Յարգա՛նք` Լուռ Աշխատողներուն
09 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:
ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Այսօր, փաստօրէն, մեր կրթական, կրօնական, ազգային, ընկերային, մարզական եւ մշակութային բոլոր բնագաւառներուն մէջ տակաւին կան տոկուն սրտով, ամուր համոզումով, հաստատ հաւատքով եւ հպարտ պահուածքով հարիւրաւոր նուիրեալ պաշտօնեաներ, որոնք անցնող աւելի քան երկուքուկէս տարիներուն, հակառակ տնտեսական ծանր պայմաններուն, հակառակ «Քորոնա»-ի պարտադրած վիճակներուն եւ երկրին մնայուն անորոշ ու անհեռանկար վիճակին, տակաւին լուռ եւ անտրտունջ կը գործեն, կ՛աշխատին եւ կը ծառայեն համայնքին:
Ո՛չ ընտրական, ո՛չ անձնական, ո՛չ հատուածական, ո՛չ ժամանակաւոր եւ ո՛չ ալ այլ հեռանկարներ ունենալով` այս մեծ փաղանգը կը գործէ ամէն օր ձեռք ձեռքի, միասին, հաւատքով եւ նուիրումով` յանուն լիբանանահայութեան գոյատեւման եւ յանուն լիբանանահայութեան վաղուան արշալոյսին:
Քահանան եւ ուսուցիչը, տնօրէնն ու խմբագիրը, պաշտօնեան եւ գործավարը, ընկերային ծառայողն ու հաշուապահը, պահակը, վարիչը, տնտեսմայրիկը, բոլորը կը տոկան ու կը շարունակեն գործել, որպէսզի մեր կառոյցները ոտքի մնան: Բոլորը կը զոհուին, որպէսզի մեր զաւակները կրթութիւն ստանան: Բոլորը ամէն օր, ամէն առտու նոյն թափով ու կորովով կը մնան պատնէշի վրայ:
Այսօր, Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռքի գաղութներ, ո՞վ այս գիտակցութեամբ եւ զոհողութեամբ կը շարունակէ իր ստանձնած գործը: Ո՞վ կրնայ այսքան տոկալ եւ լուռ իր պարտականութեան գիտակցութիւնը պահել: Լիբանանահայութեան իւրայատուկ խառնուածքն է այս մէկը:
Այսօր կը լսենք ուսուցիչի մը իրաւունքին համար Եւրոպայի, ամերիկաներու եւ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ ինչե՜ր կը պատահին: Ազգային կառոյց մը բաց պահելու համար որքա՜ն զոհողութիւններ կ՛ըլլան, սակայն հոս, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, մենք կը մնանք, բոլորս կը շարունակենք` նոյն համոզումով եւ սկզբունքով:
Այս բոլորին ի տես` մենք յարգանք ունինք բոլոր աշխատողներուն նկատմամբ: Երախտապարտ ենք իրենց գիտակցութեան համար: Պարտական ենք այս բոլոր բացթողումներուն արդար եւ արժանապատիւ լուծումներ գտնելու:
Լիբանանահայութիւնը իր ճգնաժամի բոլոր փուլերուն, շնորհիւ այս նուիրական պահուածքին, կրցած է կանգուն մնալ: Մեր կառոյցներու պաշտօնեաները փաստօրէն մեր մեծագոյն նուիրատուներն են: Առանց իրենց նուիրումին, գիտակցութեան եւ զոհողութեան` միայն գումարներով կարելի չէ ոտքի պահել ծառայութեան այս հսկայ ցանցը:
Յարգա՛նք` բոլոր աշխատողներուն:
Յարգա՛նք` լուռ աշխատողներուն:
www.aztagdaily.com/archives/537697