատմամբ Ատրպէյճանի պետական վարքագիծը ցոյց տուած է, որ ատրպէյճանական կողմէն հետեւողականօրէն կը կիրարկուի մշակութային ցեղասպանութիւն: Ո՛ւր որ ալ իրենց վերահսկողութիւնը հաստատած են, ատրպէյճանցիք նախ փորձած են հիմնայատակ գետնին հաւասարեցնել իրենց հանդիպած եկեղեցին կամ մշակութային յուշարձանը, իսկ երբ չեն կրցած իրենց այս նպատակը իրականացնել, պետականօրէն անցած են տուեալ պատմամշակութային կոթողի ինքնութեան խեղաթիւրումին եւ իւրացման՝ նշելով միաժամանակ, որ այսինչ կամ այնինչ եկեղեցւոյ կամ վանական համալիրին մէջ գտնուող հայկական արձանագրութիւնները նախորդ 30 տարուան ընթացքին հայերը իրենք աւելցուցած են:
Պատմական փաստերու խեղաթիւրման գլուխ-գործոցներէն մէկը կարելի է նկատել Դադիվանքի պատմական համալիրին «ատրպէյճանականացում»-ը կամ «աղուանականացում»-ը Ատրպէյճանի պետական քարոզչամեքենային կողմէ: Դադիվանքը կը գտնուի Քարվաճառի շրջանին մէջ, նոյեմբեր 9-ի այդ նշանաւոր յայտարարութենէն ետք բաւական անորոշ էր անոր ճակատագիրը, որովհետեւ կրնար ամբողջապէս ատրպէյճանցիներուն յանձնուիլ, բայց հայ եկեղեցւոյ պնդումին շնորհիւ այդ վանական համալիրին տարածքը անցաւ ռուսական խաղաղապահ զօրքերու վերահսկողութեան տակ: Այս կարգադրութեան շնորհիւ է գլխաւորաբար, որ հայ հոգեւորականներ կը շարունակեն մինչեւ հիմա մնալ վանքին մէջ, կը կատարեն հոգեւոր արարողութիւնները եւ իրենց ծառայութիւնը եւ այլն: Բայց այս բոլորը նաեւ արգելք չհանդիսացան երբեք, որ ատրպէյճանական կողմը շարունակէ իր սադրանքները եւ ոտնձգութիւնները: Այսպէս, հազիւ Քարվաճառի ամբողջ շրջանը անցաւ ատրպէյճանական լուծին տակ, Դադիվանքի համար Ատրպէյճանի պետութեան կողմէ նշանակուեցաւ ուտի համայնքին կողմէ «վանահայր» մը, նոյնիսկ ուտի-աղուանական համայնքէն հոգեւորականներ եկան վանք եւ փորձեցին ինչ որ հոգեւոր արարողութիւն կատարել…
Կարելի չէ որեւէ բառով բնութագրել հայկական Շուշիի պատմամշակութային յուշարձաններուն վերաբերեալ ատրպէյճանական վարուելակերպը: Օրինակի համար Շուշիի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին, որ յայտնի է նաեւ իբրեւ Կանաչ ժամ եկեղեցի անունով, 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին մասամբ քանդուած էր, բայց հետագայ լուսանկարներ եւ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուին, որ եկեղեցիին վերին հատուածը ամբողջութեամբ գետնին հաւասար դարձուած է, իսկ մնացեալ հատուածին մէջ, թէ՛ գմբէթը եւ թէ՛ զանգակատունը վերցուած են:
Վանտալիզմի ցայտուն օրինակ է նաեւ մասնաւորաբար Շուշիի յայտնի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ հետ կատարուածը: 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին ենթարկուեցաւ ծանր ռմբակոծումի՝ Ատրպէյճանի կողմէ: Բարբարոսութեան այս արարքը մղած էր, որ միջազգային իրաւապաշտպան «Հիումըն Ռայթց Ուոչ» կազմակերպութիւնը եկեղեցւոյ ռմբակոծումը նկատէ հաւանական պատերազմական յանցագործութիւն: Շուշիի յանձնումէն կարճ ժամանակ ետք ատրպէյճանական կողմը ձեռնարկեց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ «վերանորոգում»-ին, այնպէս մը, որ ստանայ իր «սկբնական տեսք»-ը, ինչպէս որ էր 1920-ին, այսինքն՝ առանց գմբէթի: Բայց բոլոր պատմական տուեալները եւ լուսանկարները ցոյց կու տան, որ 1920-ին, նախքան Շուշիի հայոց յայտնի ջարդերը եւ քաղաքի հայկական մասին քանդումը, Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին ունեցած է գմբէթ:
Յայտնենք, որ անցեալ տարի Արցախի մշակութային ժառանգութեան պարզած վիճակը եւ անոր կրած փոփոխութիւնները մնայուն դիտարկումի ենթարկելու համար ստեղծուած է «Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում» ծրագիրը, որուն համաձայն ալ նախորդ տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ ոչնչացուած են շուրջ 90 հայկական պատմամշակութային յուշարձաններ: Սեպտեմբեր 27 2021-ին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը դատապարտեց պատերազմի ընթացքին եւ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի կողմէ հայկական պատմամշակութային կոթողներուն դիտաւորեալ կերպով վնաս հասցնելը եւ «աղուանացում»-ը: Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած արցախեան հողերուն մէջ գտնուող հայկական յուշարձաններու պահպանման ի նպաստ բազմիցս կեցուածքներ արտայայտած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Զուտ հայկական մակարդակի վրայ, բացի պետական մակարդակով եղած յայտարարութիւններէն, Յունիս 1 2021-ին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը հայկական պատմամշակութային յուշարձաններու ճակատագիրին հարցը զօրաւոր կերպով յառաջ մղեց հետեւեալ միջազգային կազմակերպութիւններուն ուղղուած կոչով. UNESCO, ICOMOS, Global Heritage Fund, World Monuments Fund, ICCROM, Europa Nostra, Blueshield International, Getty Conservation Institude, International Council on Archives, International Federation of Library Associations and Institutions, International Council of Museums:
Իբրեւ եզրակացութիւն կրնանք նշել, որ այս հարցը՝ Ատրպէյճանի բռնագրաւման տակ մնացած հայկական պատմաճարտարապետական յուշարձաններու պահպանման հարցը կու գայ իր տեղը գրաւելու, այլ հարցերու կարգին, հայկական ուսանողական, երիտասարդական, մշակութային, կնոջական, քաղաքական, ազգային եւ այլ բնոյթի կազմակերպութիւններու պայքարի օրակարգերուն մէջ, մանաւանդ որ այս հարցը ուղղակիօրէն կապ ունի նաեւ Ատրպէյճանի պետութեան կիրարկած հայատեացութեան քաղաքականութեան հետ:
yerakouyn.com/2022/02/04/արցախեան-վերջին-պատերազմի-ամէնէն-ցաւ/





