Ակնարկ. Լուքաշենքոյին Պէտք Է Յուշեն Իր Երթալիք Տեղը

The Azerbaijani government has announced plans to erase Armenian inscriptions from religious sites in the territory it reclaimed in the 2020 war with Armenia

Ակնարկ. Լուքաշենքոյին Պէտք Է Յուշեն Իր Երթալիք Տեղը

08 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Պիելոռուսիոյ նախագահին հեգնական յայտարարութիւնները Հայաստանի նկատմամբ առաջին անգամը չեն, որոնք կը կատարուին. նախընթացներ ունին: Բնականաբար պատահական չեն կամ լեզուի սայթաքումներով չեն բացատրուիր նման պահուածքի հետեւողականութիւնը հաստատող արտայայտութիւնները:

Առաջին հերթին մտածումը կը զարգանայ այն ուղղութեամբ, որ քաղաքական շարժառիթը Պաքուի հետ յարաբերութիւններու յաւելեալ սերտացման միտումներն են, եւ առաւելաբար տնտեսական գործարքներու խորացման տանող վարքագիծի դրսեւորումներու շարք է արձանագրուածը:

Պիելոռուսիան Ռուսիոյ դաշնութեան մարզի կարգավիճակի մէջ յայտնուած պետութիւն է: Ռուսիոյ գլխաւոր դաշնակիցը` յատկապէս Ուքրանիոյ դէպի Արեւմուտք յարելէն եւ Ղազախստանի վերջին իրադարձութիւններուն երեւցած նկատելի տեղաշարժերէն ետք: Աննկատ չեն, տակաւին, Մինսքի մէջ խմորուող հակառուս տրամադրութիւններու ալիքի բարձրացման երեւոյթները:

Ազրպէյճանանպաստ դիրքորոշումներու շարքին մէջ հակահայ յայտարարութիւն կատարելը քաղաքական կանոն պէտք չէր ըլլար այս պարագային, մանաւանդ որ Պիելոռուսիան ՀԱՊԿ-ի եւ ԵՏՄ-ի նման միջպետական կազմակերպութիւններու մէջ գործընկերային յարաբերութիւններ ունի Հայաստանի Հանրապետութեան հետ:

Պիելոռուսիոյ նախագահը մարզպետի իր կարգավիճակով նման պահուածք կրնայ հրապարակայնացնել միայն յատուկ ներշնչումով կամ գուցէ նաեւ պատուէրով: Եթէ բացարձակութեամբ չառնենք այս տեսութիւնը, ապա պիտի մտածենք, որ նման արտայայտութիւններ չունենալու ցուցմունք ինչո՛ւ չի ստանար Պիելոռուսիոյ նախագահը:

Պատուէրի հանգամանք կայ անպայման այս բոլորին մէջ: Պատուէր` Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները խորացնելու. եւ այս անգամ ո՛չ միայն տնտեսական առումով, այլ նաեւ քաղաքական: Նոյն յայտարարութեան մէջ Լուքաշենքոն կը խօսի երկու ռազմավարական առանցքներուն մասին. առաջինը Ռուսիոյ դաշնութեան գլխաւորութեամբ` Մոսկուա, Մինսք, Ալմաթի գիծով, երկրորդը, Թուրքիոյ` Ազրպէյճան, Թուրքմենիստան, Տաճիկիստան, Ուզպեքիստան քարտէսով: Ըսել կ՛ուզուի, որ նշուած ամբողջ տարածաշրջանին մէջ Արեւմուտքը գործ չունի: Հետեւաբար Ուքրանիան պէտք է վերադառնայ իր ակունքներուն:

Տարածաշրջանը ռուսական եւ թրքական ազդեցութեան գօտիներու բաժնելով` Լուքաշենքոն Հայաստանի տեղը կը կանխորոշէ: Հեգնանքն ու արհամարհանքը քաղաքական այս տրամաբանութեան մէջ կարելի է ընկալել:

Հիմա հայկական կողմի ոչ համարժէք արձագանգին մասին: Չի բաւեր խորհրդարանական մակարդակով, պատգամաւորական ելոյթներով հակազդել Լուքաշենքոյին: Լուքաշենքոն սկզբունքով գործընկեր պետութեան նախագահն է եւ մեր երկրի առաջին դէմքէն պատասխան պէտք է ստանայ: Պարզ է, որ նման համարձակութիւն 9 նոյեմբեր 2020-էն ետք աւելի սուր բնոյթ ստացած է, եւ Պիելոռուսիոյ նախագահը հաշուենկատ նման յայտարարութիւն կը կատարէ մեր երկրին ու պետութեան հաշուոյն: Լռութիւնը բարձրագոյն մակարդակով հիմնաւորում չունի: Գերիշխանութիւնը նաեւ պաշտօնական յայտարարութիւններու բաժին ունի. եւ այդ առումով պաշտօնական Երեւանը պէտք է հակազդէ:

Ներհայկական առումով, Լուքաշենքոյի պահուածքի քննարկումը պէտք չէ տեղաւորել իշխանութիւն-ընդդիմութիւն պայքարի հարթութեան վրայ: Խոցուած է մեր երկրին ու պետականութեան արժանապատուութիւնը: Դատապարտանքի բոլոր սլաքները ուղղուած պէտք է ըլլան մեր ազգային արժանապատուութիւնը հարուածողին դէմ: Իշխանութեան ուղղուած քննադատութիւնը պէտք է կեդրոնանայ ոչ համարժէք պատասխանի ուշացման կամ բացակայութեան երեւոյթին վրայ:

Լուքաշենքոյին գուցէ յուշեն, որ տարածաշրջանի մէջ իրավիճակ կը փոխուի շատ արագ: Ռուս-թրքական մերձեցումը կրնայ վերածուիլ ռուս -թրքական առճակատման: Պիելոռուսիան իր երթալիք տեղը պէտք է որոշէ: Իսկ Ուքրանիոյ ճակատագիրին ենթարկուելու պարագային Լուքաշենքոն իր երթալիք տեղը որոշելու հնարաւորութիւններ շատ չ՛ունենար: Իր փոխարէն, Պիելոռուսիոյ նոր իշխանութիւնները կրնան որոշել իրեն վերապահուած տեղը:

«Ա.»

The Azerbaijani government has announced plans to erase Armenian inscriptions from religious sites in the territory it reclaimed in the 2020 war with Armenia

www.aztagdaily.com/archives/537668

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail