Հայ-թրքական Յարաբերութիւններն ու Ազրպէյճանական եւ Ռուսական Գործօնները – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
07 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քանի մը անգամ դիմեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին՝ առաջարկելով երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ «առանց նախապայմաններու» բանակցութիւններու սկսիլ։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու օրին կատարեց յայտարարութիւն մը՝ նշելով, որ Անգարան իր բոլոր քայլերը կը համակարգէ Պաքուի հետ, Թուրքիան սահմանի բացման որոշումը պիտի տայ Ազրպէյճանի հետ համաձայնելէ ետք միայն, Թուրքիան Հայաստանին կ’առաջարկէ՝ Ազրպէյճանի հետ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել, Թուրքիան միջնորդի դեր կը կատարէ այդ պայմանագիրի կնքման, եւ սահմաններուն բացումը կ’առնչուի Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին։
Զաւեշտական ու անլուրջ է Չաւուշօղլուի այն առաջարկը, որ Թուրքիան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ անաչառ միջնորդ ըլլայ, սակայն, նաեւ կը փոխանցէ այն միտքը, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումէն ետք միայն։
Կացութիւնը կը յիշեցնէ 22 Ապրիլ 2009-ին Ցիւրիխի մէջ երկու երկիրներուն միջեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման արձանագրութիւններու ստորագրումն ու անկէ նուազ քան մէկ ամիս ետք՝ 14 մայիս 2009-ին Էրտողանի Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւնը. «Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի լիակատար բռնագրաւումէն ետք դուռերը փակուեցան։ Դուռերը պիտի բացուին միայն այն ժամանակ, երբ ատիկա դադրի, մենք ոչ մէկ քայլ պիտի ընենք մինչեւ այդ հարցին մէջ մեր ազրպէյճանցի եղբայրներուն հետ չհամաձայնինք»։
Այսօր եւս հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գլխաւոր նախապայմանն է։ Էրտողան 13 յունուար 2022-ին ըսաւ. «Մենք Կովկասի մէջ նոր դարաշրջան մուտք գործած ենք։ Ատկէ ետք մենք սկսանք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը։ Որպէսզի ձեռնարկուած քայլերը բերեն ակնկալուող արդիւնքները, Հայաստան պէտք է ճիշդ օգտագործէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութիւնը եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատէ Ազրպէյճանի հետ»։
Էրտողանի այդ յայտարարութենէն մէկ օր ետք՝ 14 յունուարին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը, որուն ընթացքին, ըստ յայտարարութեան, կողմերը համաձայնած են առանց նախապայմաններու շարունակել լիարժէք կարգաւորման վերաբերող բանակցութիւնները։
Պարզ է, որ նախապայմաններ չառաջադրելու մասին յայտարարութիւնը կամ բացայայտ սուտ է, կամ ալ հայկական կողմը ընդունած է թրքական կողմի այն նախապայմանը, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրը կը ստորագրուի Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումէն ետք միայն։ Այդ վերաբերեալ համաձայնութիւնը, սակայն, արգելք չէ, որ երկու երկիրներու կողմէ բարիկամեցողութեան քայլեր առնուին՝ ինչպէս Հայաստանի կողմէ թրքական ապրանքներու վրայ հաստատուած արգելքի ջնջումը եւ երկու երկիրներու միջեւ օդային հաղորդակցութեան վերականգնումը։
Վերոնշեալ սկզբունքին շուրջ գոյացած համաձայնութենէն ետք, կողմերը այժմ կրնան կեդրոնանալ թրքական այլ նախապայմաններու՝ Հայաստանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցէն հրաժարելու եւ Կարսի 1921 թուականի պայմանագիրը ճանչնալու՝ իմա հողային պահանջներէն հրաժարելու քննարկման վրայ՝ սպասելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման։
Այժմ կը հաղորդուի, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24 փետրուարին, Վիեննայի մէջ։
Կարելի չէ բացառել, որ ազրպէյճանական գործօնը դարձեալ տապալէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը։ Համենայնդէպս, յստակ է, որ Հարաւային Կովկասը կը գտնուի աշխարհաքաղաքական անցումային շրջանի մը մէջ։ Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը յառաջ կը մղեն իրենց շահերը, ինչպէս նաեւ «3+3» հարթակի ճամբով շրջանէն դուրս կը մղեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան եւ անոնց կողքին ինքնին ԵԱՀԿ-ը։ Նոյն ատեն միամտութիւն է կարծել, թէ Մոսկուայի մէջ, ինչպէս նաեւ Անգարայի ու Թեհրանի մէջ մոռցած են ռուս-թրքական, ռուս-պարսկական կամ թուրք-պարսկական պատերազմներուն մասին։
Ուշագրաւ է, որ թէ՛ «3+3» հարթակի, թէ՛ ալ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու մեկնարկները տրուեցան Մոսկուայէն։ Վերջինս չյաջողեցաւ Թուրքիան դուրս պահել Հարաւային Կովկասէն, եւ հիմա կը փորձէ հարցերուն վրայ որոշ վերահսկողութիւն պահել, մանաւանդ ի տես Հայաստանի իշխանութիւններուն անձնատուութեան ճամբով «խաղաղութեան դարաշրջան» հաստատելու անհեթեթ վարքագիծին, եւ այն արդար կասկածներուն, որ այդ իշխանութիւններուն հակառուսական կենսագրութեան տէր, 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստորագրուած անձնատուական յայտարարութիւններէն ետք իրենք զիրենք Մոսկուայի մօտ քաղաքական պատանդ ըլլալու անախորժ կացութեան մէջ գտած պաշտօնատարները, ցեղասպան Թուրքիոյ հետ «եղբայրութեան» ճամբով կը փորձեն ձերբազատիլ այդ կարգավիճակէն եւ ընդհանրապէս Հայաստանի վրայ ռուսական քաղաքական ու տնտեսական ազդեցութենէն։
Ռուսիան եւ այլ երկիրներ ողջունեցին հայ-թրքական երկխօսութեան մեկնարկը, սակայն այդ մէկը անպայման չի նշանակեր, որ կը զօրակցին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Իրանը չուզեր թրքական «Զանգեզուրի միջանցք» նախապայմանի իրականացումը։ Ռուսիան եւս կը զօրակցի բանակցութիւններու հոլովոյթին, սակայն ո՛չ անոնց պսակումին, որովհետեւ այդ հոլովոյթին մէջ դրական արդիւնքի պարագային կը չքանայ Գիւմրիի մէջ ռուսական ռազմակայանի գոյութեան դրդապատճառը։
Ռուսիան Ղարաբաղեան Բ. Պատերազմէն ետք, ստիպուած է վերստին ամրապնդել տարածաշրջանին մէջ իր դերը։ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վերջերս յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութեան մը պարագային, Թուրքիան պիտի կատարէ իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ իր պարտաւորութիւնները։ Յայտարարութիւն մը, որ Մոսկուային կը յուշէ Սուրիոյ հարցին մէջ գործակցութեան եւ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման ճամբով Թուրքիան սիրաշահելով զայն ՕԹԱՆ-էն հեռացնելու ռուսական քաղաքականութեան յաջողութեան սահմանափակ բնոյթը։
Ռուսիոյ համար ի վերջոյ պիտի գայ այն պահը, երբ ստիպուած պիտի ըլլայ վերատեսութեան ենթարկել թէ՛ իր հարաւային կովկասեան քաղաքականութիւնը, թէ՛ ալ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները։ Այդ պահը կրնայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման «մօտալուտութեան» պահը ըլլալ, եւ կամ այդ պահը արդէն եկած է, եւ Ռուսիան որոշած է Հարաւային Կովկասի մէջ առկախ հարցերը կարգաւորելով աշխարհաքաղաքական առումով իր անվտանգութեան պաշտպանութեան առաջնակարգ գիծ՝ Հիւսիսային Կովկաս նահանջել։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
horizonweekly.ca/en/հայ-թրքական-յարաբերութիւններն-ու-ազր/