Ճիշդ չէ՛ Սփիւռքը նկատել Հայաստանէն անջատ՝ ինքնակեդրոն ու ինքնավախճան գոյութիւն:
08 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 –
Ճիշդ չէ նաեւ Սփիւռքը նկատել սոսկ Հայաստանին մէջ բարեսիրական ծրագիրներու սատարող ու տնտեսական ծրագիրներ մշակող գաղութներու ամբողջութիւն:
Սփիւռքը անբաժան ու անբաժանելի մասը կը կազմէ նոյն եւ մէ՛կ հայութեան, նոյն եւ մէ՛կ ներկայով, նոյն եւ մէ՛կ անցեալով ու ապագայով:
Սակայն, Սփիւռքը իր իւրայատուկ պատմական հոլովոյթը, մտածողութիւնը ու փորձառութիւնը ունի։ Համապարփակ հայեցակէտով հարկ է մօտենալ Սփիւռքին, արժեւորել իր ներկայ գոյավիճակը ու զայն վերակազմակերպել ու վերակենսաւորել համահայկական արժէքներով ու իտէալներով։
Արամ Ա. Կաթողիկոս