Հայաստան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Փաստահաւաք Առաքելութեան Իրականացումը Կը Նկատէ Հրատապ
11 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստան 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Օտրի Ազուլէի կողմէ ներկայացուած առաջարկը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ փաստահաւաք առաքելութեան իրականացումը, կը նկատէ առաջնահերթ եւ հրատապ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Երեւան կը սատարէ այս առաքելութեան կարելի եղածին չափ արագ կեանքի կոչման` «Զինուած տագնապի պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954-ի Լա Հէյի ուխտին եւ անոր կից երկու արձանագրութիւններուն համահունչ:
aztagdaily.com/archives/537852