Անխարդախ Հայերէնի Իւրացում, Գործածութիւն, Անոր Ազգապահպան եւ Հայրենապահպան Դերը – Յակոբ Պալեան

Անխարդախ Հայերէնի Իւրացում, Գործածութիւն, Անոր Ազգապահպան եւ Հայրենապահպան Դերը – Յակոբ Պալեան

10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Hagop Balian – ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Երբ լեզու մը կը մեռնի կորսնցնելով իր գոյները եւ երանգները, ժողովուրդը կը մեռնի:

Մայլա Դալվիօ, ֆինլանտացի գրող (1871-1951)

            Հայերէնի եւ անոր բառագանձի, ըստ տարիքի եւ շրջանակի, գործածութեան ուսումնասիրութիւն չունինք, կամ ես տեղեակ չեմ: Ֆրանսական ուսումնասիրութիւնները, ի հարկէ ֆրանսերէնի մասին, կ’ըսեն.

. Առօրեայ գործնական կեանքի մէջ բառերու թիւը  կը տարուբերի 300-ի եւ 3000-ի միջեւ, ըստ միջավայրի:

. Երկրորդական վարժարանի աշակերտի մը գործածած բառերու թիւը  800-էն 1.600 է, միջին չափահասի մը՝ 3.000:

. Ընդհանուր զարգացման բառերը, որոնց իմաստը գիտենք, բայց չենք գործածեր առօրեայի մէջ, կը տարուբերին 2.500-էն 6.000-ի միջեւ երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն համար եւ զարգացածներու պարագային՝  20. 000-էն  30.000՝:

            Յովհաննէս Թումանեանին բանաստեղծի համար ըսին, որ իր բառամթերքը 5.000ի շուրջ է:

            Հետաքրքրական պիտի ըլլար նման ուսումնասիրութիւն իրականացնել Հայաստանի եւ սփիւռքի դպրոցներու պարագային, նաեւ՝ ժողովուրդի: Օրինակ, ի՞նչ է բառամթերքի պատկերը Երեւանի, Գիւմրիի, Հրազդանի, Վանաձորի, Հալէպի, Պէյրութի, Ֆրանսայի, Լոս Անճելըսի եւ Սիտնիի աշակերտներուն, ի՞նչ է պատկերը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մամուլի պարագային, կամ Ազգային Ժողովին մէջ խօսուած-գործածուած հայերէն բառերու, կամ նախարարներու եւ պաշտօնատարներու, նաեւ՝ աշխատաւորներու:

            Իսկ այսպէս կոչուած ընդհանուր բնութագրումով ընտրանիի պարագային,- էլիդայի,- գրական, քաղաքական, գիտական, արուեստի,- ի՞նչ է թիւը խօսուած եւ գրուած օտար տառադարձուած եւ որպէս հայերէն տուն-տեղ եղած բառերու:

            Կը յիշեմ Վահագն Դաւթեանի զարմացական խօսքը: Ան ըսաւ, որ ինչպէ՞ս խօսեցար առանց օտար բառ մը գործածելու: Հաւանաբար կը մտածէր, որ ըլլալով սփիւռքահայ, խօսած հայերէնս խճողուած պիտի ըլլար օտար բառերով:

            Մեծ գիտնական ըլլալու կարիք չկայ գիտնալու, որ մեծամասնութեան գործածած հայերէնին մէջ առաւել կամ նուազ կարեւորութեամբ կը խուժեն օտար բառեր, տգիտութեամբ, բանգիտութեամբ եւ նմանելու ցանկութեամբ, այդպէս են նաեւ հայերէն գիտցողներ, ուսուցանողներ: Դեռ հայախօս Լիբանանի մէջ, ուսուցչուհի մը կը խօսէր վիու ունեցող բնակարանի մասին, կարծէք տեսարանը աղքատ բառ ըլլար: Յիշե՛լ հայ մարդոց պատշաճելու մասին Շաւարշ Միսաքեանի նկարագրած ֆրանսերէն խօսելու ճիգ ընողները, որոնք կ’ըսէին ալիմանթասիոնի քարտ, եւ ինք դիպուկ կերպով խեղճացած հայերէնը կոչած էր հաց-պանիրի հայերէն:

            Չեմ խօսիր օտարաբանութիւններու մասին, ֆրանսաբանութիւն, արաբաբանութիւն, անգլիաբանութիւն, թրքաբանութիւն եւ այլ լեզուներէ իւրացուած շարահիւսական ձեւեր, որոնք մուտք գործած են խօսուող լեզուին մէջ,  նաեւ՝ գրական:

            Հայաստան աղէտին անդրադարձող կայ, ինչպէս լեզուի պետական տեսչութիւնը, որուն նախագահը յորդորակներով օտար բառերու հայերէնները կը յանձնէ հանրային ուշադրութեան, մանաւանդ հաղորդակցական միջոցներու: Մեծ յառաջդիմութիւն կ’արձանագրէ հայերէնը, եթէ լրագրողներ, հաղորդավարներ եւ քաղաքական գործիչներ հետեւին այդ յորդորակներուն: Սփիւռքն ալ կրնայ օգտուիլ, եթէ անոնք, մեսրոպեան ուղղագրութեամբ տեղադրուին համացանցի վրայ կամ թերթերու մէջ:

            Կարծէք գործնապաշտութեան եւ գիտոսիկութեան հեղեղը այնքան զօրաւոր եղած է անցեալին, որ ռուսերէն բառերը տառադարձութեամբ տուն-տեղ եղած էին եւ կը շարունակեն մնալ արեւելահայերէնի մէջ, հիմա հերթը հասած է համաշխարհային համարուող ամերիկերէնի, որուն բառերը, նոյնիսկ առանց տառադարձութեան, կ’ողողեն խօսուած եւ գրական լեզուն:

            Այս նահանջականութեան ուղիղ գիծին վրայ կը խօսուի Հայաստանի պաշտօնական-պետական լեզուին մասին: Սահմանադրութիւնը կ’ըսէ, որ այդ լեզուն հայերէնն է, երբեմն ալ կ’ըսուի, որ արեւելահայերէնի կողքին՝ նաեւ արեւմտահայերէնը, արտայայտութիւն՝ որ քարոզչականէ եւ զգացականէ անդին չ’անցնիր: Բայց պէտք է հաւատալ ըսուածին:

Արցախի Հանրապետութիւնը ընդունած է ռուսերէնը որպէս երկրորդ պաշտօնական լեզու՝ հայերէնի հետ: Քաքականութեան եւ ուժերու յարաբերութիւնը կը յիշեցնէ առակը, երբ նոյն սակառին մէջ կողք-կողքի կը ճամբորդեն երկաթ կուժը եւ կաւէ կուժը, որոնք ցնցումներու հետեւնաքով երբ իրարու բախին, ի՞նչ կ’ըլլայ անխուսափելի հետեւանքը. կաւէ կուժը կը ջարդուի:

            Քայլ մըն ալ առաջ երթանք եւ յիշեցնենք, որ Զուիցերիան չորս պաշտօնական լեզու ունի, Շուէտը եւ Հոլանտան՝ ունին պաշտօնական երկու լեզու: Բաղդատելին պէտք է բաղդատել: Զուիցերիան քանի մը ժողովուրդներու համադաշնակցութիւն է: Պէտք է տեսնել, թէ Շուէտի կամ Հոլանտայի ժառանգութիւն եւ ստեղծագործական լեզուն ի՞նչ է: Առեւտրական եւ այլ բնոյթի համագործակցութիւններու համար որդեգրուած երկրորդ կամ երրորդ լեզուները ինքնութեան եւ շարունակութեան լեզուներ չեն: Անոնք կ’որդեգրուին գործնապաշտական նկատումներով:

            Քանի մը տարի ետք, նկատի ունենալով մեր դրկից Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան, բարիդրացիական յարաբերութիւներու զարգացումը, նաեւ թրքերէ՞նը պաշտօնական լեզու դարձնելու իմաստակութեան առաջարկ կը ներկայացնե՞ն «գործնապաշտ»ներ:

            Ազգային վերականգնումի ճանապարհը ոչ միայն բանակով եւ տնտեսութեամբ պիտի գայ, այլ նաեւ՝ լեզուով, հայերէնով, զոր պէտք է մաքրել, իւրացնել իր հարազատութեամբ: Մենք մեր եւ օտարի աչքին յարգելի կ’ըլլանք, երբ տիրապետելով հանդերձ տարբեր լեզուներու, կը խօսինք եւ կը գրենք անխաթար հայերէն: Այսօր, երբ հազարաւոր օտար բառեր որպէս կեղծ մաշկ կպած են մեր լեզուին, այդ կը վկայէ այն մասին, որ մեր ինքնութիւնը տեղի կու տայ, անձնատուր կ’ըլլանք հոգեբարոյական գաղութացման, ճամբայ կը հարթենք ծագումով հայ ըլլալու ընթացքի: Պարզ չէ՞ միթէ, որ ոչինչ նշանակող այդ ծագումով հայն ալ պիտի դառնայ պատմական մանրուք:

Այսօր ազգային-քաղաքական հրամայական է խօսուած եւ գրուած լեզուի վերահայացումը, կարգախօսներէ եւ բեմական ճապկումներէ անդին, կը պահանջէ գիտակից ազգային-քաղաքական յանձնառութիւն: Այս առաջադրանքի իրականացումը անմիջական պահանջ է, գերիվեր՝ տեսակաւոր մրցակցութիւններէ, նախամեծար՝ ենթաքաղաքական եւ ենթագաղափարաբանական ճառերէ:

            Թիւր ըմբռնումներ պէտք չէ ունենալ: Աշխարհի վրայ բացուելու, միջազգային ամէն կարգի իրականացումներէն եւ յաջողութիւններէ օգտուելու համար, պէտք է տիրապետել լեզուներու, դրացի Ռուսիոյ, դրացի Վրաստանի, նոյնիսկ՝ Թուրքիոյ, ամերիկերէնի, ֆրանսերէնի, չինարէնի, գերմաներէնի, արաբերէնի, սպաներէնի: Բայց պէտք է հասկնալ եւ գիտնալ, որ մենք ենք նախ մեր լեզուով, անոր ճամբով մեր ստացած ժառանգութեամբ:

            Հազարաւոր օտար բառերու հայերէնները կան եւ անոնք մաս պէտք է կազմեն մեր ընկերային, քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական կեանքին: Եթէ գիտական-ճարտարագիտական նոր գիւտեր կան, եւ կան, փոխանակ մտաւորական ծուլութեամբ օտար բառը որդեգրելու, հայերէն արմատներու վրայ պէտք է ստեղծել համապատասխան հայերէնը եւ գործածել հեռատեսիլէն, դպրոցներու, քաղաքական կեանքի, հիւանդանոցներու եւ հաղորդակցական միջոցներու լեզուին մէջ:

            Այս ընել ճշմարիտ ազգային, քաղաքական եւ հարազատութեան հեռանկարային վերաբերում է: Այլամերժութիւն կամ յետադիմութիւն չէ:

            Պատմութեան մէջ պարտութիւնը կու գայ նաեւ լեզուի նահանջով: Այս քաղաքական ողջախոհական իմաստութեամբ առաջնորդել եւ առաջնորդուիլ պատահականութիւններէ վեր դասուող իրաւ յանձնառութիւն է, որպէսզի հայը, օր մը չըլլայ ծագումով հայ, եւ հուսկ մեր մասին չխօսուի որպէս եղած, անցեալ:

            Ղեկավարութիւնները այս հարցին իրենց բերած նպաստով պէտք է գնահատե՛լ եւ դատե՛լ: Դատե՛լ, ի հարկին դատապարտե՛լ, այսօ՛ր: Վաղը միշտ ուշ է:

            Ֆինլանտացի գրողին իմաստուն խօսքով զարդարել ամէն կարգի մեր էսթէպլիշմընթներուն, էլիդայի գրասենեակները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

«Երբ լեզու մը կը մեռնի կորսնցնելով իր գոյները եւ երանգները, ժողովուրդը կը մեռնի»:

            Վերականգնել մենք մենք ենքի հպարտութիւնը, որպէսզի տոկանք եւ տեւենք:

            Այս էջերը գրած եւ աւարտած էի, երբ հայաստանեան մամուլին մէջ կարդացի խիստ դիպուկ եւ այժմէական յօդուած մը, ստորագրուած՝ Զօհրապ Եգանեան: Որպէս եզրակացութիւն այս էջերուն կ’արտագրեմ պարբերութիւն մը, որ զգաստութեան պէտք է հրաւիրէ ազգային նուազագոյն գիտակցութիւն ունեցող հայը, Հայաստան եւ Սփիւռք: Զօհրապ Եգանեան ամենայն յստակութեամբ կ’ըսէ.

«Թուայնացուող այս դարաշրջանում մենք իրաւունք չունենք անլուրջ վերաբերուել այս հարցին եւ թողնել այն ինքնահոսի, այլապէս կը գայ այդ օրը, երբ հայը չի իմանայ իր գիրը:

Չկայ այլ հայերէն գիր մեսրոպատառից բացի (ընդգծ.Յ.Պ.): Գոնէ վերջին արհաւիրքները մեզ պէտք է դարձնեն աւելի ուշադիր մեր ունեցածի հանդէպ, խեղողը, այլացևողը թուրքը կամ ատրպէյճանցին չէ, այլ մենք ենք (ընդգծ.Յ.Պ.): Շատ փոքր ջանք է պահանջւում` ընդամէնը գրել մեսրոպատառ հայերէնով, մեր այբուբենը աշխարհի մի քանի տասնեակ այբուբեններից է, պատկերացրէ՛ք, ինչ ջանասիրութեամբ այն կը պահէին սեփականը չունեցողները: Յիշէք` ամէն արժէք կորսւում է ոչ միանգամից, այլ կամաց-կամաց»:

Ի հարկէ պէտք է հասկնալ, որ խօսքը ուղղուած է համացանցի լատինատառ հայերէն գրող անպատասխանատուներուն:

yerakouyn.com/2022/02/10/անխարդախ-հայերէնի-իւրացում-գործածու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail