Միացեալ Նահանգներ Վերսկսած Են Իրանի Քաղաքային Հիւլէական Ծրագիրներուն Դէմ Սահմանափակումներու Ջնջումին
07 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը վերականգնած է Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումը, ինչ որ այդ երկրին պիտի արտօնէ շարունակել միջազգային հիւլէական համագործակցութեան նախագիծերը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան իշխանութիւնները այս որոշումը տուած են, երբ 2015 թուականի հիւլէական գործարքի վերականգնման շուրջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւնները կը թեւակոխեն վերջնական փուլ:
Կը հաղորդուի, որ պատժամիջոցներու մեղմացումը ռուսական, չինական եւ եւրոպական ընկերութիւններուն պիտի արտօնէ աշխատիլ զէնք չտարածելու ուղղութեամբ, որպէսզի զգալիօրէն բարդանայ իրանեան հիւլէական կառոյցներու զէնքի զարգացման համար օգտագործումը:
Ամերիկեան պատժամիջոցները ջնջելու որոշումը չեղեալ յայտարարուած էր մայիս 2020-ին, երբ Միացեալ Նահանգներ, նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումով, միակողմանիօրէն դուրս եկան հիւլէական գործարքէն: Գործարքի` Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի վերականգնման շուրջ բանակցութիւնները Վիեննայի մէջ վերսկսած են նոյեմբեր 2021 թուականին:
aztagdaily.com/archives/537469