25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.
Յունուար 25-ի այս օրը, 95 տարի առաջ, Լենինի Կարմիր Ռուսաստանին անձնատուր եղած եւ Պոլշեւիկեան Յեղկոմի ամբողջատիրութեան տակ ինկած՝ Հայաստանն ու հայութիւնըապրեցան մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն դառն ու ամօթալի օրերէն մէկը։
Յունուար 1921-ի այս օրը, Հայոց Ազգային Բանակին ամբողջ սպայակազմը, սպարապետ Զօր. Թովմաս Նազարբէկեանիգլխաւորութեամբ՝ 1200 սպաներով շարասիւն կազմած, ձիւն-ձմրան եւ հետիոտն, պոլշեւիկներու նորանշանակ Յեղկոմին կողմէ աքսորուեցաւ դէպի Ռուսաստանի խորերը։
Հայադաւութեան ու հայրենադաւութեան այդ ազգային-քաղաքական ոճիրըինչպէս օրին, այնպէս ալ մինչեւ այսօր, ամօթի խարանի պէս անջնջելի կըմնայ հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներու ազգային յիշողութեանմէջ։
Ազգային պատկանելութեան եւ ներշնչումի տարրական ապրումը ունեցողհայկական իշխանութիւն մը ինչպէ՞ս կրնար ընդունակ դառնալ սեփական բանակը գլխատելու նման յանցագործութեան…
Այո՛, հայոց արդի պատմութեան 25 Յունուար 1921-ի այդ սեւ էջը մոռացումիեւ անտեսումի կը մատնեն բոլոր անոնք, որոնք ամենայն հանգստութեամբ կ՚ընդունին այսօրուան՝ 25-ամեայ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնական այն օրէնքը, որ «Երկրորդ Հանրապետութիւն» կ՚անուանակոչէ խորհրդային ամբողջատիրութեան ապազգային, երբեմն նաեւ հակահայ ճնշումներու 70-ամեակը… Խորհրդային Հայաստանի Սոցիալիստական Հանրապետութեան իբր թէ «բնական» եւ «հարազատ» միջանկեալ օղակըհռչակելով Հայաստանի Հանրապետութեան՝ տապալածին թէ վերանկախացեալին։
Նախ՝ երեւակայեցէք եօթը դարերու գերութենէն ետք իր անկախութիւնընուաճած հայ ժողովուրդը։ Պատկերացուցէք նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ ազգային պետականութեան իր կռուանները հիմնադրելուսխրանքով եւ «անձեւ քաոս»էն, սուգի ու սովի, արեան ու մաքառումի օրհասական պայմաններէն Րաֆֆիներու եւ Դանիէլ Վարուժաններու կանխատեսած «խենթի երազ»ն ու «վարդահեղեղ արշալոյսներ»ը իրագործելու երկունքով։
Ապա՝ մտաբերեցէք, զուգահեռաբար, Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութեանց փլատակներուն վրայ ահագնացող մոլեռանդութեան եւ այլամերժութեան նորանուն խորշակները՝ պոլշեւիկեան եւ քեմալական կատաղութեանբորբոքումները… որոնց կայսերապետական եւ դաւանամոլական գրոհներուն խանգարման կամ խոչընդոտման պատուար նկատուեցան Հայաստանն ուհայ ժողովուրդը։
Հայոց պատմութեան 1920-1921 թուականներու ազգային-պետական եւ աշխարհաքաղաքական վերիվայրումներու այդ պաստառին վրայ, ազգադաւութենէն տարբեր ի՞նչ գնահատական կարելի է տալ մեր Ազգային Բանակիսպայական անձնակազմին՝ սպարապետ զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանիգլխաւորութեամբ 1200 հայ բարձրաստիճան սպաներու զինաթափումին, ձերբակալումին եւ հետիոտն աքսորին դէպի Ռուսաստանի խորերը։
«Հայու ճակտին ամօթի խարան»էն տարբեր ի՞նչ գնահատական կարելի էտալ նման քայլի։
Ուրիշ ի՞նչ գնահատական կրնան ստանալ, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ եւսուիններու ուժով, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուածխորհրդայնացումը, Ալեքսանդրապոլի անձնատուական խայտառակ դաշնագիրը, Հանրապետութեան ղեկավար գործիչներու չեկայական բանտարկումը եւ «մաքրագործում»ը ու, իբրեւ փշէ դափնեպսակը այդ ամէնուն, ՀայոցԲանակի սպայակազմին անարգ աքսորը։
Գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, կամայ թէ ակամայ, Քրեմլէն թէ Անգարայէն կամ հաւասարապէս երկու կողմերէն եկած հրահանգներ գործադրելով թէներքին՝ սեփական ի՜նչ-ի՜նչ բարդոյթներու բաւարարութիւն տալու հիւանդագին մտայնութեամբ, թուրք ու թաթար պոլշեւիկներու հետ եղբայրացած՝ հայպոլշեւիկ «յեղափոխական»ները, փաստօրէն, դիմեցին հայ ազգային պետականութեան ողնասիւնը գլխատելու իրենց աններելի քայլին, որուն ահաւոր բարձրակէտը պիտի հանդիսանար, հետագային, հայ մտքի ու տաղանդի ուղղակի ֆիզիքական մաքրագործումը 1936-1937-ականներուն…
Պատմութեան անիւը շրջուած է այսօր եւ վերանկախացեալ ՀայաստանիԱզգային Բանակը իր հայեացքը ուղղած է հայոց պատմութեան մօտաւոր թէհեռաւոր անցեալի հերոսական էջերուն՝ գերագոյն անձնուիրութեամբ Հայաստանի ու հայութեան յաղթական ուղին նուաճած արի այրերուն՝
– Որպէսզի Հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան իր սրբազնագոյն առաքելութեան մէջ, մերօրեայ հայ զինուորը պատանդ չմնայ հայու ճակտին խարանուած ամօթի մղձաւանջին։
– Որպէսզի մեր պատմութեան տխուր օրերէն մէկը պոլշեւիկներու կողմէ անարգ աքսորի դատապարտուած ԴՐՕներու եւ Նազարբէկեաններու ռազմահայրենասիրական սխրանքները ներշնչման, գօտեպնդման ու հպարտութեանաղբիւր դառնան մեր նորահաս սերունդներուն համար։
Որպէսզի մէկանգամընդմիշտ փակուի հայանուն իշխանութեանց կողմէ սեփական ժողովուրդին ու անոր սերուցքին դէմ հալածանք ծաւալելու եւ ազգային հերոսներ գլխատելու ամօթալի էջը։
Եւ իրաւամբ ազգային հերոս էր զօրավար Թովմաս Նազարբէկեան՝ բառինամէնէն պարզ ու դասական նշանակութեամբ, այլեւ խորիմաստ ու հպարտութիւն ներշնչող հնչեղութեամբ։
4 Օգոստոս 1855-ին Թիֆլիս ծնած՝ հարուստ ընտանիքի զաւակ այս հայորդինընդհանրապէս ռուսական շրջանակի մէջ կազմաւորուած էր, զինուորականի իր կրթութեամբ ցարական բանակի ծնունդ էր եւ ռազմական իր քաջագործութիւններուն կրակի մկրտութիւնը ստացած էր 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին։ Բայց յատկապէս 1904-ի ռուս-ճափոնական պատերազմին գնդապետի աստիճանով իր մասնակցութեամբ է, որ հայազգի այս զինուորականին հերոսական սխրանքները մեծ հռչակ ապահովեցին անոր եւ արժանացուցին Ցարական բանակի հրամանատարութեան ոսկեայ սուրի պարգեւին։
1903-1905 թուականները նաեւ Ցարական Ռուսաստանի հակահայ ոտնձգութիւններու ժամանակաշրջան էր։ Հայ եկեղեցապատկան կալուածներուբռնագրաւման փորձով իր գագաթնակէտին հասած՝ «Հայաստան առանց հայու» կարգախօսով Ցարիզմի ծաւալած հալածանքը իր հակահայ դրսեւորումը ունեցաւ նաեւ ցարական բանակէն ներս, երբ հայ ծագումով բարձրաստիճան զինուորականները հեռու պահուեցան զօրաբաժիններու հրամանատարութեան իրենց նուաճած պաշտօններէն։ Նոյնը պատահեցաւ նաեւ զօր.Նազարբէկեանի պարագային, որ սակայն չհամակերպելով՝ անվարան ներկայացաւ իր գերադասին եւ ներկայացուց ցարական բանակէն իր հրաժարականը՝ խրոխտաբար յայտարարելով, թէ ոչ միայն հայկական ծագում ունի,այլեւ հայ է ու հպարտ է իր հայութեամբ։
Ամբողջ տասը տարի ռուսական բանակէն հեռու մնալէ ետք, 1914-ին, Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, ցարական բանակի վերին հրամանատարութիւնը վերստին ծառայութեան կանչեց զօր. Նազարբէկեանին՝ անորվստահելով Բ. Կովկասեան Հրացանաձիգ Զօրաբաժնի հրամանատարութիւնը։
Վերսկսան հայոց զօրավարին հերոսական քաջագործութեանց շարքը. յատկապէս պատմական Աւարայրի դաշտէն ոչ շատ հեռու Տիլմանի ճակատամարտին՝ զօր. Նազարբէկեան, իր կողքին ունենալով Կամաւորական Առաջին Գունդը հրամանատար հերոս Անդրանիկը, ջախջախիչ պարտութեանմատնեց հարաւէն՝ պարսկական սահմանէն Հայաստանի ուղղութեամբ արշաւող Խալիլ Փաշայի զօրքը։ Զօր. Նազարբէկեան յաղթական մուտք գործեցՊիթլիս, ապա՝ արշաւեց Վանի ուղղութեամբ եւ գնութեան հասաւ Վասպուրականի հայութեան հերոսամարտին։ 1917-ի Հոկտեմբերին տեղի ունեցածպոլշեւիկեան յեղաշրջումէն ետք, երբ Լենինի «տուն դարձ»ի հրահանգին ընդառաջող ռուս զինուորներու դասալքութեամբ քայքայուեցաւ ցարական բանակը, Թիֆլիս հաստատուած Հայ Ազգային Խորհուրդը ցարական բանակին մէջյառաջացուած Հայկական Կորպուսի ընդհանուր հրամանատար կարգեց զօրավար Նազարբէկեանին, որ իր այդ հանգամանքով պատմակշիռ իր ներդումըունեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսական ճակատամարտներուն ղեկավարման մէջ՝ այդ հիման վրայ արժանանալով նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Բանակի Սպարապետի բարձրագոյն պաշտօնին։
Ահա այսպիսի՛ տարողութեամբ Ազգային Հերոսին եւ անոր հրամանատարութեամբ գործած Հայկական Բանակի սպայակոյտին դէմ էր ուղղուած հայպոլշեւիկներու անարգ քայլը՝ հայ ժողովուրդին հպարտութիւնը կազմող հերոսները աքսորելով դէպի Ռուսաստանի խորերը։
Ահա թէ ինչո՛ւ միշտ կը յիշենք եւ կը յիշեցնենք մեր սերունդներուն, որ հայոցնորագոյն պատմութեան տխուր օրերէն մէկը, պոլշեւիկներու ձեռամբ, անարգ աքսորի դատապարտուեցաւ հայոց նորակազմ բանակին ամբողջսպայակազմը՝
– Որպէսզի ազատ ու անկախ Հայաստան կերտած հայ զինուորներու ղեկավարութեան մարմնաւորած ռազմահայրենասիրական սխրանքները ներշնչման, գօտեպնդման ու հպարտութեան աղբիւր դառնան նորահաս սերունդներուն համար։
– Որպէսզի ոչ մէկ պարագայի կրկնուի հայաանուն իշխանութեանց կողմէ սեփական ժողովուրդին ու անոր սերուցքին դէմ հալածանք ծաւալելու եւ ազգային հերոսներ գլխատելու ազգադաւութիւնը։
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com