Կարօ Կարապետեանի Անուան Ազրպէյճանագիտութեան Կեդրոնը Կը Պատրաստէ Բազմակողմանիօրէն Զարգացած Գործիչներ
09 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ – ԷՐԿԻՐ – ԱՐՑԱԽ:
Համահայկական մտաւոր ներուժի համախմբումին ուղղուած Genesis Armenia-ի նախաձեռնութեամբ հիմնուած ազրպէյճանագիտութեան կեդրոնի ուսանողները արդէն իսկ յանձնեցին երրորդ քննութիւնը: Արդիւնքները կը վկայեն, որ դասաւանդման աւարտին, մասնագիտական ասպարէզ մուտք պիտի գործեն բազմակողմանիօրէն պատրաստուած գործիչներ։ Այս մասին կը յայտնեն կեդրոնի մասնագէտները:
Արդէն 3 ամիս է որ Արցախէն եւ Հայաստանէն ընտրուած առաւել քան տասնեակ մը սաներ կ՛ուսումնասիրեն ազրպէյճաներէնը եւ Ազրպէյճանը` պատմական ակունքներէն, կենցաղավարութենէն սկսած մինչեւ ներպալատական կառույցը եւ պաշտպանական համակարգերը:
Լիբանանահայ Կարօ Կարապետեանի անունը կրող կեդրոնը, որ համալրուած է հեռավար դասերու համար անհրաժեշտ արհեստագիտութեամբ եւ գոյքով, տեղակայուած է Ստեփանակերտի մէջ:
«Genesis Armenia-ի քաղաքականութեան հիմքը հայկական զոյգ պետութիւններու ռազմաքաղաքական եւ անվտանգային մարտահրաւէրները յաղթահարելու նպատակներն են: Իսկ այդ նպատակներուն հասնելու համար, առաջին հերթին, պէտք է լաւ ճանչնալ թշնամին: Մենք սկսած են ու պիտի շարունակենք այդ գործը»,- կը յայտնեն կեդրոնի մասնագէտները:
yerakouyn.com/2022/02/09/կարօ-կարապետեանի-անուան-ազրպէյճանագ/