Քալիֆորնիոյ եւ Սիւնիքի Միջեւ «Քոյր-նահանգային» Յարաբերութիւններ Հաստատուած են

ԿԱՐՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ – ՍՊԻՏԱԿ ԱՐՋԸ – ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է – ԻՄ ԵՐԿԻՐԸ

Քալիֆորնիոյ եւ Սիւնիքի Միջեւ «Քոյր-նահանգային» Յարաբերութիւններ Հաստատուած են

11 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայ Դատի ԱՄՆ Արեւմտեան ափի յանձնախումբի ջանքերուն իբրեւ արդիւնք՝ Փետրուար 10-ին Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը ընդունած է բանաձեւ, որոով Քալիֆորնիոյ եւ ՀՀ Սիւնիքի մարզի միջեւ կը հաստատուին նահանգային-մարզային համագործակցութեան յարաբերութիւններ։ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմնի 62 անդամ հանդէս եկած է իբրեւ յիշեալ բանաձեւի համահեղինակ։

Ընդունուած բանաձեւով Քալիֆորնիան համերաշխութիւն կը յայտնէ ՀՀ Սիւնիքի մարզին, ատով նաեւ կ՝ենթադրուի իրականացնել երկկողմանի փոխշահաւէտ կրթական, տնտեսական եւ մշակութային փոխանակումներ։

Սիւնիքի շուրջ ներկայիս ստեղծուած տարածաշրջանային լարուած իրավիճակի պարագային Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի այս որոշումը կարեւոր ազդակ է ինչպէս Սիւնիքի ժողովուրդին, այնպէս ալ միջազգային հանրութեան եւ ուղղակիօրէն կապուած է Սիւնիքի նկատմամբ ազրպէյճանաթրքական յարձակման սպառնալիքներով։ Այս որոշումը մէկ անգամ եւս ցոյց կու տայ այն վտանգներն ու սպառնալիքները, որոնց առջեւ կանգնած է Սիւնիքի ժողովուրդը։ Քալիֆորնիոյ նման՝ տնտեսապէս զարգացած նահանգի եւ Սիւնիքի միջեւ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու հաստատումը եւ յետագայ նպատակադրուած աշխատանքը կրնայ էական ազդեցութիւն ունենալ նաեւ Սիւնիքի ընկերային-տնտեսական յառաջընթացին ու տարածքային համաչափ զարգացման վրայ՝ պարարտ հող ստեղծելով նաեւ ապակեդրոն համագործակցութեան համար Սիւնիքի եւ Քալիֆորնիոյ տարբեր քաղաքներու միջեւ։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
11.02․2022 թ.

եerakouyn.com/2022/02/11/քալիֆորնիոյ-եւ-սիւնիքի-միջեւ-քոյր-նա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail