Ես Կը Հասկնամ, Թէ Հայերը Ինչու Զգուշութեամբ Կը Վերաբերին Թուրքերուն, Չէ՞ Որ Ցաւէն Բացի Ուրիշ Ոչինչ Տեսած Են․ Թուրք Հրապարակախօսի Յուշերը
10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ կան հայկական համայնքներ, ուր հայերը կ՝ապրին ու կը գոյատեւեն։ Բայց պոլսեցի գրող–հրապարակախօս Զէյնել Ապիտին Քըզըլեափրաքի խօսքով, հաւանաբար ամենածանրը հայերուն վիճակը Թուրքիոյ մէջ է։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ակունք»-ը։
Հրապարակախօսը կը պատմէ, որ ծնած է Ատըեաման (քաղաք Թուրքիոյ մէջ)։ Այնտեղ կ՝ապրին շատ հայեր։ Իր խօսքով՝ թուրք հասարակութեան եւ իշխանութեան հանդէպ ունեցած վախին պատճառով՝ անոնք կ՝աշխատին չարտայայտել իրենց կարծիքը։
«Ես կը հասկնամ, թէ ինչու հայերը զգուշութեամբ կը վերաբերին թուրքերուն, չէ՞ որ ցաւէն բացի հայերը ուրիշ ոչինչ տեսած են անոնցմէ»,- կ՝ընդգծէ գրողը։
«Մեր տան մօտ այգի կար, ուր կ՝աճէր ընկոյզի մեծ ծառ, տեղացիները կ՝ըսէին` «արիւնոտ» ընկուզենի։ Փոքր ժամանակ մեծ հօրս հարցուցի` ինչո՞ւ «արիւնոտ» կը կոչուի։ Մեծ հայրես նայեցաւ ինծի եւ արցունքոտ աչքերով ըսաւ` այդպես կը կոչուի, որովհետեւ ծառը ու այն ամէնը, ինչ կը տեսնես շուրջդ, հայերուն եղած է։ Տարիներ ետք, ես գիտցայ, որ ոչ միայն ընկոյզի ծառը շաղախուած է հայերու արիւնով, այլեւ` ամէն ինչ…»։
«Անոնք, որոնք կը գիտակցին հայ ժողովուրդին ցաւը, կ՝ամչնան։ Նոյնիսկ եթէ անոնք առնչութիւն չունին այդ սարսափելի իրադարձութիւններուն հետ, միեւնոյնն է` իրենց մեղաւոր կը համարեն, քանի որ անոնց հայրերն ու մեծ հայրերը լռած են այդ մասին, իսկ այսօր իրենք կը լռեն։ Իւրաքանչիւր թուրք քիչ թէ շատ մեղքի իր բաժինը ունի»։
yerakouyn.com/2022/02/10/ես-կը-հասկնամ-թէ-հայերը-ինչու-զգուշութ/