Մրցակիցս Ազրպէյճանցի Էր, եւ Պէտք Է Յաղթէի. Դաւիթ Յովսէփեան

ԿԱՐՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ – ՍՊԻՏԱԿ ԱՐՋԸ – ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է – ԻՄ ԵՐԿԻՐԸ

Մրցակիցս Ազրպէյճանցի Էր, եւ Պէտք Է Յաղթէի. Դաւիթ Յովսէփեան

07 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՄԱՐԶԱԿԱՆ:

Մեծ դժուարութեամբ դարձած եմ ՀՀ, այնուհետեւ Եւրոպայի ախոյեան, քանի որ 44-օրեայ պատերազմի մասնակից էի, ժամկէտային զինծառայող։ Այս մասին՝ «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է 2021թ. Մայիսին Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքին մէջ կայացած սամպոյի Եւրոպայի առաջնութեան ախոյեան Դաւիթ Յովսէփեան:

«Եւրոպայի առաջնութեան ժամանակ ունեցած եմ երեք յաղթանակ, հասած եմ եզրափակիչ: Չորրորդ մրցակիցս ազրպէյճանցի էր: Ազրպէյճանցիները մեծ խումբով եկած էին «Շուշա» գրութեամբ շապիկներով, երգերով: Իմ մրցակցիս եղբայրը Շուշի «սատկած» էր ու ան որոշած էր յաղթել զիս ու այդ շապիկով կանգնիլ պատուոյ պատուանդանին: Այդ ամէն ինչը գիտնալով՝ աւելի պարտաւորուած զգացած եմ յաղթելու, ու յաղթած եմ»,- նշած է երիտասարդ մարզիկը:

Ան շատ մասնակցած է Եւրոպայի, աշխարհի առաջնութիւններու եւ ազրպէյճանցի մրցակիցներու ալ յաղթած է: «Նախապէս մեր կողքով գլուխները ցած կ՝անցնէին, բայց պատերազմէն ետք իրենց շատ լկտի կը պահեն, կ՝ուզեն անպայման ընդհարում ընեն: Ճիշդ է, ես Եւրոպայի ախոյեան դառնալու համար գացած եմ, բայց ինծի համար ատիկա երկրորդական դարձաւ, որովհետեւ մրցակիցս ազրպէյճանցի էր եւ պատերազմէն ետք պէտք է յաղթէի: Պատերազմէն ետք Արցախէն առաջին մետալն էր: Ատիկա մեծ պատիւ էր ու պարտաւորուածութիւն»,- ըսած է Դաւիթը:

Ան 2019թ. ամրան զորակոչուած էր, պատերազմին մասնակցած է առաջին օրերէն: «Հադրութի մօտակայքը շատ ընկերներ, հարազատներ կորսնցուցի: Մրցումներու ժամանակ ու հիմա ալ այդ կրակոցները, զոհերը աչքիս առջեւ են: Պիտի կամքի մեծ ուժ ըլլար դարձեալ առաջնութիւններուն մասնակցելու համար, բայց ես իմ մարզիչ Էռնեստ Միրզոյեանի հետ մեծ ճանապարհ անցած եմ հոգեբանօրէն»,- նշած է մարզիկը:

Շուշիի ծնած եւ մեծցած Դաւիթը այնտեղ ձգած է նաեւ իր մետալները, պատուոգիրերը. ներկայիս Ստեփանակերտի մէջ կ՝ապրի տատիկի տան մէջ: Իր խօսքով՝ հիմա աւելի քրտնաջան կը մարզուի՝ այն յոյսով, որ օր մը պիտի յաղթենք եւ Շուշին մերը պիտի ըլլայ։

Մրցակիցս Ազրպէյճանցի Էր, եւ Պէտք Է Յաղթէի. Դաւիթ Յովսէփեան

yerakouyn.com/2022/02/07/մրցակիցս-ազրպէյճանցի-էր-եւ-պէտք-է-յաղթ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail