Խստագոյնս Կը Դատապարտենք Արցախի Մշակութային եւ Կրօնական Կոթողներէն Հայկականութեան Հետքերը Ջնջելու Ազրպէյճանի Նախաձեռնութիւնը․ Արցախի ԱԳՆ
09 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐՑԱԽ:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Ազրպէյճանի՝ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը իւրացնելու մտադրութեան վերաբերեալ։
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի՝
«Խստագոյնս կը դատապարտենք ազրպէյճանական իշխանութիւններու՝ յատուկ յանձնաժողով ստեղծելու որոշումը, որուն աշխատանքը, համաձայն պաշտօնատար անձանց յաջորդող յայտարարութիւններուն, ուղղուած պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող մշակութային եւ կրօնական կոթողներէն հայկականութեան հետքերու ջնջման: Տուեալ քայլը մէկ անգամ եւս համոզիչ կերպով կը հաստատէ այն ակնյայտ փաստը, որ ազրպէյճանական իշխանութիւններու վերահսկողութեան տակ յայտնուած հայկական մշակութային ժառանգութեան լիակատար ոչնչացման կամ պատմական արմատներէն անջատուելու իրական վտանգ կը սպառնայ:
Բազմիցս նշած ենք, որ Ազրպէյճանի կողմէ պատմութեան կեղծումն ու մշակութային ցեղասպանութիւնը տասնամեակներ շարունակ կանոնաւոր կերպով իրականացուող աւելի լայն հակահայկական քաղաքականութեան մաս կը կազմեն: Եթէ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան սկզբնական փուլին պատմութեան եւ մշակոյթի հետ մեքենայութիւնները կը ծառայէին որպէս արդարացում նախկին Ազրպէյճանական ԽՍՀ-էն հայկական բնակչութեան բռնի տեղահանման համար՝ հիմա սակայն, անոնք միտուած են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ ռազմական ուժի ապօրինի կիրառման արդիւնքներու օրինականացման:
Ինչպէս գրաւուած տարածքներուն մէջ, այնպէս ալ Ազրպէյճանի մէջ հայկական ներկայութեան ոչնչացումը պատմութեան կեղծման, հայկական մշակութային կոթողներու ոչնչացման եւ բնիկ տեղանուններու անուանափոխման միջոցով, ըստ էութեան, Ազրպէյճանի յարձակողականութեան շարունակութիւնն է այլ ձեւերով:
Միջազգային հանրութեան եւ փորձագիտական շրջանակներու մէջ յստակ համոզմունք կայ, որ մշակութային կոթողներու ոչնչացումը ոտնձգութիւն է ժողովուրդներու արժանապատւութեան, արժէքներու եւ կատարելատիպերու նկատմամբ, որուն նպատակն է քայքայել ազգի՝ պատմական փորձութիւններուն դիմակայելու եւ զարգանալու ունակութիւնը: Հայկական պատմութեան եւ մշակոյթին պատերազմ յայտարարելով՝ Ազրպէյճանը նոյն այդ նպատակը կը հետապնդէ:
Հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը ոչ միայն Արցախի ժողովուրդին իր իրաւունքներէն, ինչպէս՝ մշակոյթի իրաւունքէն զրկելու փորձ է, այլեւ՝ մարտահրաւէր միջազգային հանրութեան համար եւ սպառնալիք խաղաղութեան եւ անվտանգութեան: Վերջին տասնամեակներուն ընթացքին միջազգային հանրութիւնը՝ ի դէմս ՄԱԿ-ի, արձագանգելով հակամարտութիւններու ընթացքին մշակութային կոթողներու դիտաւորեալ ոչնչացման յաճախակի դարձած դէպքերուն, մշակած է դիրքորոշում, ըստ որուն՝ մշակութային կոթողներու ոչնչացումը պատերազմական յանցագործութիւն է եւ կը հաւասարեցուի ահաբեկչական գործողութիւններուն:
Ազրպէյճանի մէջ յատուկ յանձնաժողովի ստեղծումը, որ պիտի փոխակերպէ հայկական մշակութային եւ կրօնական կոթողները՝ անոնց յետագայ իւրացմամբ, ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի միջանկեալ միջոցներու կիրառման մասին որոշման կոպիտ խախտում է: Անոնք պաշտօնական Պաքուէն կը պահանջեն ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու եւ պատժելու վանտալութեան եւ պղծման գործողութիւնները, որոնք կը վերաբերին հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ, բայց չսահմանափակուելով եկեղեցիներով եւ պաշտամունքի այլ վայրերով, յուշարձաններով, տեսարժան վայրերով, գերեզմանատուներով եւ արտեֆակտներով: Որոշումը պարտադիր ուժ ունի Ազրպէյճանի համար: Պաքուի հրաժարումը կատարելու այդ մէկը կը ցուցադրէ Պաքուի մտադրութիւնը խափանել, թէկուզ եւ տեղային մակարդակով, միջազգային յարաբերութիւններու համակարգը, որ կ՝ապահովէ միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն:
Եւս մէկ անգամ կոչ կ՝ընենք միջազգային հանրութեան եւ մասնագիտացած միջազգային կազմակերպութիւններուն անյապաղ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու՝ պարտադրելու Պաքուին կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները՝ պահպանելով եւ յարգելով հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնը, եւ լիարժէք կերպով կատարելու ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի միջանկեալ միջոցներու կիրառման մասին որոշումը»:
yerakouyn.com/2022/02/08/խստագոյնս-կը-դատապարտենք-արցախի-մշակ/