Իշխանութիւնը Բարոյական Իրաւունք Չունի Ընդունելու Թուրքիոյ Նախապայմանները՝ Առանց Սփիւռքի Կարծիքին. Յայտարարութիւն
08 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 –
Ֆրանսահայ, ֆրանսացի եւ հայաստանցի շարք մը մտաւորականներ, գործիչներ յայտարարութիւն տարածած են Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու հեռանկարի, Հայ Դատէն հրաժարելու ՀՀ քաղաքականութեան վերաբերեալ։
Յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ՝
Մենք՝ ըլլալով ֆրանսահայ, հայաստանցի կամ Հայ Դատի բարեկամ, 2020 թուականին տագնապով կը հետեւէինք Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին, որ տեղի ունեցաւ Արեւմուտքի անտարբեր հայեացքին ներքոյ։
Այսօր մենք բացայայտօրէն ականատես ենք Արեւմուտքի ժողովրդավարութիւններու վախուորած հակազդեցութեան, որ անկարող եղաւ ինքնորոշուած ազգի մը ապրելու իրաւունքը պաշտպանելու եւ Պաքուի բռնապետի բազմաքանակ ու գերզինուած բանակի յարձակումը կասեցնելու։ Անիկա անկարող գտնուեցաւ նաեւ արգիլելու իր իսկ դաշնակիցին՝ Թուրքիոյ՝ վարձելու հազարաւոր ճիհատիստներ ու մասնակցելու յարձակման ՝ ՆԱԹՕ-ի սարքերով ու թրքական կենշտաբի հրամանատարութեան օգնութեամբ։ Մենք խորապէս կ՝ափսոսանք, որ Ֆրանսան չվաւերացուց Ազգային ժողովի ու Ծերակոյտի որոշումները ու չճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը, որ կը հանդիսանար արցախահայութեան գոյատեւման առաջին միջազգային իրաւունքը։ Այսօր Ռուսիոյ Դաշնութիւնը միակ պետութիւնն է, որ եռակողմ համաձայնութեան ծիրէն ներս, կ՝ապահովէ Արցախի եւ իր բնակչութեան անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական մշակութային արժէքներու պահպանումը ազատ մնացած տարածքներուն մէջ։
Սակայն, այսուհետեւ մենք անհանգստացած ենք նաեւ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակով։ Նոյեմբեր 9-էն ի վեր, Ազրպէյճանը թէժ ճակատամարտը փոխարինած է մաշեցնող պատերազմով՝ խաղաղ բնակիչները կամ հայ զինուորները սպաննելով, ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն հատուածներ բռնագրաւելով ու ռազմագերիները շանթաժի առարկայ դարձնելով։
Պաքուի բռնապետի ու թուրքերու նպատակը մէկն է՝ առերեւոյթ խաղաղութեան քօղի տակ հասնիլ անոր, ինչին պատերազմով հնարաւոր չեղաւ, որպէսզի Հայաստանը հրաժարի Արցախէն, իր իսկ հարաւային ինքնիշխան տարածքէն եւ ցեղասպանութեան պահանջատիրութենէն։ Անոնց գործը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ցեղասպանութեան շարունակութիւնը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները՝ «ազրպէյճանական Արցախ»ի մասին, եւ այն ստայօդ պնդումը, թէ «Հայ Դատը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութիւնը չէ եղած», ցոյց կու տան, որ Պաքուն եւ Անգարան կը մօտենան իրենց նպատակին։ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ թրքական ապրանքներու նկատմամբ արգելքի վերացումը, ընդդիմադիր գործիչները բանտարկելը, կը յանգեցնեն բանի մը․ հարեւան մենատիրական վարչաձեւերուն զիջելով՝ Հայաստանը ինքզինք կը դնէ անոնց նմանելու վտանգին տակ։
Մեկնելով այս չափազանց վտանգաւոր իրավիճակէն՝ մենք կը բարձրաձայնենք, որ Հայաստանը այն հազուադէպ երկիրներէն է, որուն ճակատագիրը միայն իրեն չէ, որ կը պատկանի։ Անիկա բացառապէս իրը չէ։ Պատմութիւնը կը պարտաւորեցնէ մեզ․ Սփիւռքով անիկա դուրս կու գայ իր սահմաններէն։ Հայաստանի վարչապետը կամ ոեւէ մէկը առհասարակ իրաւունք չունի որոշելու Արցախի քաղաքական պատկանելութիւնը․ այդ իրաւունքը կը պատկանի միայն արցախահայութեան։ Այդ իրաւունքը արտացոլուած է Արցախի Ազգային ժողովի՝ «Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգներու եւ մարտահրաւէրիներու վերաբերեալ» յայտարարութեան մէջ։
Ո՛չ Նիկոլ Փաշինեանը, ո՛չ ալ ոեւէ մէկը իրաւունք ունի Թուրքիոյ կատարած ցեղասպանութեան կարեւորութիւնը նսեմացնելու եւ կասկածի տակ դնելու հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ անոր այժմէականութիւնը։ Թուրքիան այսօր ալ յամառօրէն հաւատարիմ է այդ ոճրագործութեան ժառանգութեան։ Պատմաբանները, որոնց մասին Թուրքիան կը նշէ, շատոնց որոշած են, որ Թուրքիան պէտք է պատասխանատւութիւն կրէ Մեծ Եղեռնի հետեւանքներուն համար եւ բարոյապէս ու նիւթապէս հատուցէ հայութեան։
Ցեղասպանութիւնը միջազգային իրաւունքի կողմէ ձեւակերպում ստացած յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ եւ բոլորիս կը վերաբերի ու նաեւ կը պարտաւորեցնէ։ Անիկա ոչ մէկ պարագայի չի՛ կրնար յանձնուիլ փորձագէտներու կոմիտէի դատին, զոհաբերուիլ ձեւական հաշտեցման խորանին կամ ջնջուիլ միայն Հայաստանի վրայ գործադրուող ճնշումներուն տակ։
Մանաւանդ, որ Հայաստանի կողմէ Արցախէն հրաժարիլը կը յանգեցնէ Ազրպէյճանի կողմէ նոր ցեղասպանութեան, որուն մասին կը վկայէ Պաքուի կողմէ Արցախի տարածքին մէջ իրականացուող ցեղական բնաջնջումը։ Արցախի դէմ իրականացուող ոճրագործութիւնները արդիւնք են Արցախի՝ չճանչցուած ըլլալուն։ Անիկա պարզապէս հայութեան ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է։
Մենք գիտենք, որ հայերը չափազանց մեծ գին վճարած են այս պատերազմին, ինչպէս նաեւ այն պատերազմական վիճակներուն համար, որ իրենց պարտադրած են ազրպէյճանցիները՝ թշնամական քաղաքականութեամբ։
Մենք ցաւով ու յարգանքով կ՝ըմբռնենք այն անսահման ծանր զոհողութիւնները, որոնք պարտադրուած են հայ ժողովուրդին, կը հասկնանք անոնց վիշտը եւ թեւաթափ ըլլալը։ Բայց գիտենք նաեւ, որ անոնց կողմէ որեւէ տկարութիւն Հայոց պետականութիւնը պիտի դնէ վտանգի տակ։
Մենք գիտենք ատիկա, ու անոնք ատիկա մեզմէ աւելի լաւ կը գիտակցին։ Այդ իսկ պատճառով, մենք վստահ ենք, որ անոնք ի զօրու են մերժելու այս կործանարար դիրքորոշումը եւ կերտելու իրենց ազգային ապագան։ Խօսքը կը վերաբերի տարածաշրջանի անվտանգութեան, որ չի կրնար հանդիսանալ իշխանութեան մը մենաշնորհը, որովհետեւ ազգի մը համար ճակատագրական որոշումները տեսանելի հորիզոնէն առաւել անդին են, քան կարճատես իշխանութիւններու քայլերը։
Արցախի հարցը, կազմելով Հայութեան Դատի անբաժան մաս, մեզի կը պարտաւորեցնէ՝ անկախ այն բանէն, թէ ինչ կը մտածեն եւ կ՝արտայայտեն այդ պահի իշխանութիւնները։
Հայ Դատը արհեստականօրէն կտրել Հայաստանէն եւ զայն վերագրել միայն Սփիւռքին, ինչպէս ատիկա կ՝ընէ ՀՀ վարչապետը, իրականութեան մէջ կը նշանակէ ծառայել թրքական շահերուն։
Ներկայ իշխանութիւնը բարոյական իրաւունք չունի ընդունելու Թուրքիոյ բոլոր նախապայմանները՝ առանց հարցնելու Սփիւռքի եւ իր իսկ ժողովուրդի կարծիքը։
Ասով մենք սթափութեան կոչ կ՝ընենք բոլոր անոնց, որոնք կ՝ուզեն գործել ի շահ Հայաստանի, քանի որ անիկա կը պարտաւորեցնէ բոլորս ՝ Արցախը պիտի մնայ հայկական, եւ Հայկական հարցը ծագած է, որպէսզի Հայաստանը ապրի եւ արարէ։
Լորան Լէյլէքեան, «Ֆրանսա-Արցախ» Բարեկամութեան Շրջանակի քարտուղար
Իրինա Յովսէփեան, ENA-ի շրջանաւարտ, վերլուծաբան, ծրագրերու ղեկավար
Հիլտա Չոպոյեան, «Կովկաս» կեդրոնի նախագահ
Ֆրանսուա Ռոշեպլուան, Ազգային Ժողովի պատուաւոր անդամ, «Ֆրանսա -Արցախ» Բարեկամութեան Շրջանակի նախկին նախագահ, Արցախի ֆրանքոֆոնիայի նախագահ
Ալէն Նաւարա-Նաւասարդեան, սոցիոլոկիայի եւ արուեստագիտութեան դոկտոր, փրոֆէսըր
Էրուէ Ժորժելէն, Աթէնքի համալսարանի գիտաշխատող, դասախօս
Տիգրան Եգաւեան, լրագրող
Պելլա Շահնազարեան, Փարիզի ԹՈՒՄՕ կեդրոն, ծրագրի ղեկավար
Ռոզ-Մարի Ֆրանգուլեան-Լէ Պրիոլ, փաստաբան
Ալեքսի Գրիգորեան, մարդու իրաւունքներու եւ անթրոպոլոգիայի մասնագէտ
Սարգիս Շահինեան, Զուիցերիոյ Հայաստան GSA կազմակերպութեան պատուաւոր նախագաh
Թալին Տէր-Մինասեան, պատմաբան, INALCO-ի համալսարանի դասախօս
Լուսինէ Ասլանեան, դաշնակահար
Նինա Առաքելեան-Լաբուրէ, բժիշկ-արիւնաբան
Քսաւիէ Շուքուրեան, իրաւաբան
yerakouyn.com/2022/02/08/իշխանութիւնը-բարոյական-իրաւունք-չու/