Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Անթալիոյ Դիւանագիտական Համախմբում»-ին Թակարդը

The Azerbaijani government has announced plans to erase Armenian inscriptions from religious sites in the territory it reclaimed in the 2020 war with Armenia

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Անթալիոյ Դիւանագիտական Համախմբում»-ին Թակարդը

08 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Նորելուկ համախմբում մըն է «Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբում»-ը (Antalya Diplomacy Forum), կամ պահելու համար նախաձեռնողին լեզուական կնիքը` Antalya Diplomasi Forumu:

Քաղաքական աշխարհի իրադարձութիւններուն հետ քայլ պահողին համար յստակ է, որ հաւանաբար քանի մը օրերու վրայ երկարելիք այս համախմբումը սուլթանամէտ Էրտողանի ձեւած-կարած աշխարհաքաղաքական կառոյցին մէկ շառաւիղն է:

Իւրայատուկ եւ ճարպիկ մօտեցում է լոպիինկի այս բնագաւառը աւելի եւս ընդլայնելն ու համաշխարհայնացման ներկայ ընթացքին հետ քայլ պահելով` նմանօրինակ ոչ կառավարական կազմակերպութեան մը ծածկոյթին տակ «ներդրումներ» կատարելը: Գործելակերպ մը, որուն մէջ կը թուի մասնագիտացած ըլլալ Էրտողանի քարոզչական մեքենան: Պարզ խօսքով, հոն վարպետ կատու մը կայ, որ մուկ որսալու ելած է…

«Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբում»-ը բարձրաստիճան մասնագէտներու հաւաք մըն է, որուն կիզակէտը դիւանագիտական աշխարհն է: Հրաւիրեալները քաղաքական առաջնորդներ են, որոնց կարգին` երկիրներու նախագահներ, դիւանագէտներ, քաղաքագէտներ, վերլուծաբաններ, տնտեսագէտներ, առեւտրականներ, մինչեւ իսկ` գիտնականներ:

Այս հարթակը ստեղծուած է միտքեր փոխանակելու, մտայղացումներ բանաձեւելու եւ միջազգային մարտահրաւէրներ դիմակայելու նպատակով: Սակայն, անմիջապէս նկատել տանք, որ սա միայն ծածկոյթն է, երեւութական երեսը:

Անդրանիկ համագումարը կազմակերպուեցաւ 18-20 յունիս, 2021-ին` մասնակցութեամբ քանի մը երկիրներու ղեկավարներու, նախարարներու, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, մասնագէտ ակադեմականներու: Մասնակցութիւն բերած էին` Քոսովոյի, Մոնթենեկրոյի, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ, Հայիթիի եւ Սոմալիի (անշուշտ եթէ օրինականօրէն գոյութիւն ունի) նախագահները, Ազրպէյճանէն հոծ պատուիրակութիւն մը` ղեկավարութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի, թրքամէտութեամբ ծանօթ` ամերիկացի դիւանագէտ Մաթիու Պրայզա եւ… շարքը երկար է:

Բացման հանդիսութեան, Էրտողան խօսք առած ու փիլիսոփայած էր, որ դիւանագիտութիւնը կը մնայ ղեկավարներու եւ պետութիւններու միջեւ հաղորդակցութեան հիմնական գործելաձեւը: Ան նաեւ «գիւտ» մը ըրած էր, որ` միջազգային բեմին վրայ կը շարունակուին կառուցուածքային եւ համակարգային փոփոխութիւններ, որոնց պէտք է արձագանգեն դիւանագիտութիւնը եւ այդ ոլորտին մասնագէտ մասնակցողները:

Այս «think tank»-ը իր կառուցուածքով եւ նպատակներով բոլորովին կը տարբերի Թրքալեզու պետութիւններու կազմակերպութիւնէն, որ անցեալ տարեվերջին Պոլսոյ մէջ կատարած էր հաւաք մը` յաւելեալ գործակցութիւն ստեղծելու համար որոշ երկիրներու միջեւ:

Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբումը շատ աւելի դիւրութեամբ կրնայ ներթափանցել ներկայի համաշխարհայնացած դրութեան մէջ` յաւելեալ զարկ տալով համաթրքական եւ համաթուրանական ընթացքին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի համաձայն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան պիտի մասնակցին օր մը ետք նախատեսուած այս խորհրդաժողովին: Չաւուշօղլու նշած էր, որ Անգարան նախապէս անձնական հրաւէրներ ուղարկած էր անոնց: Քայլ մը անդին երթալով` Չաւուշօղլու յայտնած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւս կրնայ Անթալիա այցելել: Այլ խօսքով եւ ըստ թրքական ակնկալութիւններուն, հայրենի բազմանդամ պատուիրակութիւն մը կրնայ ճոխացնել այս ձեռնարկը:

… Հայաստանի մէջ իշխանութեան մօտիկ «բանգէտներ» կան, որոնք արտառոց բան չեն տեսներ, երբ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն ընելիքն ու չընելիքը կը յայտարարուի Թուրքիայէն: Արդէն դարձած ենք Թուրքիոյ մէկ մասնի՞կը:

Դատապարտելի է ներկայ իշխանաւորներուն դէպի Անթալիա մրցավազքը, որ նոր քարեր պիտի աւելցնէ հայկական պետականութեան քանդումի «կառոյց»-ին վրայ:

Բանականութենէ եւ ազգային տարրական պահանջներէ ձեռքերը չլուացած ոեւէ հայ ակնոցի կամ հեռադիտակի պէտք չունի տեսնելու համար պատահածը:

Հայութիւնը, Հայաստանի մէջ թէ աշխարհատարածքին, ամէն գնով պէտք է պայքարի, ՇԱՐՈՒՆԱԿ ՊԱՅՔԱՐԻ կործանարար վազքին դէմ:

The Azerbaijani government has announced plans to erase Armenian inscriptions from religious sites in the territory it reclaimed in the 2020 war with Armenia

aztagdaily.com/archives/537531

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail