Փաշինեանը, Փանթուրքիզմը եւ Թուրքիոյ հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը. – Կարօ Ռ. Մատէնլեան

Փաշինեանը, Փանթուրքիզմը եւ Թուրքիոյ հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը. – Կարօ Ռ. Մատէնլեան

01 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:

«Հորիզոն»

(թարգմանուած՝ անգլերէնէ)

Այսօրուայ Հայկական իրականութեան մէջ ամէն իրավիճակ, պատկերացում, որոշում կամ գործողութիւն պէտք է դիտարկել «Հայ Թրքական յարաբերութիւններու կարգարւորման» համատեքստի մէջ, որ ներկայ կացութիւն մէջ ահաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ Հայաստանի համար, առաւել․-

1) Թուրքիոյ տնտեսութիւնը կը խեղդէ եւ կուլ կուտայ Հայաստանի տնտեսութիւնը, փլուզումի ենթարկելով անոր, նոյնիսկ փոխարինելով՝ Հայաստանի արտադրական եւ գիւղատնտեսական արդիւնաբերութիւնները թրքականով։

2) ծրագրուած, հովանաւորուած եւ համակարգուած ձեւով թուրքերու եւ ազերիներու տեղափոխումը Հայաստան, գնելով կալուածներ եւ հողեր, մասնակցելով ընտրութիւններու, գրաւելով եւ տիրանալով Հայկական գիւղերու։

3) կը տկարացնէ Հայ Դատի ազատագրական պայքարը, հողային պահանջատիրութիւնը, ցեղասպանութեան արդար հատուցումը խնդրոյ առարկայ դարձնելով հայ ժողովուրդի պապենական Հայրենիքը։

4) Սիւնիքի վրայով թուրքիան Ատրպէյճանի կապող միջանցքը կը կտրէ Հայաստանի առեւտրային ճանապարհը դէպի հարաւ եւ ներքին հիմնական փոխադրական ուղիները փակելով շրջափակումի կ’ենթարկէ ու խեղդամահ կրնայ ընել Հայաստանին, եւ շատ աւելին։

Այս «նորմալացման» նախաձեռնութիւնը որ կը փորձէին իրագործել աւելի քան երեսուն տարիներ, կարելի է կոչել նաեւ «Փաշինեանի ծրագիր», «Փանթուրքիզմ», «Հայ Դատ եւ հող խաղաղութեան դիմաց», «Փրոթոքոլ 2.0» կամ «Հայաստանի թրքացում»: Իսկ 2018-ի թաւշեայ ռեժիմի փոփոխութիւնէն ետք երբ Հայաստանի վարչապետական գրասենեակը տեղաւորեցին յատկապէս զատուած՝ նոյն ինքն լաւագոյն «տրոյական ձին», աւելի մեծ թափով, բացայայտօրէն եւ համարձակ կը գործեն:

Այս լոյսին տակ թափանցիկ եւ յստակ կը դառնայ ներկայ իշխանութեան եւ իր աջակիցներու ծրագիրը, որը կը հաստատէ Փաշինեանի երեք տարուայ գործունէութեան ժամանակացոյցը. իշխանութեան գալ «պոպուլիստական» (ամբոխահաճ, խմբ․) օրակարգով՝ առանց գաղափարախօսութեան, ազգային ծրագրի կամ փորձառութեան. փորձել վերացել ընդդիմութիւնը եւ վարկաբեկել բոլոր անոնց որոնք իրենցմէ առաջ գործի վրայ էին (նախորդները թիւրացուցին այս մէկը). Երկիրը եւ ազգը բաժնել ու ժողովուրդը իրար դէմ լարել. Վերցնել ամէն ձեւի հայրենասիրութիւն, լքել ազգային հպարտութիւն, արժեգներ ուսկզբունքներ, եւ ոտնակոխել Հայկական մշակոյթը. հաշտուիլ պարտութեան հետ եւ ժողովուրդին մէջ ցեղասպանութեան ենթարկուած զոհի մտածողութիւնն ու հոգեբանութիւնը հաստատել, եւ այլն… այս բոլորը որ Փաշինեանը իր վարպետներն ու հովանաւորները հեշտութեամբ կարողանան ճշդել Հայաստանի ապագայի ուղին:

Կարեւոր չէ թէ Փաշինեանը իրապէս որոնց կը ծառայէ, այսօր կրնայ ըլլալ արեւմուտքը վաղը արեւելքը, որովհետեւ միակ կայունը իր աջակցութիւնն է Թուրքիոյ մասնաւորապէս էրտողանի փանթուրքիզմի օրակարգին՝ վերականգնելու Օսմանեան կայսրութեան սահմանները։ Դժբախտաբար, դարձեալ գերպետութիւններու եւ տարածաշրջանի ուժերու տնտեսական եւ քաղաքական շահերը կը համընկնին՝ յատկապէս սահմանները բանալու եւ առեւտուրի նոր ճանապարհներ ստեղծելու դէպի նոր շուկաներ՝ ներառեալ քարիւղի փոխադրութեան նոր խողուակներ: Այս ամէնը ի վնաս Հայաստանի բայց ընդունելի առեւտուր է Փաշինեանի եւ իր խմբակին համար, որոնք պատրաստ են խաղաղութեան պատրանքի համար հայկական շահերը ծախել ամենաբարձր վճարողին.

Հայաստանի նախագահը Այլեւս Արգելք մը Չէ

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականը պէտք է դիտարկել այս համատեքստի մէջ: Ինք ընտրուեցաւ նախ քան Փաշինեանը, յայտնի է որ շատ մը տարակարծութիւններ ունէին, եւ առաջին օրուընէ իսկ Նիկոլն ու իր Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութիւնը ամեն առիթ օգտագործեցին հրապարակային քննադատութիւններով վարկաբեկել անոր չեզոքացնելու համար: Ան չկրցաւ կամ չհակազդեց Փաշինեանին մասնաւորապէս՝ քաղաքական, զատողական հետապնդումներն ու ձերբակալութիւններ, նշանակումներ, կոռուպցիայի զարգացումը, կապիտուլյացիայի դիրքորոշումը ե՛ւ Թուրքիոյ ե՛ւ Ատրպէյճանի ենթարկուիլը: Մինչ այդ Փաշինեանը զօրացուց իր բռնապետութիւնը գործող ռեժիմին վրայ, բացարձակ վերահսկողութեամբ գործադիր իշխանութեան եւ ոստիկանութեան, եւ խորհրդարանի եւ դատարաններու մէջ ճնշող մեծամասնութեամբ… բայց նախագահին վրայ չ’ունէր նման հակակշիռ եւ առանց անոր ստարագրութեան, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ու Ադրբեջանի յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրը եւ իրենց ամբողջ ծրագիրները կրնային վտանգուիլ.

Ներկայիս՝ Փաշինեանը խորհրդարանի ճամբով կրնայ իր ուզած անձը նշանակել որը պիտի ծառայէ իրեն ու իր հայ – թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգին, Թուրքիոյ փանթուրքիզմի ընդլայնողական քաղաքականութեան եւ աջակցիլ Փաշինեանի հերթական դաւաճանութեան.

Ինչո՞ւ չմնաց ու գործընթացքը չտապալեց՝ մերժելով նման փաստաթոըղթեր ստորագրել։ Արդեօ՞ք ինքնակամ հրաժարեցաւ կամ ճնշումներու կամ սպառնալիքներու տակ ստիպեցին որ հրաժարական ներկայացնէ: Փաշինեանի՞ կամ Թուրքիո՞յ կողմէ, կամ ուրի՞շը։ Իսկ ինչո՞ւ հայկական լրատուամիջոցները կեդրոնացան նախագահի քաղաքացիութեան խնդրի վրայ՝ որպէս հրաժարականի հիմնաւորում։ Արդեօ՞ք այս ալ բեմադրիչներու կողմէ ժողովուրդի շփոթեցումի գործընթաց է:

Թէեւ Սարգսեանի հրաժարականը կամաւոր կը թուի ըլլալ, բայց նկատի ունենալով իր եւ Փաշինեանի ու Թուրքիոյ նախկին գործունէութեան համատեքստը, կարելի է նաեւ ենթադրել որ ճնշումի տակ եղած ըլլայ: Ժամանակը ցոյց կուտայ, բայց հիմնականը առայժմ այն է, որ Հայ Թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման պոտենցիալ խոչընդոտներէն մէկը վերացուեցաւ՝ ճանապարհ բանալով Փաշինեանի կարգաւորման/ Էրտողանի Փանթուրքիզմի ծրագրի իրականացման համար:

Հայկական Սփիւռքը եւ Հ․Յ․Դ․-ն Կը Մնան Խոչընդոտներ եւ Ապա՝ Թիրախներ

Սփիւռքը, գլխաւորաբար բաղկացած է ցեղասպանութիւնէն վերապրողներու սերունդներէն, ունի ամուր հայրենասիրական հիմք՝ հաւատալով արդարութեան եւ ազգային պահանջատիրութեան, ներառեալ Թուրքիոյ կողմէ հատուցումներ ապահովել եւ բռնազաւթուած հայկական հողերու վերադարձը: Փաշինեանն ու իր գործակիցները հետաքրքրուած չեն հետամուտ ըլլալ նոյն իսկ այս հարցով՝ համարելով անցեալի դէպք, ներկայի ձանձրոյթ եւ իրենց օրակարգի խոչընդոտ. կը նախընտրեն ամէն գնով առաջ երթալ եւ բարեկամանալ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ եւ նոյնիսկ պատրաստ են ցեղասպանութիւնն ու Հայ Դատը օգտագործել որպէս սակարկութեան առարկաներ:

Ճիշդ այս համատեքստի մէջ է, որ Փաշինեանը կ’ուզէ նաեւ հակակշռել Սփիւռքը, կամ այլապէս տկարացնել անոր, ու դադրեցնել կամ դժուարացնել Հայ Դատի աշխատանքները, յատկապէս Ցեղասպանութեան պատճառով հատուցում եւ հողային պահանջատիրութեան զոյգ նպատակները: Բարեբախտաբար, Նիկոլը, ինչպէս իր նախորդները, չ’կարողացան հասնիլ այս ազգավնաս նպատակին քանի որ Սփիւռքի բազմակողմ եւ հզօր հայկական համայնքները հիմնուած են Հայկական մշակոյթի եւ ժառանգութեան պահպանման վրայ, որը Օսմանեան կայսրութիւնը եւ Թուրքիան փորձած են ջնջել. Առաւել՝ Սփիւռքի գաղութներու մէջ նաեւ հիմնական է արդարութեան ու ազգային պահանջատիրութեան սկզբունքները որոնք ամրապնդուած են հայրենասիրական գաղափարախօսութեամբ եւ հետեւողականօրէն կը մասնակցին Հայ Դատի պայքարին. Սփիւռքի այս հայեցակարգերը ուղղակի կը հակասեն Փաշինեանի և Էրդողանի ծրագիրներուն.

Սփիւռքը փորձուած ու երկար պատմութիւն ունեցող, կազմակերպուած եւ հզօր ազգային ուժ մըն է իր կազմակերպութիւններով, հաստատութիւններով եւ կառոյցներով որոնց մեծամասնութիւնը ստեղծուած եւ մինչեւ այսօր սերտօրէն կապուած էն Հ․Յ․Դ․-ին, որու գաղափարախօսութիւնը ամուր հիմնուած է նոյն ազգային եւ հայրենասիրական սկզբունքներու վրայ: Այսպէս, ընդհանրապէս Սփիւռքը, եւ Դաշնակցութիւնը մասնաւորապէս կը մնան խոչընդոտներ Նիկոլի թուրքամէտ օրակարգի դիմաց եւ կը շարունակէն մնալ թիրախ Հայաստանի գործող ռեժիմի եւ իրենց միջազգային հովանաւորներու ու աջակիցներու համար։

«Իրենք» միասնաբար եւ համադրուած կ’աշխատին տկարացնել սփիւռքը փորձելով վարկաբեկել կամ պարակտել սփիւռքի ամէնակազմակերպուած ուժը՝ Հ․Յ․Դ․-ն: Այս նոր մարտաւորութիւն չէ, շատերը նախապէս, տարիներու ընթացքին փորձած ու ձախողած են, օսմանեան կայսրութենէն թրքական հանրապետութիւն մինչեւ սովետական կարգեր եւ այլ գերպետութիւններ. հիմայ, թաւշեայ րեժիմի փոփոխութիւնէն վերջ, Փաշինեանը իր զանազան հովանաւորողներն ու համախոհները որդեգրած են հետապնդել նոյն նպատակները աւելի յարձակողական մօտեցումներով ներքին ու արտագին գործունէութեամբ բաժնելու եւ պարակտելու:

Նախ թիրախ դարձուցին Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը` շարքերը ղեկավարութիւնէն բաժանել փորձել, միաժամանակ փորձեցին ճեղք բանալ Հայաստանի Հ․Յ․Դ․-ի եւ Սփիւռքի Դաշնակցական մարմիններու եւ անդամներու միջեւ, Հայրենիքի Հ․Յ․Դ․-ն անդամալուծելու համար. Սակայն իրենց իսկական թիրախը կը մնայ Դաշնակցութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը եւ Սփիւռքի Հայկական ազգային կառոյցները, արուեստական բաժանումներ առաջացնելու նպատակով:

Յատկապէս, անոնք որ զօրավիգ կը կանգնին Հ․Յ․Դ․-ին Հայաստանի մէջ, կարեւորելով Սփիւռքի դերակատարութիւնը եւ խարսխուած մնալով յեղափոխական սկզբունքներու վրայ, կ’ամբաստանուին որպէս աւանդապաշտներ, իրենք իրենց համարելով «ժամանակակից», «արդի», «արեւմտեան» մտածողներ «ժողովրդավարական» գործընթացի սխալ ու կեղծ հասկացողութեամբ:

Փորձեցին եւ կը շարունակեն փորձել օգտագործել ներքին փոքր տարակարծութիւններ, մանր անհատական հարցեր, նախասիրութիւններ, եւ տեղական օրակարգեր, կասկածի, պառակտման եւ անջատողականութեան սերմեր ցանելու համար. այս ջանքերու մեծ մասը ապարդիւն անցաւ, սակայն հաւատարիմ մարդկային բնութեան եւ անհատական տկարութիւններու, ոմանք խաբուեցան եւ անգիտակցաբար մեղսակից դարձան Փաշինեանի Հայավնաս ու թուրքամէտ ծրագիրներուն։ Դժբախտաբար հաւանական է որ Նիկոլն ու իր գործընկերները աւելի դափով փորձեն վարակել սփիւռքի կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները որ հասնին իրենց նպատակին:

Մինչ այդ Էրդողանը եւ իր մանկլաւիկ Ալիյեւը ուրախութեամբ կը հետեւին Հայաստանի եւ Սփիւռքի իրադարձութիւններուն, մանաւանդ իրենց դաւադիր աջակիցներու եւ գործակիցներու աշխատանքին, որ կը ծառայէ փանթուրքիզմի ծրագրի իրականացման Հայաստանի վրայով ի վնաս Հայաստանի, Արցախի եւ ամբողջ Հայութեան:

Այս Գիտակցութեամբ եւ Միասնական Ճակատով Շարունակենք Մեր Ազգային Ազատագրական Պայքարը

Նախ՝ պէտք է այսօրուայ իրականութիւնը ճիշտ գնահատել եւ վերլուծել փանթուրքիզմի օրակարգի մէջ, որ նոյնն է ինչ որ Փաշինեանի ծրագիրը սատարուած նաեւ գերպետութիւններու եւ տարածաշրջանի ուժերու կողմէ, իւրաքանչիւրը հետապնդելով իր հաշիւները եւ շահերը։

Անգամ մը որ իրազէկ դառնանք եւ գիտակցինք որ Փաշինեանը «տրոյական ձի» մըն է եւ մղիչ ուժը իրենց ծրագրի իրականացման, մենք կրնանք պատշաճ կերպով ստուգել այլ դերակատարները եւ բացայայտել իրենց ծրագիրները, նախաձեռնութիւններն ու գործելակերպը: Այս հասկացողութեամբ մեր ժողովուրդը կրնայ զգուշանալ եւ խուսափիլ որ զոհ չերթայ կամայ կամ ակամայ աջակցելով իրենց չարամէտ օրակարգին. աւէլին, կրնանք կանխատեսել իրենց առնելիք քայլերը եւ հակազդել անոնց: Վերջապէս, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք որպէս միացեալ հայութիւն, փոխադարձ մասնակցութեամբ եւ ներդրումներով, առանց երբեք փոխադարձ շահագործումի, պէտք է համախմփուինք ազգօգուտ նպատակներու շուրջ, մէկ բռունցքով նախաձեռնենք եւ առաջ մղենք ազգային օրակարգը, հիմնուած Հայութեան շահերուն վրայ, անհրաժեշտ առաջնահերթութիւնները մշակելով որոնց առաջինն է փրկել Հայաստանն ու Հայ ազգը, հայրենադաւ ուժերու ձեռքէն:

Բացէ՛ք ձեր աչքերը, տեսէք եւ հասկցէք թէ ինչ կը կատարուի, գիտակցէք որ մենք միասնաբար աւելի զօրաւոր ենք եւ կրնանք յաղթահարել այս կացութեան, միացէք ազգային գոյատեւման, արդարութեան եւ ազատագրման պայքարին: Սկսինք Հայաստանի սահմաններու ապահովումով, ներառեալ Գեղարքունիքն ու Սիւնիքը, եւ կենդանի պահենք Հայ Դատը իբր մեր հաւաքական ազգային օրակարգի կարեւոր մէկ մասը եւ ոչ թէ բանակցութիւններու սեղանի վրայ սակարկութեան առարկայ: Յետոյ, միասնաբար շարունակենք Արցախի ազատագրական պայքարը մինչեւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի իրականացումը ՝ հիմնուած Սեւրի դաշնագրի վրայ, ինչպէս նշուած է Հ․Յ․Դ․ ծրագրի մէջ, որքան ալ երկար տեւէ այս պայքարը։

ԿԱՐՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ – ՍՊԻՏԱԿ ԱՐՋԸ – ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է – ԻՄ ԵՐԿԻՐԸ

yerakouyn.com/2022/02/10/փաշինեանը-փանթուրքիզմը-եւ-թուրքիոյ-հ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail