Ռուս Ռազմավարական Գործընկերոջ Համար «Կանխատեսելի Ըլլալու» Զարմանալի Նախանձախնդրութիւնը Բացարձակ Կախուածութեան Պայմաններուն Մէջ. Խ.Տէր Ղուկասեան
07 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Հոկտեմբեր 2021-ի սկիզբը իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) երկրորդ Նախագահ, «Հայաստան» Դաշինքի ղեկավար և ընդդիմութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ Ռոպերթ Քոչարեան Ռուսիոյ հետ «ընդհանուր պետութեան» այլընտրանքը «մտածելու բան է» ըսաւ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին:
Սան Փեթերսպուրկի մէջ ՀՀ նախկին հիւպատոս, ՀՀ արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար, Հրայր Կարապետեան Իրաւունք թերթի 4 Փետրուարի համարին մէջ Իլոնա Ազարեանի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կարծիք կը յայտնէ, որ «ՌԴ-ին [Ռուսական Դաշնութեան] աւելի շատ ձեռնտու է, որ ՀՀ-ն, որպէս սուվերեն երկիր լինի իր դաշնակիցը այս կամ այն պայմանագրի ձեւով», քան մաս կազմէ ՌԴ-Պելառուս «միութենական պետութեան» -ըստ լրագրողուհիի հարցումին մէջ ձևակերպումին:
Ոչ ոք, բացի թերևս Ազգային Ժողովրդավար Բևեռի նման ծայրայեղօրէն հակառուս, փրօ-Արևմտեան քաղաքական ուժեր, կամ նման դերակատարութիւն ստանձնած անձնաւորութիւններ թէ խմբաւորումներ, կրնայ դէմ ըլլալ գերիշխան Հայաստանի և Ռուսիոյ միջև կնքուած միջ-պետական համաձայնագրերով ռազմավարական դաշինքին, ինչպէս Հայաստանի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը կը թելադրէ: Թուղթի վրայ այդպէս է: Միևնոյն ժամանակ սակայն Հրայր Կարապետեանի ըսածը լաւագոյն պարագային բաղձանք է, որովհետև Մոսկուա երբեք Հայաստանին չէ նայած որպէս համահաւասար ռազմավարական գործընկեր, այլ՝ իր վերապրումին համար իրմէ կախուած Եւրասիոյ Կովկասեան ծայրամասի մէկ փոքր երկիր:
Թէ այս ռազմավարական գործընկերութիւնը կրնար փոխ-շահաւէտութեան և առաւել թէ նուազ փոխ-կախուածութեան վրայ հիմնուած ըլլալ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն անմիջապէս յետոյ երբ Հայաստանը Կովկասի մէջ եղաւ միակ երկիրը որ առաջին օրէն մաս կազմեց Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)՝ մի գուցէ: Բայց իրողութիւնն այն է որ անցնող երեսուն տարիներուն, իրերայաջորդ ՀՀ իշխանութիւնները չյաջողեցան Մոսկուային ընկալելի դարձնել ՌԴ-ի անվտանգութեան համար Հայաստանի եզակիութիւնը Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ, և ստեղծեցին կախուածութեան իրավիճակ չորս հիմնական պատճառով:
Առաջին, Հայաստանի մէջ տնտեսական անցումը նուիրականացուց դրամատիրութեան օլիկարգային բնորդը համանման և համաշունչ ռուսականին ի դէմս հայկական մեծ կապիտալի շահադիտական մեծ կապուածութեան ռուսական շուկայի և ֆինանսներու, կամ ռուսական մեծ կապիտալի, հետ:
Երկրորդ, քանի որ Հայաստանի մէջ տնտեսական անցումը տեղի ունեցաւ «շոքային» տարբերակով և առանց ռազմավարական մօտեցումի, Հայաստանի ուժանիւթային միակ մատակարարումը մնաց ռուսական վերահսկողութեան տակ:
Երրորդ, ազատագրուած շրջաններու տնտեսական կենսական կարևորութիւնը երբեք չեղաւ կիզակէտային պետական քաղաքականութեան համար ե՛ւ որովհետև յստակ պատկերացում չկար այդ շրջաններու ճակատագրին համար, ե՛ւ, մանաւանդ, օլիկարգային դրամատիրութեան յատուկ եռակի կեդրոնացումը՝ աշխարհագրական, իշխանական և հատուածային/դասակարգային թոյլ չտուաւ ոչ հարստութեան աւելի արդար բաժանումին որպէսզի այն հասներ լայն զանգուածներուն, ոչ ալ տնտեսական ապակեդրոնացեալ և ռազմավարականօրէն հեռանկարային ծրագրումին: Հայաստանի սննդային անվտանգութիւնը, ջրային աղբիւրներու կարիքն ու նշանակութիւնը ուժանիւթի արտադրութեան համար և ազատագրուած շրջաններու բնակեցումը մնացին լաւագոյն պարագային կազմակերպութիւններու և անհատներու, որոնք և, պարզ է, իրենց քայլերուն ռիսկը նախատեսած էին -կամ ալ պարզապէս վստահած սթաթուս քուօ-ի յարատևման քանի այդ էր պետական քաղաքականութիւնը:
Չորրորդ, հայկական բանակի զինամատակարարում ու ռազմական արհեստագիտութիւնը մնացին բացառապէս ռուսական: Ընդ որում, մինչև օրս ալ յայտնի չէ թէ ինչ պայմաններով գնուած են Իսկանդարները, որոնք այնքան հպարտութեամբ ցուցադրուեցան Վեցօրեայ Պատերազմին յաջորդ տարուայ ՀՀ Անկախութեան Տօնի զինուորական տողանցքին բայց չարձակուեցան Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին, կամ ՍՈՒ-30 ուր Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երջանիկ-երջանիկ նկարուեցաւ և յայտարարեց որ Հայաստանի օդային տարածքը պաշտպանուած է աւելի քան երբեք առանց պահ մը անդրադառնալու որ ինչպէ՞ս կարելի է առանց զէնքի ու զինամթերքի ռազմական օդանաւներով օդային տարածք պաշտպանել:
Հինգերորդ, Հայաստանի աշխատաւոր զանգուածին մեծ մասին համար Ռուսիա «խոպան» երթալը վերածուեցաւ տնտեսական վերապրումի միակ միջոցին: 2008-ի համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամէն յետոյ երբ Հայաստանի տնտեսութիւնն ալ անկում արձանագրեց հակառակ օրին նէօլիպերալ կուրուներու հաւաստիացումներուն, արդէն Ռուսիան վերածուեցաւ արտագաղթի գլխաւոր վայրի, նաև որովհետև Մոսկուա արտագաղթը, կամ ներգաղթը իրեն համար, բացայայտօրէն քաջալերեց Հայաստանի ամբողջ տարածքին:
Անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին, Մոսկուա առիթ չփախցուց ՀՀ իշխանութիւններուն վրայ ճնշում բանեցնելու ամէն անգամ որ լուրջ փորձ մը կ’ըլլար անկախ երկրի մը գերիշխանութիւնը գործնականօրէն արժևորելու: Օրինակներէն մէկը Քոչարեանին փորձն էր Իրանէն բնական կազ բերելու և Մոսկուայի պարտադրանքը որ այդ մէկը այլընտրանք չնշանակէ անպայմանօրէն: Միւսը Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան հայկական դիւանագիտութեան նախաձեռնութիւնն էր՝ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) հետ Արևելեան Գործընկերութեան Համաձայնագրի ստորագրութեան, որուն առաջին տարբերակէն Մոսկուա ստիպեց հրաժարիլ այն ընդվզեցուցիչ վարկաբեկումի ճամբով որ եղաւ Սեպտեմբեր 2013-ին երբ Փութին ՀՀ Նախագահին իր մօտ կանչեց և Սարգսեան ԵՄ հետ համաձայնագիրը չեղեալ յայտարարեց Մոսկուայէն: Եւ պէտք չէ մոռնալ ռուսական զինուորական խարիսխին աւելի քան չորս տասնամեակով «հիւրընկալումը» որ օրին Ազգային Ժողովի մէջ մեծամասնական Հանրապետականները անցուցին առանց լսելու Վահան Յովհաննիսեանին որ կ’ընդվզէր, թէ ինչպէս կարելի է այդպէս դիւրին նման քայլի մը երթալ:
Ապրիլ 2018-ին իշխանութեան հասնելով այսպէս կոչուած Թաւշեայ Յեղափոխականները ամէն ինչ ըրին այդ կախուածութիւնը խորացնելու և բացարձականացնելու համար: Նախ իրենց ապիկարութեան պատճառով: Կառավարութեան կազմին մէջ հակառուսական ցոյցերու և Փութինի դէմ ցուցատախտակներ պարզողներու ներգրաւումը որպէս շնորհակալութիւն իրենց հերոսութեան թէ գերիշխանութեան յիմար փաստարկում կրնար հաճելի չթուալ Քրեմլինին: Բայց այդ մանրուկները չէին որ Փութինի կառավարութեան այնքան պիտի մտահոգէին: ՀԱՊԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի դէմ դատական գործն ու արգելակման փորձը սակայն Մոսկուային համար անընդունելի քայլեր էին, ինչպէս օրին, ըստ բացայայտուած ձայնագրութիւններու, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) այն ատենուայ պետ Արթուր Վանեցեանի Փաշինեանին կատարած ուղղակի փոխանցումներուն:
Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին պարտութիւնը Հայաստանի կախուածութիւնը ՌԴ-էն բացարձակացուց: Առաւելի՝ Նիկոլ Փաշինեանի վերընտրութեամբ: Ոչ թէ որովհետև եթէ չընտրուէր ուրիշ մէկը շատ աւելի կարող պիտի ըլլար գերիշխան գործելու -թէկուզ և այդ անձը Քոչարեանը ինքն ըլլար: Այլ՝ Փաշինեանը ինք լաւ գիտէ որ իշխանութեան վրայ մնալու իր միակ արտաքին երաշխիքը Մոսկուայի նեցուկն է, պարզ այն պատճառով որ որպէս պարտեալ, որպէս Ալիևի կողմէ ծաղրի ու ծանաքի ենթարկուած ղեկավար, ինք լաւագոյն կամակատարն է Ռուսիոյ քաղաքականութեան: Հայաստանի կախուածութեան լաւագոյն փաստը միթէ՞ չէ Ուաշինկթընի նման կարևորագոյն մայրաքաղաքի մը մէջի ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը վստահուի ամենէն անկարևոր քաղաքական դէմքերէն մէկուն: Ուաշինկթընի մէջ, գոնէ վերջին երկու տասնամեակներուն գործուղղուած են փորձառու դիւանագէտներ:
Երբ Փաշինեանական Հայաստանի այս բացարձակ կախուածութիւնը Ռուսիայէն յստակ է օրուայ իշխանութիւններու ամէն խօսածի և ըրածի մէջ, ի՞նչ իմաստ ունի ՌԴ-ի հետ ռազմավարական յարաբերութիւնները պայմանաւորել Մոսկուայի համար ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան «կանխատեսելիութեամբ»: Կախուածութեան պայմաններու մէջ «կանխատեսելիութիւնը» ինքնստինքեան առկայ է որովհետև կախեալ պետական կառոյցը իրեն թելադրուածէն տարբեր բան մը պարզապէս չի կրնար ընել: Թէ «սկզբունքայնութիւն» չկայ սկզբունքով բախտախնդիրներու իշխանութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ հասկնալի է: Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «սկզբունքայնութիւն» կախուածութեան պայմաններու մէջ եթէ ոչ… յաւելեալ կախուածութիւն -եթէ նման բան կարելի է:
Թէև Կարապետեան կը կարծէ թէ ՌԴ կը նախընտրէ «սուվերեն» Հայաստան մը, բայց կարծես այնքան ալ սկզբունքային կերպով դէմ չէ «միութենական պետութեան» գաղափարին: Լրագրողուհիի այն նկատողութեան որ Հայաստանի մէջ առաջացած է «Ուժեղ Հայաստան Ռուսաստանի հետ. հանուն նոր Միութեան» շարժում մը, որ Ազգային Ժողովրդավարներու հակառակ բևեռը ըլլալու է…, կը պատասխանէ. «նախ ասեմ , որ դրական եմ վերաբերւում բոլոր այն նախաձեռնութիւններին, որոնք միտուած են նոր մակարդակի հասցնել հայ-ռուսական ռազմավարական համագործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական, ռազմական և այլ ուղղութիւններով։ Այդ համագործակցութեանը նոր որակ հաղորդելը մեզ համար օրուայ հրամայական է։» Կը մնայ հարց տալ թէ այս մակարդակի կախուածութենէն յետոյ գործնական իմաստով ի՞նչ կրնայ նշանակել «հայ-ռուսական համագործակցութեան նոր մակարդակը», ի՞նչ բնոյթի կրնայ ըլլալ անոր «նոր որակը» և ո՞րն է այդ ուղղութեամբ «օրուայ հրամայական»ին կոնկրետ քայլը, եթէ ոչ «միութենական պետութիւն»ը:
Կարապետեանի պատասխանին յաջորդ բաժինը կը հաստատէ ոչ միայն «միութենական պետութեան» այլընտրանքին «մտածելու բան» ըլլալը, ինչպէս Քոչարեան ըսած էր անցեալ տարուայ Հիկտեմբերին, այլ Հայաստանի ՌԴ-էն բացարձակ կախուածութեան անտեսումը. «… մենք համարում ենք, որ ՌԴ-ն ՀՀ-ի միակ ռազմավարական դաշնակիցն է։ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքում էլ մենք ականատես եղանք, որ բացառապէս ՌԴ-ի անմիջական ջանքերի շնորհիւ կանխուեց ողբերգական պատերազմը եւ այն տարածքները Արցախում, որ մենք պահպանեցինք կրկին ի շնորհիւ ՌԴ խաղաղապահների է։ Եւ, այո, ես կողմնակից եմ, որ մենք ՌԴ-ի հետ պէտք է էլ աւելի ամրապնդենք մեր կապերը, մենք ԵՏՄ անդամ ենք, իսկ դա նշանակում է, որ ռուսական դաշտում ունենք համագործակցութեան փայլուն հեռանկարներ թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ամենաբազմաշերտ ոլորտներում։»
Հասկնալի է որ Կարապետեան, և ընդհանրապէս ՀՀ քաղաքական վերնախաւը, Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին ՌԴ-ի կեցուածքը պիտի ուզէ տեսնել որպէս բաժակի լեցուն բաժինը: Այնքան ալ այլընտրանք չունի: Այդ չի՛ նշանակեր որ պէտք չէ տեսնել նաե՛ւ բաժակին դատարկ բաժինը. այն որ ՌԴ-ը ըստ երևոյթին ոչ միայն չկանխազգուշացուց Կովկասի մէջ իր միակ ռազմավարական գործընկերոջ պատերազմի մասին, ոչ միայն նախաձեռնութիւնը չառաւ անոր առաջքը առնելու, այլ պատերազմին չէզոք միջնորդի դիրք բռնելով փաստօրէն թոյլ տուաւ պարտութիւնը և իր ռազմավարական գործընկերոջ կտրուկ տկարացումը: Առանց տակաւին նշելու որ ճանապարհ հարթեց թրքական ռազմական դէտերու ներկայութեան Կիվկասի մէջ և ներկայիս կը հովանաւորէ հայ-թրքական բանակցութիւնները: Դառն իրականութիւնը այն է որ հակասութիւն չկայ ռուսական քաղաքականութեան մէջ. փաստ է այն վտանգաւոր կախութեան իրավիճակին ուր յայտնուած է Հայաստանը: Բայց այդ մէկը Մոսկուայի խնդիրը չէ քանի իր շահերն է որ առաջ կը տանի: Հայաստանի և հայութեան խնդիրն է: Եթէ ուզէ տեսնել:
Այս չի նշանակեր մեր բաղդը լալ, կամ (Ազգային Ժողովրդավար) Բևեռանալ և անիմաստ հակառուսական բեմադրութիւններով և կամ ալ «գունաւոր յեղափոխութիւն»ներու ֆոլքլորով հանդէս գալ: Կը նշանակէ անկախ պետութեան գերիշխանութեան իմաստը վերարժևորել գիտակցելով որ անոր համար ՀՀ որևէ իշխանութիւն չունի այլընտրանք բացի կախուածութեան պայմաններու խոհեմ բարեփոխումը, որուն համար ալ կայ երկու լծակ. ՀՀ դիւանագէտները, և խօսքը կը վերաբերի ասպարէզով դիւանագէտներուն, փորձառու և հայրենասէր անձանց, ոչ անցեալին նշանակուած օլիկարգ ու մարզիկ թէ եսիմ ինչ անձնաւորութիւններուն, ոչ ալ այսօրուայ Փաշինեանական արդէն գունաթափ Թաւշեայ շրջանակի հաւատարիմներուն և խնամի-ծանօթ-բարեկամներուն: Անոր համար ալ գոնէ Դաշնակցական քաղաքական մտածողութիւնը և խօսոյթը պիտի գտնէ իր բառապաշարն ու հրապարակային բանաձևումներուն այն ոճը, որ Սփիւռքի մէջ իր համահայկական զօրաշարժի ատակ կազմակերպութեան գործօնի դերը կը յստակացնէ և կ’արժևորէ որպէս անկախ պետութեան գերիշխանութեան արժէքին յանձնառու ուժ:
yerakouyn.com/2022/02/07/ռուս-ռազմավարական-գործընկերոջ-համար/