Ակնարկ. Ներազրպէյճանական «Բաղաձայներ
Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան կը գրէ.
September 7, 2015
Ազրպէյճանի կողմէ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Ազրպէյճան պետական սահմանագօտիին եւ թէ՛ Արցախ – Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ իրականացուած յարձակողապաշտութիւնը պէտք է փորձել դիտարկել ներկայ պահու թելադրած քաղաքական շրջագիծերուն մէջ` ընդհանուր միտումները կարելիի սահմաններուն մէջ կարենալ ընկալելու համար:
Նախքան դէպքերու թէժացումը, Թուրքիոյ վարչապետի պաշտօնակատարը կը յայտարարէր, որ Ազրպէյճանի սահմաններուն պաշտպանութիւնը Թուրքիոյ գերակայ առաջադրանքներէն է: Նման յայտարարութիւն, անվերապահ զօրակցութիւն յայտնելէ առաջ դիպաշարին հետեւողներուն ենթագիտակցութեան մէջ կ՛ուզէ տեղաւորել հետեւեալ տրամաբանութիւնը: Ազրպէյճանի սահմանները վտանգուած են. վտանգողը հայկական կողմն է: Այլ խօսքով, յարձակողապաշտը կամ ոտնձգութիւն նախաձեռնողը Հայաստանի Հանրապետութիւն – Արցախն է: Որուն դիմաց Անգարան պատրաստ է սատար կանգնելու իր կրտսեր եղբօր:
Բնականաբար ո՛չ ընտրուած ժամանակը եւ ո՛չ ալ անուղղակի ուղերձ փոխանցելու Անգարայի վարիչին այս յայտարարութիւնը պատահական են: Այս յայտարարութիւնը խորքին մէջ նախապատրաստութիւնն էր այն յարձակողապաշտութեան, որուն պիտի դիմէր Պաքուն հիմնական ճակատային երկու ուղղութեամբ:
Ազրպէյճանական քարոզչամեքենան անշուշտ պիտի լծուէր Անգարայի բեմադրութեան: Կանաչ լոյսը նման հրահրիչ գործողութիւններու ձեռնարկելու կու գար Անգարայէն: Հետապնդուածը ի՞նչ էր ըստ էութեան: Բոլոր նախադրեալները մտածել կու տան, որ լայնածաւալ պատերազմի հաւանականութիւնը այս պահու դրութեամբ գոյութիւն չունի: Առաջադրուածը`
Ա. Կիսապատերազմական մթնոլորտի ստեղծումով միջազգային հանրային կարծիքը համոզել, որ հայկական կողմը կը շարունակէ խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը եւ ձեռնարկել սադրիչ գործողութիւններու: Ասիկա արդէն ազրպէյճանական կողմի դասական մօտեցումն է, որ կը թուի ինքզինք սպառած ըլլալ իբրեւ քարոզչական մարտավարութիւն:
Բ. Ներքին սպառման կարգով, զինուորական գետնի վրայ որեւէ յաջողութիւն ձեռք չձգելով, Արցախի եւ այս պարագային ուղղակիօրէն նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ թշնամական եւ կիսապատերազմական դրութիւնը վառ պահելու հերթական փորձ. թէեւ այս անգամ ընդգծուած տարողունակութեամբ:
Գ. Եթէ առաջին երկու կէտերը համեմատաբար Պաքուի աւանդական վարքագիծի շարժառիթներուն մաս կը կազմեն, ապա երրորդ կէտը ուղղակիօրէն Անգարայի պատուէրը կատարելու դրուածքով կը բացատրուի: Դէպքերը կանխած Տաւութօղլուի յայտարարութիւնը այս կէտը համոզիչ կը դարձնէ: Աւելի խորքային վերլուծում կը պահանջեն Անգարայի կողմէ այս պահուն նման գործողութիւններ իրականացնելու որոշումի բուն դրդապատճառները: Մանաւանդ որ Թուրքիան ներքին խնդիրներու եւ հանգոյցներու դիմաց հետզհետէ աւելի անկիւն առաջնորդուելու ընթացին մէջ կը թուի ըլլալ: Վարկածներէն մէկը` Թուրքիայէն դուրս տագնապներ ստեղծելու եւ միջազգային ուշադրութիւնը այլ երեւոյթներու վրայ կեդրոնացնելու փորձը (Գաղթականներու համաեւրոպական տագնապ, հիմա ալ` տարածաշրջանային նախապատերազմեան իրավիճակ):
Ե. «Շանթ-2015» համապետական ռազմափորձերուն առիթով պատերազմական իրավիճակի խաղարկման համընկնեցնել սահմանային դրութեան սրումը` ներհայկական խուճապային մթնոլորտ ստեղծելու համար: Ասիկա կարճաժամկէտ զուտ քարոզչական եւ պղպջակային արագութեամբ աւարտ ունեցող քարոզչական գործողութիւն է, որ չէ բացառուած Պաքուի կողմէ որդեգրուած ըլլալը:
Զ. Վերջապէս. նոյեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրական առաւելներ շահելու ճիգը, մարդկային իրաւունքներ յարգած չըլլալու Արեւմուտքի կողմէ կատարուած սուր քննադատութիւնները, Հայաստանի Հանրապետութիւն – Ազրպէյճան միջնախագահական ձեւաչափով տեղի ունենալիք հանդիպման նախօրեակին շանթաժ ընելու աւանդական ոճը եւ միջազգային շուկային մէջ քարիւղի գինի անկման պատճառով Պաքուի ներկայացուցած կարեւորութեան կտրուկ նուազումը` հանգամանքներ են, որոնք կրնան ազդած ըլլալ մագլցողականութեան շարժառիթներուն վրայ: Կամ Անգարայի պատուէր կատարելու համապատասխան ենթահող պատրաստած ըլլալ:
Հայկական կողմին արձանագրած զոհերուն եւ վիրաւորներուն դիմաց պատժիչ հակահարուածները եղած են խստութեան առումով անհամաչափ եւ շատ աւելի ցաւոտ: Որեւէ յաջողութիւն հակառակորդը անգամ մը եւս չէ կրցած արձանագրել:
Աւելի՛ն. Պաքուի կողմէ կիրարկուող այս ապարդիւն այլ վտանգաւոր խաղերը յետ հարուածային հետեւանքներ սկսած են ձգել:
Ազրպէյճանական կողմին մէջ ազգային հենքի վրայ հիմնուած ճեղքեր սկսած են երեւալ: Թէ՛ լեզկիները եւ թէ՛ թալիշները գիտակցած են, որ շփման գիծերու վրայ ծառայողները իրենք են եւ ոչ թէ ազգութեամբ թուրք ազրպէյճանցիները: Թէ՛ լեզկիական եւ թէ՛ թալիշական կայքերուն վրայ կոչեր կ՛ըլլան հայ- ազրպէյճանական պատերազմին չէզոք մնալու եւ որեւէ ձեւով չսատարելու ալիեւեան այս ոտնձգութիւններուն: Թալիշները աւելի հեռու կ՛երթան` յայտնելու համար, որ եթէ իրենք պիտի կռուին, ապա միայն անկախ Թալիշիստան ստեղծելու համար պիտի ըլլայ այդ մէկը: Փաստօրէն սկսած են բարձրաձայնուիլ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութենէն դուրս գալու պահանջները: Առիթը` հայերուն դէմ ոչ թուրք ազրպէյճանցիներ շփման գիծ ուղարկելու ալիեւեան ռազմավարքագիծը:
Հայկական կողմի վերահսկած սահմանները կը շարունակեն մնալ անհպելի: Հակառակ պետական սահմանի եւ շփման գիծի ուղղութեամբ Պաքուի ձեռնարկած զինուորական գործողութիւններուն: Դիմացը, սկսած է արծարծուիլ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան խնդրոյ առարկայ ըլլալը:
http://www.aztagdaily.com/
http://www.yerakouyn.com/