Չինաստանը Նոյնպէս Դէմ Է ՕԹԱՆ-ի Ընդլայնման – Չինաստանը Նոյնպէս Դէմ Է ՕԹԱՆ-ի Ընդլայնման

Map of Armenia - The Roman-Parthian War 58-63 CE – World History Encyclopedia

Չինաստանը Նոյնպէս Դէմ Է ՕԹԱՆ-ի Ընդլայնման

09 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Չինաստանը դէմ է ՕԹԱՆ-ի ընդլայնման եւ անօգուտ կը նկատէ զայն իբրեւ համաշխարհային անվտանգութեան ապահովման ուղղուած համապատասխան ջանք: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ յայտնեց Եւրոպական Միութեան մէջ Չինաստանի ներկայացուցչութիւնը:

«ՕԹԱՆ-ի ընդլայնումը պիտի չօգնէ աշխարհի վրայ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ապահովելու», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ դաշինքի նման փորձերը «միայն կը նպաստեն քաղաքական դաշինքներու ձեւաւորման եւ զինուորական ոլորտին մէջ ճակատումի յառաջացման»:

«Մենք ՕԹԱՆ-ին կոչ կ՛ուղղենք` հրաժարելու Պաղ պատերազմի մտածելակերպէն եւ գաղափարախօսութենէն, յարգանք ցուցաբերելու այլ երկիրներու գերիշխանութեան, անվտանգութեան ու շահերու, անոնց քաղաքակրթութիւններու, պատմութեան եւ մշակոյթներու տարբերութիւններուն նկատմամբ», կ՛ընդգծուի յայտարարութեան մէջ:

«ՕԹԱՆ-ը Պաղ պատերազմի արդիւնք է: Չինական կողմը կը կարծէ, որ շրջանային անվտանգութիւնը չի կրնար ապահովուիլ զինուորական դաշինքներու բռնի ընդլայնումով», կը շեշտուի փաստաթուղթին մէջ:

Յայտարարութեան համաձայն, Հիւսիսատլանտեան դաշինքը «պէտք է աւելի շատ ջանքեր գործադրէ միջպետական վստահութիւնը ամրապնդելու` շրջանային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը իսկապէս պաշտպանելու համար»:

Historical Armenia, according to Encyclopedia Britannica. The territory of Greater Armenia is highlighted in orange, Byzantine Armenia, or Lesser Armenia, in green, Cilician Armenia in purple, and the Republic of Armenia in yellow Photo by

www.aztagdaily.com/archives/537731

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail