«Փութին Վստահեցուց, Որ Ուքրանիոյ Մէջ Տագնապի Սրումի Պիտի Չնախաձեռնէ, Ատիկա Կարեւոր Է» Կ՛ըսէ Մաքրոն
09 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վստահեցուցած է, որ Ուքրանիոյ մէջ տագնապի սրման պիտի չնախաձեռնէ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն:
«Երէկ մենք նախագահ Փութինի հետ միտքեր փոխանակեցինք անվտանգութեան եւ զինուորական հարցերու շուրջ, ան ինծի ըսաւ, որ (Ուքրանիոյ տագնապին մէջ) սրումի պիտի չնախաձեռնէ: Կը կարծեմ, որ ատիկա կարեւոր է», ըսած է Մաքրոն` Քիեւի մէջ Զելենսքիի հետ բանակցութիւններէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Մաքրոն երկուշաբթի Մոսկուայի մէջ բանակցած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, բանակցութիւնները տեւած են աւելի քան հինգ ժամ: Երեքշաբթի Ֆրանսայի նախագահը այցելեց Քիեւ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ:
«Նախագահ Փութինի եւ նախագահ Զելենսքիի հետ հանդիպումները կարելիութիւն ընձեռեցին շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան կառուցման գործին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու», ըսած է Մաքրոն:
Ան նշած է, որ յոյսը կը դնէ Ուքրանիոյ մէջ տագնապի կայուն լարուածութեան մեղմացման վրայ:
«Այս միտքերուն փոխանակման շնորհիւ յաջողեցայ հասնիլ անոր, որ Փութինը եւ Զելենսքին ստանձնեն պարտաւորութիւններ` խստօրէն գործելու ըստ մինսքեան համաձայնութիւններուն», աւելցուցած է Ֆրանսայի նախագահը:
www.aztagdaily.com/archives/537742