Պլինքըն Եւ Լը Տրիան Քննարկած Են Մինսքի Խմբակի Աշխատանքը` Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին Արցախի Առնչուած Բոլոր Խնդիրները Լուծելու Օգնելու Համար

Culture-Monastère de Gandzak

Պլինքըն Եւ Լը Տրիան Քննարկած Են Մինսքի Խմբակի Աշխատանքը` Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին Արցախի Առնչուած Բոլոր Խնդիրները Լուծելու Օգնելու Համար

11 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետ Ժան Իվ Լը Տրիան երէկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ քննարկած է Մոսկուա, Քիեւ եւ Պերլին կատարած իր այցելութիւններու արդիւնքները: Այս մասին կը հաղորդէ «Սուիսէնֆօ» կայքը:

«Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի հետ քննարկած եմ Մաքրոնի հետ Մոսկուա, Քիեւ եւ Պերլին մեր այցելութիւններուն արդիւնքները: Մենք միասնական ենք եւ կը համակարգենք գործողութիւնները լարուածութեան մեղմացման, երկխօսութեան եւ կայունութեան խթանման համար», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Լը Տրիան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդած է, որ Պլինքըն Լը Տրիանի հետ քննարկած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքը` «նպատակ ունենալով Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին օգնել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուած կամ ատոր հետեւանք եղող բոլոր խնդիրները լուծելու»:

Մշակոյթ – Կարնոյ, Դարօնք կամ Դարունից բերդ ամրոց, հին եւ հռչակաւոր ամրոց, Արարատեան Կոգվիտ գաւառ, որ ԺԵ. դարէ սկսեալ ծանօթ է Պայազէտ անուամբ

aztagdaily.com/archives/537835

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail