Հայ ազգի առողջ ու բանականութեան տէր հատուածը, թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ սփիւռք, պէտք է համախմբուինք եւ մեր յստակ դիրքորոշումը արտայայտենք – Արմէն Մարուքեան
«Հայ ազգի առողջ ու բանականութեան տէր հատուածը, թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ սփիւռք, պէտք է համախմբուինք եւ մեր յստակ դիրքորոշումը արտայայտենք, որ այս պահին, այս պայմաններուն ներքոյ, թուրքիայի հետ նման յարաբերութիւններու հաստատումը յղի է շատ ծանր հետեւանքներով: Հետեւաբար, բանակցային գործընթացը այս պահին պէտք է յետաձգել, որովհետեւ այս գործընթացը եթէ յաջողութիւններ ունենայ՝ այդ յաջողութիւնը բացառապէս թուրքիոյ շահերուն կը ծառայէ»:
07 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 –

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ, շահեկան հարցազրոյց, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան ինստիտուտի Հայկական Հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան բաժնի վարիչ, Պատմական Գիտութիւններու Դոկտոր-Փրոֆեսոր՝ Արմէն Մարուքեանի հետ:
Հարցազրոյցին ընթացքին ներկայացուեցան՝
Հայ-թրքական հաշտութեան գործընթացի պատմական հոլովոյթը՝ Հայաստանի վերանկախացումէն մինչեւ 2018 թուական,
Յարաբերութեանց ներկայ հանգրուանը՝ 2018-էն մինչեւ օրերս,
Առանց նախապայմաններու յարաբերութիւննե՞ր թէ նորանոր զիջումներ,
Կարմիր գիծերու շրջանցում՝ Արցախեան հիմնահարց, Հայկական Հարց եւ Ցեղասպանութիւն, Մոսկուայի ու Կարսի պայմանագրեր,
Սիւնիքի միջանցքի խնդիր,
Ակնկալութիւններ եւ սպառնալիքներ,
Սփիւռքահայութեան դերը:
«Հայ-թրքական յարաբերութիւններ կը վերաբերին ամբողջ հայ ազգին, ուրեմն, ամբողջ հայութիւնը պէտք է մասնակից ըլլայ այդ որոշման կայացման, եւ հետեւաբար, Հայաստանի իշխանութիւնները նման յարաբերութիւններու ու զիջումներու պէտք չէ երթան՝ առանց սփիւռքի մասնակցութեան, առանց սփիւռքի կարծիքը լսելու»:
«Եթէ մենք զիջինք Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան իրաւունքը, ապա կը նշանակէ մենք ջնջած կ’ըլլանք մեր ինքնութիւնը, ազգային տեսակն ու պետականութիւնը»:
«Հայ ազգի առողջ ու բանականութեան տէր հատուածը, թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ սփիւռք, պէտք է համախմբուինք եւ մեր յստակ դիրքորոշումը արտայայտենք, որ այս պահին, այս պայմաններուն ներքոյ, թուրքիայի հետ նման յարաբերութիւններու հաստատումը յղի է շատ ծանր հետեւանքներով: Հետեւաբար, բանակցային գործընթացը այս պահին պէտք է յետաձգել, որովհետեւ այս գործընթացը եթէ յաջողութիւններ ունենայ՝ այդ յաջողութիւնը բացառապէս թուրքիոյ շահերուն կը ծառայէ»:
horizonweekly.ca/en/հայ-ազգի-առողջ-ու-բանականութեան-տէր-հ/