«Հարաւային Օսեթիոյ Ժողովուրդը Կ՛ուզէ Ռուսիոյ Միանալ» Կ՛ըսէ Հարաւային Օսեթիոյ Նախագահը
08 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հարաւային Օսեթիոյ մէջ պիտի սկսի իրագործուիլ «Հինգ քայլ դէպի Ռուսիա» ծրագիրը, որ պէտք է պայմաններ ստեղծէ, որպէսզի հանրապետութիւնը միանայ Ռուսիոյ: «Ռեկնում» կը գրէ, որ այս մասին «Ռոսիա-24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Անաթոլի Պիպիլով:
«Ասիկա իմ քմահաճոյքս չէ, ասիկա անցեալ դարու 20-ականներէն ի վեր մեր ժողովուրդի ցանկութիւնն է: Օսերը պառակտուած ժողովուրդ են, եւ այդ պառակտումը պէտք է վերցուի», ըսած է Պիպիլով:
Ան նշած է, որ օսերու միաւորման խնդիրը աւելի կարեւոր է, քան Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնը:
Հանրապետութեան ղեկավարը նշած է, որ օսերը դուրս չեն եկած ռուսական կայսրութենէն, իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզման ժամանակ հանրաքուէով քուէարկած են Ռուսիոյ կազմին մէջ ընդգրկուելուն ի նպաստ:
www.aztagdaily.com/archives/537633