Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Ներկայացուցիչներու Ասուլիսը

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Ներկայացուցիչներու Ասուլիսը

11 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը, երէկ` 10 փետրուարին ամփոփած է խորհրդարանական քառօրեայի աշխատանքները: Խմբակցութեան ներկայացուցիչները հանդէս եկած են մամլոյ ասուլիս-զրոյցով:

«Սուտը, ձեռնածութիւնը, ուրացումը Քաղաքացիական պայմանագիրի ձեռագիր է: Երեք տարի անոնք Հայաստանը կը կառավարեն սուտով, ձեռնածութիւններով, անցեալի ուրացումով», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ նախանցեալ օր Ազգային ժողովի նիստի ընթացքին «Հանրակրթութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծի քննարկման թիրախաւորուած է Քաղաքացիական պայմանագիրի պատգամաւոր Սիսակ Գաբրիէլեանի կողմէ:

Ըստ անոր, թերեւս պատճառը իր մասնագիտական գործունէութիւնն է, որովհետեւ իրենք կը խօսին բովանդակալից, իսկ Քաղաքացիական պայմանագիրը բովանդակութեան բովանդակութեամբ հակադարձելու ունակութիւն չունի, ստիպուած կը դիմէ սուտին եւ ձեռնածութեան:

Ինչ կը վերաբերի «Հանրակրթութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծին, Լ. Գալստեան ըսաւ, որ շատոնց թիրախաւորուած էր դպրոցը, հանրակրթութիւնը քանդելու բացարձակապէս նոր օրինագիծ բերուած է կառավարութեան կողմէ, որ նախանցեալ օր ընդունուեցաւ:

Լիլիթ Գալստեան ընդգծեց, որ այսօր նպատակաուղղուած արշաւանք կայ ազգային դպրոցին նկատմամբ:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Յակոբեան յայտարարեց, որ մեր երկիրը հաստատուն քայլերով կ՛երթայ դէպի բռնապետութիւն, իսկ դատաւոր Պորիս Բախշիեանի կալանաւորումը վերջին մեխն էր Հայաստանի դատական համակարգի եւ արդարադատութեան դագաղի վրայ:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Չարչեան ըսաւ, որ Պորիս Բախշիեանի կալանաւորման դէպքը շատ լուրջ, վատ նախադէպ էր եւ շատ վատ արարք:

www.aztagdaily.com/archives/537837

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail