Հաայաստան – Սփիւռք Յարաբերութիւնները Որակով Զարգացման Կարիք Ունին

yerakouyn gevorgyan
26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Յակոբ Պալեան կը գրէ.

Որակով զարգացում: Ոչ ձեւական, ոչ մարդորսական:

Որակով զարգացման համար անհրաժեշտ է որակ ժառանգել եւ փոխանցել:

Իսկ ի՞նչ բան է այդ որակը ազգի զոյգ հատուածներուն համար:
Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի յարաբերութիւնները ընդհանուր առմամբ խաղաղ եւ հեզասահ են: Ոչ ոք կը խորհի խոչընդոտ ստեղծելու մասին:

Եթէ այդ յարաբերութիւնները իսկական արժեւորման ուզենք ենթարկել, պիտի տեսնենք, որ Սփիւռք(ներ)ը դասուած է կառքի հինգերորդ անիւը ըլլալու եւ զբօսաշրջիկի դերին մէջ: Ոմանք ալ մեծ քաղաքավարութեամբ կ’ընդունուին եւ կը գոհանան զիրենք լսողներ կը գտնելով, երբ խելք կը բաժնեն եւ ապա հիւրանոցէն կը վերադառնան իրենց բնակութեան վայրերը… հայրենասիրական պարտականութիւն կատարած ըլլալու ինքնագոհութեամբ:

Ճառեր ալ կը խօսուին սփիւռք(ներ)ի ներուժի մասին: Ճիշդ է, ներուժ կայ: Բայց ո՞վ կատարած է այդ ներուժի գնահատումը: Ի բաց առեալ իրենք զիրենք կրկնող միաւորներէ, ո՞ւր կը տեսնենք այդ ներուժը: Այդ ներուժը կ’օգտագործո՞ւի, օգտագործման ծրագիր կա՞յ, «թուքով կպցրած» մանրուքներէ տարբեր որակով, որ ըլլայ իսկական նպաստ, մասնակցութիւն՝ իրաւունքով եւ պարտաւորութիւններով, գերանցելով հաճոյակատարութիւնները, «սալամ ալէք»ները, որոնք որակ կը փճացնեն:

Սփիւռք(ներ)ը միասնական եւ միատեսակ չէ, անոր ծոցին մէջ զարգացած եւ զարգացող մտայնութիւններուն եւ հետաքրքրութիւններուն մէջ, լաւագոյն բարիկամեցողութեամբ անգամ, դժուար է հասարակ յայտարար մը գտնել: Դեռ չենք խօսիր Հայաստանի եւ սփիւռքներու միջեւ հասարակ յայտարարի մասին: Թէեւ, պէտք է ընդունիլ, որ տարբեր ձեւերով եւ բովանդակութեամբ, մէկութեան ըմբռնումներ կան, զորս իւրաքանչիւր անձ իր ուզած ձեւով կը հասկնայ եւ կը մեկնաբանէ: Ճառ կամ կարգախօս:

Սփիւռք(ներ)ը աստիճանաբար կորսնցուց եւ կը շարունակէ կորսնցնել այն հասարակ յայտարարը, որ հայրենահանման հետեւող սփիւռքի առաջին շրջանին յաջողեցաւ հաւաքականութիւնները պահել հարազատութեան եւ մէկութեան աւազանին մէջ: Ան լեզու-մշակոյթն էր, որ հետզհետէ կը կծկուի: Ապացոյցը՝ դպպրոցներու փակումն է, օտարալեզու հրատարակութիւններու բազմացումը եւ համացանցային լատինատառ հայերէնի ներխուժումը: Ղեկավարութիւններու մակարդակին ոչ մէկ մտահոգութիւն կը դրսեւորուի այս նահանջականութեան դէմ եւ կը շարունակուի «էսթէպլիշմընթ»ային ինքնագոհութիւնը, երթեւեկ եւ ժողովներ կը շարունակուին լեզու եւ մշակոյթ պաշտպանելու համար: Իսկ մշակոյթ պաշտպանելու իրարանցումը կը ծանծաղի մեր ունեցածը ուրիշին ծանօթացնելու քարոզչութեան եզերքներու վրայ:

Տասնեակներով դպրոցներ փակուեցան եւ կը շարունակեն փակուիլ մեր աչքին առջեւ առանց ընդվզումի ալիք յառաջացնելու: Ամօթալի է այն երեւոյթը, որ նոյնիսկ հայկական կազմակերպութիւններու եւ մշակութային միութիւններու (չենք խպնիր) ծանուցումները օտարալեզու դարձած են, թերթերը եւ լրատուամիջոցները կը դառնան օտարաբարբառ, հայախօսներու թիւը հեղեղային թափով կը նուազի, հայերէն ընթերցող-գրողը ամէն օր քիչ մը աւելի հազուագիւտ կը դառնայ: Այսպէս պիտի շարունակուի երբ որոշում կայացնողները եւ գործադրողները ազգայինը եւ խորքը ամէն օր քիչ մը աւելի կը դադրին առաջնահերթ համարելէ, անմիջական շահերու զոհելով էականը:

Այսինքն, հաւաքականութիւնները կը դառնան հակամշակոյթ: Ինչու չըսել նաեւ՝ կը դարձնենք հակամշակոյթ: Մեծ մտաւորական կամ մարգարէ ըլլալու կարիք չկայ նախատեսելու համար հետեւանքը: Միամտօրէն հաւատացինք, որ բարեսիրութիւն եւ քաղաքականացում պիտի փոխարինէին ինքնութիւն-պատկանելիութիւնը, եւ ազգը բանտարկեցինք կարգախօսային աղմուկի մէջ, որ պարզ հայերէնով կ’ըսուի՝ «Հայաստանին կ’օգնենք»: Այս բոլորը՝ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ճահճացման, փոխադարձ այցելութիւններու, յայտարարութիւններու եւ լուսանկարներու եթերին մէջ:
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) կարգախօսները նոյն հնչեղութիւնը չունէին եւ չունին:

Յատկանշական է ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հողային պահանջի նոյն եւ տարբեր հարցը: Հայաստան, խորհրդային օրերէն մինչեւ այսօր, հողային պահանջի օրակարգ չունի: Երբեմն պէտք է յիշել վերանկախացած Հայաստանի առաջին նախագահի խօսքը, որ կարելի չէ վերստին գրել պատմութեան էջերը: Հասկնալ, պարզ ժողովրդական (չ)իմաստութեամբ, որ անցուկը մոռցուկ է: Անոր անյայտացած ներքին գործոց նախարարը կը գրէր, որ հայը աւելի կը սիրէ իր պատմական հայրենիքը քան ներկայ հայրենիքը: Իսկ սփիւռքը կարգախօսային աղմուկով նպատակ կը համարէր, եւ կը համարէ, ցեղասպանութեան ճանաչումը, եւ այդքա՛ն: Նոյնիսկ այն պարագային, երբ կը խօսուէր հողային պահանջի մասին, անոր նշանակութեան միս եւ ոսկոր տալու կոչուած բնակեցում-հայրենադարձութիւն էապէս ապագայակերտ միտքը խօսքի սահմանէն անդին չէր անցներ:
Գործնապաշտներ նոր իմաստութեամբ ալ կ’ըսեն, որ «Հայ Դատ»ի քարոզչական հետապնդումը օգտակար է սփիւռքի գոյատեւման, փակագիծի մէջ դնելով լեզու, մշակոյթ եւ հայրենադարձութիւն:

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները երեւելիապաշտական եւ զգացական միգամած մըն են, ուր կը տիրեն անհատներու կամ իշխող ուժերու միջեւ ինքնպատակ մրցակցութիւնները, եւ այս ամէնը՝ ժողովրդավարութեան շղարշի ներքեւ: Իսկ զանգուածը ոչ միջոց եւ ոչ ժամանակ ունի ժողովրդավարութեան շուրջպարին մասնակցելու, եւ կը հետեւի պարկոթի դերը ստանձնած արհեստավարժ իշխողներուն, յաճախ ընտանեկան շարունակութեամբ, եւ անոնց շուքին ծուարած միջակութիւններուն:

Ժամանակին, Ֆրանսայի նախագահական թեկնածու մը ըսաւ, որ ամէն առաւօտ երբ կ’ածիլուի, կը մտածէ նախագահ դառնալու մասին, եւ նախագահ դարձաւ, իսկ ամէն օր այդ մասին մտածելու առիթ եւ միջոց չունին ուրիշներ: Աղէտ-արտագաղթը եւ հայրենադարձութեան ձախողանքը կարելի՞ է այլապէս բացատրել՝ տեւաբար տնտեսական ազդակի ետին թաքնուելով:

Հայաստան-սփիւռք(ներ) յարաբերութիւնները, յիշուած բոլոր պատճառներով, որակի կարիք ունին, որակ՝ մարդկային եւ ազգային արժանիքներու, իմաստութեան, անձնական յանձնառութեան օրինակի: Ժողովրդավարութիւնը լաւ բան է, եթէ քաղաքացիները ըլլան ազատ եւ լուսաբանուած, ապա թէ ոչ կ’ըլլան զոհերը անհատական կամ իշխող արհեստավարժներու կողմնապաշտական քարոզչութեան, արհեստավարժներ՝ որոնք իրարմով կը յաւերժանան: Ժողովուրդը ինք ոչ միջոց եւ ոչ ժամանակ ունի ժողովրդավարութիւն եւ ներկայացուցչութիւն խաղալու: Այս զոյգը հանրային բարիք ըլլալու համար պէտք ունի սկզբունքներու, հաշուետուութեան, դիրքերու վրայ չյաւերժանալու բարոյականութեան եւ աչալուրջ հակա-աւատապետութեան:

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն կը պակսի արժէքի, խորքի, յանձնառութեան եւ ազգային իրաւ հեռանկարի համատեղ սահմանումը եւ ըստ այնմ կազմակերպուած աշխատանքը: Այս աշխատանքը ոչ բարեսիրական արշաւ է ոչ ալ զբօսանք, որոնք կը զբաղեցնեն զգացական հայրենասէրները եւ կ’ամրապնդեն իշխանաւորներու աթոռ-աթոռակները, յաճախ ընտանեկան-բարեկամական:
Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները ըստ ազգային հեռանկարի վերաորակաւորման կարիք ունին: Իսկ այդ վերաորակաւորումը հինցած կերպասով նոր հագուստ կարելու չի կրնար նմանիլ:

Հետեւաբար պէտք չէ զարմանալ, որ արտագաղթ կայ եւ հայրենադարձութիւն չկայ:

Հրավառութիւններով չզուարճացող համաժողով մը չե՞ն արժեր այս հարցերը, պայմանաւ որ ան նախկիններու աղմկայարոյց կրկնութիւնը չըլլայ:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail