Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատասխանած Է Լուքաշենքոյի Յայտարարութեան

Culture - Kars, Church of the Holy Apostles, 1940 - getty

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատասխանած Է Լուքաշենքոյի Յայտարարութեան

09 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Նախանցեալ օր Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ ռուսական «Ռոսիա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած էր Ռուսիա-Պիելոռուսիա միութենական պետութեան մասին եւ այդ ծիրին մէջ վարկաբեկող արտայայտութիւններ ունեցած էր Հայաստանի հասցէին:

Պիելոռուսիոյ նախագահը ըսած էր. «Պիելոռուսիան արդէն այնտեղ է: Կը կարծեմ, Ղազախստանի համար լաւ դաս էր: Եթէ կ՛ըսէք ժամկէտը 15 տարի է, վստահ եմ, որ Ուքրանիան այնտեղ պիտի ըլլայ, եթէ սխալներ չարտօնենք: Իսկ մնացածը` ըստ պարագիծի… այդ հզօրութեան միաւորման աւարտէն ետք, կամ միաւորման ընթացքին… իրենք ո՞ւր պիտի յայտնուին: Հայաստանը փախչելու տեղ չունի… ի՞նչ է, կը կարծէք, անոնք մէկու մը պէ՞տք են… իրենք արդէն տեսած են, Նիկոլ Վովայեւիչը ատիկա արդէն տեսած է»:

Երէկ` 8 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի Հայաստանին վերաբերող յայտարարութիւններուն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեանը, լրատուամիջոցներու հարցումներուն ի պատասխան, Պիելոռուսիոյ նախագահի յայտարարութեան արձագանգած է հետեւեալ ձեւով. «Համոզուած ենք, որ Պիելոռուսիոյ նախագահին աշխարհաքաղաքական ինքնատիպ վերլուծութիւնները նպատակ ունին սպասարկելու նախ եւ առաջ սեփական ներքին քաղաքական օրակարգը եւ որեւէ առնչութիւն չունին Հայաստանի եւ անոր արտաքին քաղաքականութեան հետ»:

Վահան Յունանեան նաեւ հաստատած է այն տեղեկութիւնը, որ Հայաստանի մէջ Պիելոռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալեքսանտր Քոնիւք երէկ` 8 փետրուարին, եղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ:

Գարտէզ-Հայաստան մեծ Հայք, փոքր Հայք, Կիլիկիա – Map Armenia Greater Armenia, Small Armenia, Cilicia – Carte Arménie Grande Arménie, Petite Arménie, Cilicie

www.aztagdaily.com/archives/537760

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail