ՆԱՍԱ Կը Զգուշացնէ Երկրագունդին Մօտեցող «Վտանգաւոր Կարողականութեամբ» Երկնաքարէն

Culture - The abandoned Armenian monastery of St. Thomas in Van has been turned into a barn

ՆԱՍԱ Կը Զգուշացնէ Երկրագունդին Մօտեցող «Վտանգաւոր Կարողականութեամբ» Երկնաքարէն

07 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՆԱՍԱ :

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

Մարտին Երկիր մոլորակին պիտի մօտենայ 138971 (2001 ՍԻՊԻ21) անունը ստացած երկնաքարը: «Նիուզուիք» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ երկնաքարին տրամագիծը 1,3 քիլոմեթր է:

ՆԱՍԱ-ի մասնագէտները կը նշեն, որ երկնային մարմինը իր չափով չորս անգամ կը գերազանցէ Էյֆելեան աշտարակը: Կ՛ակնկալուի, որ անիկա մեր մոլորակին կողքէն անցնի 4 մարտին Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Երկնաքարը կը շարժի ժամական շուրջ 43000 քիլոմեթր արագութեամբ:

ՆԱՍԱ զայն կը բնութագրէ իբրեւ «կարողականութեամբ վտանգաւոր»: Երկրագունդին ամէնէն մօտ գտնուելու պահուն երկնաքարի մեր մոլորակէն հեռաւորութիւնը պիտի կազմէ աւելի քան երեք միլիոն մղոն, ինչ որ տասը անգամ աւելի հեռու է, քան Լուսինը:

aztagdaily.com/archives/537490

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail